Ինչպես հաղորդում է Հալեպի ,,Գանձասարը, այսօր՝ փետրվարի 13-ին Սիրիայի խորհրդարանը պետք է քննարկի Հայոց ցեղասպանության ճանաչման բանաձեւը։ ,,Արմենպրես,, գործակալությունն իր հերթին հենվելով լրագրող Սարգիս Քասարջյանի հաղորդմանը, արդեն տարածել է, որ Սիրիայի խորհրդարանը միաձայն ընդունեց Հայոց ցեղասպանությունը ճանաչող և դատապարտող բանաձևը։ Այն ներկայացրել էր Սիրիա-Հայաստան պատգամավորական բարեկամության խումբը։
Ստորեւ ներկայացնում ենք Գանձասարի հրապարակումը։
Սուրիոյ խորհրդարանի քարտուղար Ռամի Սալեհ յայտնեց, որ կը նախատեսուի որ Սուրիոյ խորհրդարանը այսօր քուէարկէ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան Կայսրութեան ծրագրած եւ իրագործած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ մը։ Ան վստահեցուց, որ Օսմանեան Կայսրութեան պատմութիւնը լեցուն է Սուրիոյ ժողովուրդին այլազան բաղադրիչներուն ջարդերուն արհաւիրքով, հայեր, սուրիանիներ եւ այլք։
Խորհրդարանը իր օրակարգին վրայ պիտի ներառնէ Սուրիական-Հայաստանեան խորհրդարանական բարեկամութեան Յանձնախումբին կողմէ ներկայացուած 20-րդ դարուն Օսմանեան Կայսրութեան թուրք իշխանաւորներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Սուրիոյ ժողովուրդի այլ բաղադրիչներու ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը հաստատող բանաձեւը։ Սալեհ «Ուաթան» ին յայտնեց նաեւ, որ խորհրդարանը նախապէս արծարծած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը եւ յարգանքի տուրք մատուցած հայ զոհերուն, սակայն անհրաժեշտ էր ցեղասպանութիւնը դատապարտող որոշում գոյացնել։ Այս իսկ պատճառով այսօր բանաձեւը պիտի քննարկուի եւ քուէարկուի խորհրդարանի նիստին ընթացքին։
Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, Հայաստանեան-Սուրիական խորհրդարաններու բարեկամութեան միութեան նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեան դիտել տուաւ, որ աւելի քան 30 երկիրներու խորհրդարաններ ճանչցած եւ դատապարտած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ նախապէս մէկէ աւելի երեսփոխաններու կողմէ արծարծուած է այս նիւթը, իսկ 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, խորհրդարանը յատուկ նիստով յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն։
ՀՀ մէջ Սուրիոյ դեսպան Մուհամմէտ Հաճ Իպրահիմ կարեւոր համարելով ճանաչումը դիտել տուաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործողներուն ժառանգորդները այսօր նոյն ոճիրները կը գործեն Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ, ահաբեկիչներու ձեռամբ։ Ան յայտնեց, որ ճանաչումը կարեւոր է, որովհետեւ արաբական երկիրներու մէջ ցարդ միայն Լիբանանը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Խորհրդարանի արաբական եւ արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Պութրոս Մրճենէ շեշտեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է, անոր յաջորդեց նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային սահմաններուն վրայ ասորիներուն եւ սուրիանիներուն սպանդը։ Ժամանակն է ճանչնալու եւ դատապարտելու այս անմարդկային արարքներն ու կանխելու անոնց կրկնութիւնը, յատկապէս որ մեծաթիւ երկիրներ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Նշենք, որ Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբերն ու Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխանները տարիներէ ի վեր, քանիցս ներկայացուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան ամբողջական թղթածրարները Սուրիոյ խորհրդարանին եւ նախագահայան պալատին, առ ի քննարկում, ճանաչում եւ դատապարտում։
http://www.kantsasar.com/news/14773-2/
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Տասնամեակներէ ի վեր Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը քաղաքական, յարաբերական, քարոզչական, մշակութային հետեւողական աշխատանք կը ծաւալէ հանրային կարծիք ձեւաւորելով` Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման բանաձեւը հաստատելու համար:
Այս շրջագիծէն ներս, անցնող տարիներուն արաբերէն բազմաթիւ հրատարակութիւններ լոյս տեսան` գործակցաբար Հայ Դատի բարեկամներու հետ, նոյն նպատակով յարաբերական աշխատանք ծաւալեցաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ Սուրիա հասած հայ ժողովուրդին օգնութեան ձեռք երկարած արաբ ցեղապետներուն հետ:
Այս աշխատանքները արդիւնաւորուեցան 13 Փետրուար 2020-ին, երբ Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխաններու եւ սուրիահայ մտաւորականներու ջանքերով, Սուրիոյ խորհրդարանը, որ կը ներկայացնէ սուրիական ընկերութիւնը կազմող բոլոր բաղադրիչները, միաձայնութեամբ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտեց զայն, որպէս 20-րդ դարուն իրագործուած դաժան ոճրագործութիւն: Բանաձեւը կ՛արտացոլացնէ Սուրիոյ ժողովուրդին տարիներ առաջ ցուցաբերած մարդասիրական վսեմ վերաբերմունքը` ցեղասպանութեան օրերուն Սուրիա ապաստանած հայութեան նկատմամբ:
Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած այս բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ աշխարհի խորհրդարաններուն եւ միջազգային ընտանիքին որդերգելու նոյն կեցուածքը եւ դատապարտելու Թուրքիոյ կողմէ մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրը: Դար մը առաջ գործուած ոճիր մը, որ կը շարունակուի գործադրուիլ այսօր Սուրիոյ հողերուն վրայ, նոյն քաղաքականութեամբ, նոյն ոճով, նոյն ոտնձգութիւններով ու անօրէնութիւններով: Ի վերջոյ նոյն հեղինակն է, որ կը ստորագրէ երկու ոճրագործութիւններուն ներքեւ:
Սուրիահայութիւնը ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը յայտնէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը Սուրիոյ արդար պահանջներուն, անոր հողային ամբողջականութեան եւ այդ հողերուն վրայ իր գերիշխանութեան հաստատման: Մօտեցում մը, որ իր արտայայտութիւնը գտաւ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն` սուրիական հայրենիքին նկատմամբ սուրիահայութեան դրսեւորած հայրենասիրական մօտեցումներով:
Արձանագրուած այս քայլը Հայ Դատի աշխատանքներուն շրջագիծէն ներս առնուած քայլ մըն է, որ պիտի շարունակուի մինչեւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հատուցում, մինչեւ գրաւուած հողերու ազատագրում եւ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ հայրենիքի կերտում:
ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020