Այսօր՝ Երեքշաբթի, 25 Մայիս, 2021-ի առաւօտեան ժամը 11։30-ին, սրտի խոր ցաւով տեղեկացանք՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքին վախճանման լուրը, Պէյրութ, Լիբանանի մէջ։ Թող որ ամենաբարին Աստուած՝ ողորմէ իր հոգին եւ դասէ զինք երկինքի արքայութեան մէջ։
Խունկ եւ աղօթք իր հոգւոյն։