21 եւ 22 Հոկտեմբերին Երեւանի Կոմիտասի անուան Երաժշտանոցի հիմնադրման հարիւրամեակի առթիւ շքեղ երաժշտագիտական գիտաժողով մը տեղի ունեցաւ, մասակցութեամբ հայրենի եւ միջազգային մասնագիտաց: Բարեբաստիկ զուգադիպութեամբ մը՝ նոյն ատեն Պրոֆ. Ալինա Փահլիւենեանի ծննդեան տարելիցը եւս պարտ ու պատշաճօրէն տօնուեցաւ: Գիտաժողովիս երկու սփիւռքահայ հրաւիրեալներ եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ յանձինս Լիբանանահայ ականաւոր խմբավար ու երաժիշտ Զաքար Քէշիշեանի եւ Չեխաբնակ նուագավար եւ երաժշտագէտ՝ Հայկ Սրկ. Իւթիւճեանի: Գիտաժողովս կազմակերպուած էր Կոմիտասեան Երաժշտանոցի Փրոֆ. Ծովինար Մովսիսեանի, «Երաժշտական Հայաստան» հանդէսի խմբագրապետուհի՝ Տիկ. Գոհար Շագոյեանի եւ իրենց օժանդակ խմբակի կողմանէ:
Հայկ Իւթիւճեանի ելոյթը՝ «Պետրոս Պիանքինի եւ Մխիթարեան Ս. Հարք. մի քանի նկատողութիւններ» խորագրով՝ Pietro Bianchini (1828-1905) Վենետեկեան երաժիշտի եւ Ս. Ղազարու Մխիթարեան Միաբանութեան միջեւ յարաբերութեանց նուիրուած էր, օգտագործելով որոշ նորագիւտ ձեռագիրներ եւ թղթակցութենէ հատուածներ: Իւթիւճեան ցոյց տուաւ թէ ինչպէս Պիանքինի իր կեանքի ընթացքին շարունակեց տոգորուած ըլլալ Հայկական եկեղեցական երաժշտութեամբ, եւ, զոր օրինակ՝ իր «Ընտրեալըդ Աստուծոյ» տաղի արձանագրութիւնը եւ զանազան մշակումները ներկայացնելով՝ առաջարկեց որ Պիանքինիի 1863-ի համանուագի գլխաւոր եղանակը կրնայ տաղիս բներգներէն մէկու ազդեցութիւնը ցուցաբերել: Այս նպատակաւ՝ Իւթիւճեան նուագեց վերջին գործի թողարկումէն հատուած մը (Կարոլեան Համալսարանի Նուագախումբի կատարմամբ իր ղեկավարութեամբ), եւ երգեց տաղիս առաջին մի քանի տողերը: Ելոյթի ծանրագոյն մասը սակայն Պիանքինիի նամականիի հետ կ'առնչուէր, զոր վերջերս Իւթիւճեան եւ Սիկիլիացի ականաւոր երաժշտագէտ՝ դոկտոր Giuseppe Sanfratello միասնաբար Անգլերէնի թարգմանեցին: Այս նամակները ցոյց կու տան թէ Պիանքինիի նպատակները, տեսլականը, եւ դրդիչ գաղափարախօսութիւնը ինչպիսի՛ էին: Պիանքինի անդադար կը կրկնէ, թէ Հայոց եղանակները պէտք է «կանոնաւորել» (Իտալերէն “regolare” բայի կիրարկմամբ). հոս «կանոնաւորել»ը մի քանի տարբեր իմաստային երանգներ կրնայ կրել: Նաեւ նամականիէն կը տեսնենք թէ որոշ միաբաններ հակառակ էին Պիանքինիի կատարած աշխատանքին, եւ Պիանքինի կը ջանար զանոնք համոզել՝ զանազան գաղափարներ ներկայացնելով: Անոնց գլխաւորը Աստուածաբանական էր, եւ յոյժ հետաքրքրական է, զի մէկ կողմանէ մինչեւ Շնորհալւոյ ժամանակները կը վերադառնայ դէպի անցեալ, իսկ միւս կողմանէ հետագային պիտի կրկնուէր Եկմալեան Պատարագի եւ Կոմիտասեան Պատարագի առնչութիւններով: Իւթիւճեան իր զեկոյցը աւարտեց՝ յիշեցնելով, թէ Պիանքինի համոզուած էր, թէ երբ պէտք եղած կերպիւ մշակուին ու կատարուին Հայկական եկեղեցական եղանակները՝ նոյնիսկ Գրիգորեան (Լատինական) աւանդութեան եղանակներուն կը գերազանցեն, եւ կը դառնան «վսեմագոյն, երկնային՝ նոյնաժամանակ ախորժելի մեր սրտերուն եւ ականջներուն համար»: Մանրամասնութիւնները ի լոյս պիտի ընծայուին Իւթիւճեանի յօդուածին մէջ՝ որ «Երաժշտական Հայաստան»ի յատուկ թիւի մը մէջ պիտի պարփակուի, գիտաժողովիս այլ զեկոյցներուն կողքին:
Իւթիւճեանի ելոյթը ջերմ գնահատանաց արժանացաւ մասնակիցներու կողմանէ, ներառեալ յոբելեար Պրոֆ. Փահլիւենեան, Պրոֆ. Մհեր Նաւոյեան, եւ ԵՊԿ Գիտական Գծով Պրորեկտոր Պրոֆ. Ծովինար Մովսիսեանի կողմէ: Վերջինս յատուկ շնորհաւորական նամակ մը (թուակիր՝ 25.10.2021) յղեց Իւթիւճեանի՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իր «շատ ուսանելի եւ արժէքաւոր» ելոյթին համար:
Ըստ Հայկ Իւթիւճեանի՝ յատկապէս մեծ պատիւ էր Զաքար Քէշիշեանի կողքին դասախօսել: Քէշիշեանի ելոյթի ոչ նուազ տպաւորիչ էր (սփիւռքահայ երաժշտահաններու եւ երգչախմբային գործիչներու նուիրուած, որոնց թուին նաեւ պատուոյ տեղ ընծայուեցաւ Հոգելոյս Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի). սակայն Մաէսթրօ Քէշիշեանի անձնաւորութիւնը մեծ յարգանքի ու համակրանաց արժանացած է առաւել եւս՝ իր տասնամեակներու ընթացքին նուիրեալ հայրենակերտ երաժշտական առաքելութեան համար: Ինչպէս շատերու ծանօթ է՝ մեծարգոյ Մաէսթրօ Քէշիշեան ճիգ չէ խնայած Արցախի երիտասարդ սերնդեան մէջ երգչախմբային երաժշտութեան հանդէպ սէր ներշնչելու, եւ մեծ վարպետութեամբ եւ համբերութեամբ զայն դէպի բարձրագոյն մակարդակ մղելու եւ մշակելու: Իր առաքելութիւնը վերջին պատերազմի յաջորդող ամիսներուն առանցքայի՛ն կարեւորութիւն ունի՝ աւելի քան երբեւիցէ. իրեն կը մաղթենք անսպառ եռանդ ու կորով իր սրբազան գործին մէջ:
orer.eu