Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- «Քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու համար պատուաստին՝ մարդոց վրայ փորձարկումները 16 Մարտին սկսան, համագործակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Ազգային առողջապահութեան հիմնարկներուն (NIH) եւ պատուաստը պատրաստած «Մոտերնա» ընկերութեան, որուն համահիմնադիրը եւ տնօրէնը ամերիկահայ Նուպար Աֆէյեանն է:

«Քայզըր Փըրմընենթէ» ընկերութեան հետ համագործակցաբար իրականացուող փորձերուն առաջին հանգրուանին պիտի մասնակցին 45 երիտասարդներ։

Առողջապահութեան բնագաւառի աղբիւրները կը նշեն, որ հաւանական պատուաստի ամբողջական գործածութիւնը կրնայ 12-էն մինչեւ 18 ամիս ետք սկսիլ:

«Գիտական փորձին մասնակցողներուն՝ վարակուելու հաւանականութիւնը բացառուած է, որովհետեւ նմոյշները ժահր չեն պարունակեր: Փորձարկման հիմնական հարցը այն է, որ պէտք է համոզուիլ, թէ պատուաստը լուրջ հետեւանքներ չունի, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ ձեռնամուխ ըլլալ աւելի լայն փորձարկումներու», կը նշէ իր ինքնութիւնը բացայայտել չուզող պետական պաշտօնատար մը։

Բացի այդ, «Ինովիօ» ընկերութիւնը կը փորձէ իր պատուաստի փորձարկումները քանի մը տասնեակ կամաւորներու մասնակցութեամբ սկսելու յաջորդ ամիս Փենսիլվանիոյ համալսարանին եւ Միզուրիի նահանգի փորձարարական կեդրոնի մը մէջ: