Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ը ուղղուած է լիբանանահայ ա՛յն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով ստեղծագործել: Ծրագրին հիմնական նպատակն է խթանել արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններու կիրառութիւնը:
Հիմնարկութիւնը «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ը մեկնարկեց Փետրուար 2020-ին. ան Լիբանանին վերաբերող ռազմավարութեան հինգ հիմնասիւներէն մէկն է:
Ծրագրին առաջին տարուան ընթացքին Հիմնարկութիւնը Լիբանան ապրող 18-35 տարեկան երիտասարդներէ ստացաւ 27 դիմում, որոնցմէ ընտրուեցաւ տասը ծրագիր: Այժմ, իւրաքանչիւր ծրագրի պատասխանատու անձ կամ խմբակ կ'աշխատի կեանքի կոչել իրենց ժամանակին եւ բազմաբնոյթ իրականութեան առնչուող ստեղծագործ եւ նորարար ծրագիրները, որպէս արտայայտչամիջոց ունենալով արեւմտահայերէնը:
Լիբանանի «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ին 2020-2021 թուականի նպաստառուներն են՝
- ԴԻՏԷ՛- Հրայր Գալեմքէրեան եւ Հերմինէ Նիւրբեթլեան
Հարթակ մը, ուր տարբեր տեսակի արուեստներու (լսողական, տեսողական, գրական...) աշխատանոցներու ընդմէջէն հնարաւոր պիտի ըլլայ անդրադառնալ երիտասարդութիւնը յուզող բազմազան նիւթերու:
- ԿԱՐՄԻՐ ՄՈՄ- Կարէն Տարագճեան եւ Սուրէն Խտըշեան
Առցանց թատերական ներկայացում մը՝ Պուրճ Համուտի ոսկերիչներու անհետացող արհեստին եւ անոնց առօրեային մասին:
- ԿՌՈՒՆԿ շարժապատկեր- Գրիգոր Աւեսեան եւ Սերժ Մանուկեան
Երկու երկհարթ շարժապատկերներ (animation), հիմնուած Հրակ Փափազեանի «Բռնկում» եւ «Շրջիկները» կարճ պատմուածքներուն վրայ:
- ՂԱՐՊԻՅՅԷ- Գուրգէն Փափազեան
Վաւերագրական կարճ ֆիլմերու շարք՝ որ կը յայտնաբերէ շրջանի հայութեան կեանքը բնորոշող յատկանշական հիմնական երեւոյթները:
- ՄԷԿ- Ասատուր Պասմաճեան, Նարէ Քիւսպէքեան, Սէրուժ Յովսէփեան, Կարինէ Գիւլխանճեան
Երիտասարդները հետաքրքրող, արեւմտահայերէնով հազուագիւտ խօսուող նիւթեր մատուցող հարթակ մը, որ նաեւ կ'անդրադառնայ հայերէնի տարբեր բարբառներուն:
- ՆՇՄԱՐ- Սարին Սանտրա Պաճաքեան
Լուսանկարչական պատում մը, որ կը նշմարէ հայու պատառիկներ եւ կը ներկայացնէ մեր շուրջ ապրող անյայտ հերոսները:
- ՊԱՏՄԱԿԱՆ- Կիրօ Գարավարդանեան եւ Սերժ Մանուկեան
Հայոց պատմութեան մասին եօթը շարժապատկերներու (animation) շարք մը, որ լայն բնաբաններու ընդմէջէն պիտի քննարկէ հայոց պատմութեան մէջ որոշիչ դեր խաղցած տարբեր նիւթեր:
- ՊՏՈՅՏ ՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԹԵՐԹԵՐՈՒ ՀԻՆ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ- Արմէն Պագգալեան
Անդրադարձ Լիբանանահայ հին թերթերու ծանուցումներու մշակոյթին, որ կը միտի վերակենդանացնել հոն եղած հարուստ եւ գունաւոր լեզուն
- ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐ- Յարութ Կիւլիւզեան
Լիբանանահայ վեց գրողներ՝ Անդրանիկ Ծառուկեան, Աբրահամ Ալիքեան, Պօղոս Սնապեան, Պէպօ Սիմոնեան, Սարգիս Կիրակոսեան եւ Յակոբ Մանուկեանի մասին վաւերագրական տեսերիզներ:
- ՎԱԶՐԻԿ- Շողակ Յովհաննէսեան
Գիտաառեղծուածային նկարչական վէպ, որուն դէպքերը տեղի կ'ունենան Վազրիկի կեանքին ակնթարթներէն մէկուն ընթացքին, ապագայապաշտ Պուրճ Համուտի մը մէջ:
Ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն եւ մանրամասնութիւններ ունենալու համար կարելի է հետեւիլ Ֆէյսպուքի եւ Ինսթակրամի «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր» էջերուն՝
https://www.facebook.com/creativeculture.20
https://www.instagram.com/creativeculture.20/
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի ծրագիրներուն մասին կարդալ՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/