Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան ծնած է Պէյրութ Մուսալեռցի ընտանիքի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին մէջ։ 13 տարեկանին մեկնած է Վենետիկի Մխիթարեան մայրավանք:
Հայագիտութեան կողքին ստացած է նաեւ իտալական Պաքալորէաթ՛ յետոյ ղրկուած է Հռոմ համալսարանական ուսումը շարունակելու : Հոն մնացած է եօթը տարի, երեք տարիէն ստացած է Փիլիսոփայութեան Տոքթորան, ապա Աստուածաբանութեան, տարի մըն ալ հետեւած է «Musica Sara» երաժշտական դասընթացքներուն, որ Վատիկանի կողմէ հաստատուած հոգեւոր երաժշտութեան դասընթացքներն են:
Տոքթորայի համար աւարտաճառ ներկայացնելու այն միտումով , որ ապագային պիտի նուիրուի դաստիարակչական ասպարէզին. կընտրէ «Դաստիարակչական Հոգեբանութիւն» - «Յանցանքի զգացումը երեխաներու մօտ» նիւթը:
Հռոմի Գրիգորեան Համալսարանէն կը ստանայ Փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան դոկտոր աստիճան: 1962-ին կարտինալ Աղաճանեանի ձեռամբ վարդապետ կ՛օծուի: Մաս կը կազմէ Մխիթարեան ուխտին ծայրագոյն վարդապետ աստիճանով:
Նոյն համալսարանէն ստանալէ ետք արուեստի պատմութեան բարձրագոյն վկայական, կը վերադառնայ Վենետիկ, ուր կը յաճախէ տեղւոյն Գեղարուեստից Ակադեմիան, ուսուցիչ ունենալով Սանթոմազօ, Վետովա եւ Սաէթթի նշանաւոր արուեստագէտները:
Ծառայած է Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ամերիկայ-ի հայկական գաղթօճախներուն մէջ։ Ան հոգեւոր եւ ստեղծագործական կեանքին զուգահեռ վարած է նաեւ խմբագրական եւ վարչական գործեր՝ տնօրէնութեան պաշտօն վարած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին:
Իր առաջին արուեստի ցուցահանդէսը կայացած է 1962-ին Վենետիկի մէջ, որմէ ետք ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ աշխարհի կարեւորագոյն մայրաքաղաքներուն մէջ։ Ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ:
Հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան հեղինակ է շարք մը գիրքերու հայերէն եւ օտար լեզուներով:
Այժմ կը գործէ Փարիզ-ի մէջ՝ ուսուցանելով Փարիզի Սամուէլ Մուրատ վարժարանին մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ ինքնաբուխօրէն կը գծէ եւ բազամաթիւ ցուցահանդէսներ պատրաստած է արդէն: Վերջերս ալ Կալէրի տը Սէվրի մէջ ցուցադրած է իր գործերը: Իր ծախած բոլոր նկարներուն հասոյթը ան յատկացուցած է վարժարանի նորակառոյց շէնքին ծախսերուն: Հայ տղոց այս վարժարանը ունի 160 գիշերօթիկ աշակերտներ:
Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան Նկարչութեան հետեւած է իբրեւ սիրելի զբաղմունք մը միայն, կարգ մը Ակադեմիներ զինք ընտրած են իրենց ցկեանս անդամ:
1966-ին Սալոն տէնտէփանտանսի միջազգային ցուցահանդէսին, Շակալի եւ Սալվատոր Տալիի նման մեծերու կողքին ցուցադրուած են նաեւ Հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանի գործերը եւ իբրեւ նորայայտ տաղանդ շահած է Ոսկէ Մետալ:
1967-ին Արուեստի, Գրականութեան եւ Գիտութեան կաճառէն ստացած է արծաթէ մետալ:
2011-ին ան փարիզի մէջ պարգեւատրուած է «Քրուայ տը Շվալիէր» Ասպետական Խաչը:
Ըստ Վիկիպեդիա ազատ հանրագիտարանի