Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

Դպրոցներու, շարունակական ուսումնառության եւ օժանդակ դասընթացքի համար

 

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը Լիբանանին ուղղուած իր ռազմավարութեան ծիրէն ներս մշակած է կրթական համակարգին վերաբերող երեք նոր ծրագիր։ Առաջին ծրագիրը «Հայկական Դպրոցներու Նպաստի Ծրագիր»-ն է, որ բաց է Լիբանանի բոլոր հայկական դպրոցներուն։ Անոր հիմնական նպատակն է օժանդակել դպրոցներուն որ կարենան իրենց մանկավարժական համակարգը բարեփոխել, շեշտը դնելով արեւմտահայերէնի որակեալ ուսուցումին վրայ։

Երկրորդ ծրագիրը «Ուսուցիչներու Շարունակական Ուսումնառութեան Ծրագիր»-ն է, որ ուղղուած է արեւմտահայերէնով այլազան նիւթեր դասաւանդող բոլոր ուսուցիչներուն։ Հիմնարկութիւնը կը փափաքի կենսական բարեփոխումներու մղիչ ուժ մը ըլլալ՝ ուսուցիչներու ուղղութեամբ ներդրումներ ընելով։

 

Երրորդ ծրագիրը ԳԿՀ-ի «Հայերէնի Օժանդակ Դասընթացքի Ծրագիր»-ն է, որուն հիմնական նպատակն է բարելաւել մասնակիցներուն արեւմտահայերէնի լեզուամտածողական իմացութիւնը։ ԳԿՀ-ն պիտի համագործակցի տեղական ինչպէս նաեւ միջազգային մասնագէտներու հետ՝ հիմնական նպատակ ունենալով մասնակիցներուն լեզուական, մշակութային, վերլուծողական եւ քննական մտածողութեան հմտութիւններու զարգացումը՝ արեւմտահայերէնով։

 

Յաւելեալ տեղեկութիւններ կրնաք ստանալ մեր կայքէջէն.

https://gulbenkian.pt/armenian-communities/