Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

  Բնակարաններ, հաստատութիւններ,  ճամբաներ մաքրելու աշխատանքներուն  յաջորդեց  պայթումէն տուժած բնակարաններու  վնասներու գնահատումը:    

Նախքան  աշխատանքներու  երկրորդ  փուլին անցնիլը,  ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի  Շրջանակային Յանձնաժողովի  ատենապետ  Ժերար Թիւֆէնքճեան  եւ անդամներ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական  Վարչութեան անդամներ, ՀԵԸ-ի սկաուտական զոյգ   շարժումները իրենց բոլոր խմբապետական կազմերով,  ՀԵԸ-ի  զանազան վարչութիւնները,  ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի գրասենեակներու  պաշտօնէութեան մասնակցութեամբ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի  Նազարեան-Զապէլ  Մովսէսեան  կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին    ընթացքին  բացատրուեցաւ   երկրորդ  փուլի աշխատանքին  բնոյթը:

Ան կը  կեդրոնանար վնասուած բնակարաններու հիմնական նորոգութեան՝  դուռ,  պատուհան,  պատ, որպէսզի  մինչեւ աշնանամուտ  բնակելի եւ ապահով դառնային մեր  հայրենակիցներուն բնակարանները:

 Միութենական պատասխանատուներու ընկերակցութեամբ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական խումբերը, խմբապետական կազմեր, առաջնորդներ  երէց, սկաուտ,  քառավելներ, արենուշներ եւ ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ տարբեր խմբակներու բաժնուելով, նոր արշաւի մը ձեռնարկեցին  մայրաքաղաքին աւերուած շրջանները՝ Աշրեֆիյէ, Ճըմէյզի, Սայֆի,Մար Միխայիլ, Հաճըն եւ  Խալիլ Պատաուի:

ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի  Նազարեան- Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնին մէջ, Աղէտի  Մարմինի անդամներ, ՀԵԸ-ի գրասենեակներու աշխատակիցներ  Շողիկ  Թաքաճեան եւ Արաքսի  Կեպենլեան, համագործակցաբար  ՀԲԸՄ-ի գրասնեակի  պատասխանատու Արին Ղազարեանի  եւ անդամներու, հեռաձայնի միջոցով կ'ընդունէին  օգնութեան  կարիք  ունեցող  հայորդիներուն անունը,  անոնց բնակարանին հասցէն եւ   հեռաձայնի համարը:

Իւրաքանչիւր  խումբ  բաղկացած էր երեք անդամներէ: Դիմորդներուն բնակարանը հասնելէ  ետք,  մեր տղաքն ու աղջիկները  կը նկարէին  վնասուած  բաժինները:  Տան բնակիչները կը պատասխանէին  իրենց  յղուած   հարցումներուն, այսպիսով  կ'ամբողջանար  դիմորդին  ծրարը:

 Կատարուած արձանագրութիւնները  «շտապ  գիծ»ով   անմիջապէս կը  փոխանցուէին  «ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Նազարեան-Զապէլ Մովսէսեանի կեդրոնին մէջ գործող  Աղէտի  Մարմինին: Օրուան  վերջաւորութեան, բոլոր  խումբերը կը վերադառնային ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Նազարեան -Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնը, ուր գլխաւորութեամբ  ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային  Յանձնաժողովի անդամ, ճարտարապետ  Սարգիս Քէօշկերեանի, Աղէտի   Մարմինի անդամներուն  հետ միասնաբար կը ստուգէին   պատրաստուած  թղթածրարները: Անոնք  միաժամանակ կը ստանային յաջորդ օրուան  համար  նախատեսուած այցելութիւններուն ցանկը:

Աղէտի  Մարմինը վերանորոգութեան  ծրարը կը յանձնէր իր տրամադրութեան տակ գտնուող կառուցանողներուն (քոնսթրաքթըր), որոնք մեր տղոց հետ  դարձեալ կ'այցելէին վնասուած  բնակարանները, գնահատումներ կատարելու նպատակով, որուն  կը յաջորդէին  վերանորոգութեան աշխատանքները:

 Պայթումէն մինչեւ օրս,  մեր սկաուտական զոյգ շարժումներուն՝ տղաքն ու աղջիկները այցելած են  ութ հարիւր  եւ աւելի բնակարաններ:

Այստեղ  գնահատանքի խօսք ունինք  յայտնելու մեր միութենականներուն՝ իրենց   նուիրական աշխատանքին համար: Սակայն, նոյնինքն զոյգ սկաուտական շարժումներու անդամ-անդամուհիներուն  եւ  պատասխանատուներուն վկայութեամբ, բոլորանուէր  եւ  օրինակելի ծառայութեամբ, տիպար  միութենականներ՝ Եղիկ Աւետիքեան, Գալին Առաքելեան եւ Ալեքս Առաքելեան արժանի են աւելիին:  

Անոնք   իբրեւ մարդ եւ  քաղաքացի լաւագոյնը մատուցեցին յանուն իրենց լիբանանահայ քոյրերուն եւ  եղբայրներուն  բարօրութեան: 

Ծառայելու պատրաստակամութեան  անոնց ոգին, առաքինութիւն եւ առաքելութիւն  է միաժամանակ՝   պարտականութեան գիտակցութեան եւ  իսկական  միութենականի վկայութիւն:

  Բոլորին  վարձքը կատար:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ   ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ