Ռոպէր Հատտէճեան ծնած է 1926-ին Իսթանպուլի Պաքըրգիւղ թաղամասին մէջ։ Հայրը Աւետիս, մայրը՝ Սիրանոյշ։ Ընտանիքը աւելի վերջ քաղաք փոխադրուած ըլլալով, ան սկսած է յաճախել Բանկալթըի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը, առաջինէն մինչեւ լիսէի վերջին դասարան, ուրկէ 1944-ին շրջանաւարտ եղած։ Տարի մը ուսանած է Իսթանպուլի Համալսարանի ֆիզիք-մաթէմաթիք ճիւղին մէջ, ապա անցած է Գրական Ֆաքիւլթէ, որուն Փիլիսոփայութեան-Հոգեբանութեան ճիւղը աւարտած է 1950ին։ Զինուորական պարտականութիւնը կատարած է որպէս պահեստի սպայ Անգարայի ու Աղրըի մէջ, ամուսնացած է Սիւզան Դամիկեանի հետ եւ սկսած է զբաղիլ թէքսթիլի հսկայ գործարանի մը որպէս ներկայացուցիչը։
Դպրոցական կանուխ տարիներէն արդէն սկսած էր ցուցաբերել գրականութեան նկատմամբ հակում, իր դասընկերները եղած էին Գեղամ Սեւան, Վարդ Շիկահեր, Արամ Գամպnւրեան, կը գրէր թրքերէն բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ ու վէպեր։ 1946ին Խաչիկ Ամիրեանի ու Վարուժան Աճէմեանի քաջալերութեամբ սկսաւ հայերէն գրել, իր առաջին պատմուածքը «Բառասխալ» հրատարակուեցաւ Անիւ ամսագրի մէջ։ Այնուհետեւ Ռ. Հատտէճեան ինքզինք բոլորովին նուիրեց հայ գրականութեան, գրելով պատմուածքներ, արձակ բանաստեղծութիւններ «Սան», «Ճառագայթ» պարբերականներուն մէջ։ Աւելի վերջ Զահրատին, Խրախունիին ու Վարուժան Աճէմեանին հետ Մարմարա-ի մէջ հիմնեց Գրական էջերու աւանդութիւնը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Այս էջերը գրեթէ միշտ զարդարուեցան Ռ. Հատտէճեանի գրախօսութիւններով, որոնք կը վերլուծէին շրջանի բոլոր նոր հրատարակութիւնները։
1967-ին ստանձնեց Մարմարա թերթի ամբողջական պատասխանատուութիւնը, անմիջապէս նոր գոյն ու ճաշակ մը բերաւ թերթէն ներս, սկսաւ գրել առօրեայ խմբագրականներ, կատարեց թարգմանչական հսկայ գործ, միաժամանակ շարունակելով մնալ գեղարուեստական գրականութեան մէջ։ Թերթին շուրջ համախմբեց Իսթանպուլահայ լաւագոյն գրողները եւ թերթը պահեց գրական-մշակութային բարձր մակարդակի վրայ։
1960-ին ուշադրութիւն գրաւեց իր «Կեանքի մը երեք Կիրակիները» թատերախաղով։ Ապա սկսաւ հրատարակել իրերայաջորդ գործեր՝ որոնցմէ շատեր կ'արժանանային Ալեք Մանուկեան գրական Հիմնադրամի մրցանակներուն։ « Յակոբ Պարոնեանի մտերմութեան մէջ », « Բառասխալ » (Պատմուածք), «Կիրակնօրեայ հաշուեփակ » (թատերախաղ), « Վաստակ » (թատերախաղ), Հայաստանի մասին գրուած «Օրագրիս Տասնըհինգ Էջերը », պատմուածքներ՝ « Մարդոց Մեծութեան Ու Խեղճութեան Մասին »։ 1983ին հրատարակուեցաւ «Առաստաղ » վէպը, որ իր գլուխ գործոցներէն մէկը կը նկատուի։ 1981ին ալ սկսաւ Մարմարա-ի մէջ հրատարակել իր առօրեայ սիւնակի յօդուածները, « Յուշատետր » անուան տակ, որոնք գիրքի ձեւով կը հրատարակուին պարբերաբար։
Շնորհք Պատրիարքի գահակալութեան առթիւ գրի առաւ երջանկայիշատակ Պատրիարքին բովանդակալից կենսագրութիւնը որ հրատարակուեցաւ փառաւոր հատորով մը։ Իսկ Շնորհք Պատրիարքին մահէն վերջ գրի առաւ « Յիշելով մեր սիրեցեալ Շնորհք Պատրիարքը » սրտախօսիկ հատորը։
Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ
Բազմամեայ տնօրէն-խմբագրապետ «Մարմարա» օրաթերթի, ունի հրապարակագրական պատկառելի վաստակ։
Գործերէն
- Թատրոն՝ «Կեանքի Մը Երեք Կիրակիները» (1949), «Վաստակ» (1976)
- Գրա-վերլուծական՝ «Յակոբ Պարոնեանի Մտերմութեան մէջ» (1965)
- Պատմուածքներ՝ «Բառասխալ» (1972)
- Վէպ՝ «Առաստաղ» (1978)
- Հազար տարի Ս. Գրիգnր Լnւսաւnրչի Հետ - 2003
- Բնանկարներ - 2004
- Օդանաւին անիւները - 2004
- Իսթանպnւլահայ Նnր Բանաստեղծnւթեան Վէպը - 2004
- Ասիկա Այբ Է - 2005
- Գրադարանիս մnռցnւած գիրքերը
- Թարգմանչաց Տօն մը Թեհրանահայnւթեան մօտ - 2006
- Առագաստ դէպի բանաստեղծnւթիւն – 2006
- Հիւանդnւթեան օրեր - 2006
- Պտnյտ Հայ Գրականnւթեան Քnւլիսներnւն Մէջ - 10 հատnր 2007-2012
- Քանի Մը ծառեր անտառին մէջ 2009
- Անկարելի Նամակ Մեր Սիրելիներnւն - 2009
- Մեր Հայրերnւն Ժամացnյցը - 2010
- Կեանքը Խմբագրատnւնէն Ներս – 2010
- Զրnյց Հինցած Գրիչի Մը Հետ – 2011
- Դիմանկարներ - 2012
- Պտnյտ Մը Հայnց Լեզnւի Բառարանին Մէջ։
Պարգեւներ ու շքանշաններ
1 Դեկտեմբեր 2001-ին ալ Ռոպէր Հատտէճեան , իր գրչեղբայրներէն Զահրատի, Զ. Խրախունիի եւ Տօքթ. Վարդ Շիկահերի հետ միասին, կ'արժանանայ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի Ա. կարգի պատուոյ շքանշանին եւ օրհնութեան կոնդակին։
Մայիս 2007 -ին Իսթանպnւլի եւ Հայաստանի մէջ մեծ հանդիսnւթիւններnվ կը նշnւի Ռ. Հատտէճեանի ծննդեան nւթսnւնամեակը, nրnւ առիթnվ ան Հայաստանէն կ'արժանանայ հետեւեալ շքանշաններnւն.
- Երեւանի Խաչատnւր Աբnվեանի անnւան մանկավարժական համալսարանի nսկեզօծ շքանշան - 2007
- Հայաստանի Մշակnյթի Նախարարnւթեան Ոսկեայ շքանշան – 2007
- Երեւանի Պետական համալսարանի Ոսկեայ շքանշան – 2007
- Ֆրիտիnֆ Նանսէնի անnւան Ոսկեայ շքանշան – 2007
2009-ին Ռ. Հատտէճեան Հայաստանի Լրագրnղներnւ Միnւթեան կnղմէ կը պարգեւատրnւի Ոսկեայ Գրիչ շքանշանnվ, nր առաջին անգամ կը տրnւէր Սփիւռքահայ հրապարակագիրի մը։
2011-ին, Հայաստանի Հանրապետnւթեան Անկախnւթեան հռչակման քսանամեակին առիթnվ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ս. Մեսրnպ Մաշտnց nսկեայ ադամանդակnւռ շքանշանnվ կը պարգեւատրէ Ռ. Հատտէճեանը։
Շքանշանի Տուուչութիւն՝ «Նոր Մարմարա»ի Երկար Տարիներու Խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանին
4 Փետրուար 2020-ին Լեւոն Արք. Զէքեան «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան» շքանշանով կը պարգեւատրէ «Մարմարա» օրաթերթին կիսադարեայ բազմավաստակ խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանը, այն մեծանուն հրապարակագիրը, գրագէտը, թատերագիրը, մտաւորականը եւ գրիչի մշակը, որ իր կեանքը նուիրած է պոլսահայ մշակոյթին ու համայնքին ծառայելու վեհ նպատակին, որ հայ մշակոյթի անդաստանին մէջ բացած է իւրայատուկ աշխարհ մը ու իր ստեղծագործութիւններով պանծացուցած է պոլսահայու անունը: