Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

Հրաժեշտի խոսք Վենետիկից

Սիրելի բարեկամներ, սիրելի անդամակիցներ եւ գործակիցներ,

Խոր վիշտով եւ անասելի կսկիծով կը գուժենք անդարձ մեկնումը 2020թ. Փետրուարի 8ին ծանօթ, սիրուած եւ գնահատուած մանկավարժ, Պարէտ Երուանդ Մանօքի, որ Պո-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութեան կազմակերպած Վենետիկի Խտացեալ Ամառնային դասընթացքին հնագոյն ուսուցիչն էր։

Ծնունդով պոլսեցի եւ Փարիզեցի որդեգրութեամբ, Պարէտ Երուանդ Մանօք սերտ կապեր ունէր Վենետկեան հայ համայնքին եւ միջավայրին հետ։ Ան ոչ միայն պատմական Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարանին եւ Վենետիկի Կա Ֆոսկարի Պետական Համալսարանին ուսանող եղած էր, այլ նաեւ Պո-Արաքսի Ամառնային Դասընթացքին ուսուցչական կազմին խանդավատռ եւ հաւատարմագոյն անդամներէն մէկը։ Ուսուցչական եւ քարտուղարական հին եւ նոր կազմերէն եւ առ հասարակ ուսանողներէն բոլորը շատ լաւ յիշատակներ կը պահեն Պարէտէն անոր մանկավարժական հազուադէպ ձիրքերուն, գրեթէ անսահման համբերութեան եւ հաճելի ընկերութեան համար։

Պո-Արակս Ընկերակցութեան վարչական եւ ուսուցչական Կազմին անունով իր ընտանիքին եւ հարազատներուն կը յայտնենք մեր խորին ցաւակցութիւնը ։

Հողը թեթեւ գայ քու վրադ, սիրելի Պարէտ։

Հանգչիս Աստուծոյ երանութեան յաւերժական լոյսին մէջ։

                                                                   Պո-Արաքս Մշակութային
                                                                    Ըներակցութիւն

Վենետիկ, 10 Փետրուար 2020