Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times


 
Գերմանահայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Սերովբէ Եպս․ Իսախանեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման առաջին ամեակին առթիւ Երեքշաբթի, 12 Մայիս 2020-ին Քէօլնի Սբ․ Սահակ- Սբ․ Մեսրոպ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հրաշափառի արարողութիւն եւ Երեկոյեան ժամերգութիւն։ Արարողութեան ներկայ էին Թեմական Խորհուրդի եւ Քէօլնի Հայ Համայնքի հոգեւոր հովիւը եւ վարչութեան անդամներ։
 
Արարողութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորական խօսքեր ուղղեցին Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ տիար Սերովբէ Օտապաշեան եւ Քէօլնի Հայ Համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Վահրիճ։ Ապա Առաջնորդ Սերովբէ Սրբազան իր հայրական խօսքն ուղղեց ներկաներուն եւ ուղիղ հեռարձակման միջոցով արարողութեան հետեւողներուն՝ բնաբան ունենալով Քրիստոսի «Որպէս առաքեաց զիս Հայր, եւ ես առաքեմ զձեզ։ Գնացէք այսուհետեւ՝ աշակերտեցէք զամենայն հեթանոսս.․․ Ուսուցէք նոցա պահել զամենայն, որ ինչ պատուիրեցի ձեզ» (Մտթ ԻԸ 18-20) պատուիրանը։
 
Սերովբէ Սրբազան անդրադառնալով եպիսկոպոսի ուսերուն դրուած նուիրական եւ պատասխանատու առաքելութեան եւ պարտականութիւններուն՝ շեշտեց․ «Մեծ է այս առաքելութեան պատասխանատւութիւնը, որը բարեյաջող իրագործելու համար սակայն ինքը եպիսկոպոսը պէտք է խոնարհեցնէ իր անձը, ճիշտ այնպէս, ինչպէս Յիսուս խոնարհեցուց իր անձը։ Ծառայութիւն է եպիսկոպոսութիւնը՝ ծառայութիւն Աստուծոյ  եւ Եկեղեցիին, որ հաւատացյալներու բազմութիւնն է՝ միութեան մեջ։ Յիսուս առաքեալները եւ մեզ եպիսկոպոսներս կը կանչէ հոգեւոր առաջնորդութեան, որ կ’իրագործուի համբերատար, խոնարհ, հաստատակամ, անձնուէր ծառայութեան միջոցով»։  
 
Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծելով համայնքային միասնականութեան կարեւորութիւնը անգամ մը եւս կոչ ըրաւ գաղութայիններուն եւ ըսաւ․ «Առաջնորդի եւ եպիսկոպոսի առաքելութիւնը եւ անոր հեղինակութիւնը շատ կարեւոր է եւ էական՝ յաջողութեան հասնելու ճամբուն վրայ։ Մեր Եկեղեցւոյ մէջ, որ հիմնուած է ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ եւ ուր աշխարհականները մեծ դերակատարութիւն ունին եկեղեցւոյ կեանքին եւ կառավարման մեջ, յաջողությունը կ’ուղեկցէ մեզի միայն միասնական նուիրեալ ծառայութեան ու գործունեութեան պարագային։ Եւ հետեւաբար երէկ, այսօր եւ ամենայն օր իմ կոչն ու հրաւէրն է՝ եկէք գործենք միասին։ Միասին գործել չի նշանակեր նոյնանման մտածել ու տարակարծութիւններ չունենալ, այլ կը նշանակէ՝ փոխադարձ յարգանքով ու վստահութեամբ խօսիլ, քննարկել, բանավիճել ու գտնել ընդհանուր լուծումներ։ Բայց երբեք չմոռնանք, որ պէտք է փնտրենք ու ընտրենք ոչ թէ մեր կամքն ու ճանապարհը, այլ փորձենք գտնել Տիրոջ կամքով Աստուծոյ, Եկեղեցիին ու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ծառայելու ճանապարհը»։
 
Յետ արարողութեան Սրբազան Հայրը իր եպիսկոպոսութեան առաջին ամեակին առիթով խնձորի ծառ մը տնկեց Մայր Եկեղեցւոյ պարտեզին մէջ, աղօթելով եւ մաղթելով, որ այն աճի եւ անոյշ պտուղներ տայ։ Ապա Քէօլնի Համայնքի վարչութեան կազմակերպութեամբ Հայ Տան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրիկ ընդունելութիւն մը։
 
Քէօլն, 13․05․2020      

Դիւան Առաջնորդարանի