Հայտարարություն
Ազնուագոյն գաղափարները անզօր են եթէ անոնք լաւագոյն զէնքերով չեն պաշտպանուիր:
Արդարութիւնը, ժողովուրդներու դատը, արդար պահանջատիրութիւնները կ’անտեսուին ու հեգնանքի կ’արժանանան եթէ կազմակերպուած ոյժով չեն պաշտպանուիր:
55 տարի առաջ, 24 Ապրիլ 1965-ին, Երեւանի մէջ կէս միլիոն ժողովուրդ խորհրդանշականօրէն քալեց դէպի բռնագրաւուած Արարատ եւ ի լուր աշխարհի բացականչեց. «Մեր հողե՜րը, մեր հողե՜րը...»: Այդ քայլն եղաւ այն բոցաշունչ ու վճռական ուժական պայքարի կոչը, որ սկիզբ դրաւ Հայ Նորագոյն Ազգային Ազատագրական Պայքարին:
Ութը տարի յետոյ, 27 Յունուար 1973-ին, Եռաբլուր պանթէոնին մէջ ննջած, ծնունդով կարնեցի հերոս Գուրգէն Եանիկեանը հեռաւոր Գալիֆոռնիոյ մէջ արձակեց ուժական եղանակով պայքարի առաջին փամփուշտները՝ թրքական պետութեան երկու ներկայացուցիչ զգետնելով:
Հերոս Եանիկեանը ԱՍԱԼԱ-ի հիմնադրման առիթով իր բանտախուցէն կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին՝ յայտարարելով. «Պատմութիւնը մեզ փաստում է, որ խօսքերը քամին է տանում, խոստումները մոռացւում են, ազատութիւն եւ արդարութիւն բառերը կորցնում են իրենց իմաստը եթէ նրանք չեն պաշտպանւում անհատներու ուժեղ բռունցքով: Թող իմ սիրելի երիտասարդ մատաղ սերունդը իմանայ, որ դեռ մարդկութեան ամբո՜ղջ պատմութեան ընթացքին ո՛չ մի անգամ չի պատահել, որ մի ցեղի ազատութիւնը տրուի նրան ոսկէ սկուտեղի վրայ: Ո՛յժն է թելադրում մարդկանց գործերը եւ ո՛չ թէ փառաբանուած սէրն ու գթութիւնը: Հայ ազատագրութեան գաղտնի բանակը ա՛յն բռունցքն է, որը կազմեցին հայ անհատները, այդ կենդանի բռունցքն է, որ պիտի ծնկի բերի մեր թշնամի թուրքին եւ դնի մարդկության առաջ իր իրաւացի պահանջները, ու առաջարկի, որ վերջապէս մեղաւորները ընդունեն իրենց սխալները եւ ուղղեն»:
Փաստօրէն, Հայոց Ցեղասպանութենէն սկսեալ ամբողջ 65 տարի, մինչեւ 20 Յունուար 1975՝ ԱՍԱԼԱ-ի ծնունդը, աշխարհը կը լռէր Թուրքիոյ՝ հայութեան դէմ պետական տարողութեամբ իրականացուցած ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկութեան նկատմամբ՝ ամբողջովին անտեսելով հայոց՝ քաղաքակիրթ եղանակով ներկայացուցած պահանջները, խնդրագիրները եւ նոյնիսկ ցոյցերը:
Պայքարի ծնունդն ու շարունակութիւնը իրականութիւն դարձան մեծ զոհողութիւններու, հայ միտքի եւ բազուկի մէկտեղման, հայ յանձնառու եւ նուիրեալ խումբ մը մտաւորականներու եւ հմուտ, մեծաթիւ, յաճախ զիրար չճանչցած պայքարողներու ջանքերուն եւ զոհաբերութեան շնորհիւ: Եռաբլուրի նահատակներու շիրմաքարերը կը խորհրդանշեն այն բոլոր նուիրեալներուն զոհողութիւնները, որոնք պայքարեցան ու պիտի շարունակեն պայքարիլ յանուն հայութեան ոտնահարուած եւ անսակարկելի իրաւունքներուն, որոնք աշխարհի տարբեր ծայրամասերու մէջ զոհեցին իրենց կեանքը, որոնք տարիներ ապրեցան ընդյատակեայ կեանքով, որոնք տառապեցան բանտային պայմաններու մէջ, եւ այն բոլոր ընտանիքներուն զոհողութիւնը, առանց որոնց անկարելի պիտի ըլլար որեւէ յաջողութիւն արձանագրել:
Այսօր, Հայաստանի արեւելեան հատուածի մէկ մասի անկախութենէն 30 տարի ետք, կը փաստուի, որ 1975 թուականով բարձրացուած պայքարի դրօշը երազային չէր: Տարածաշրջանային զարգացումները մեր դիմաց նոր հորիզոններ կը բանան, եւ հայոց ոտնահարուած իրաւունքներու ու բռնագրաւուած պատմական հայրենիքի տարածքներու ժամանակին անհնար թուացող ազատագրումը աւելի քան երբեւէ դարձած է իրատեսական, ինչը, բնականաբար, աւելի կազմակերպուածութիւն, շրջահայեացութիւն եւ Հ. Հ.-Սփիւռք ներդաշնակ գործունէութիւն կը պահանջէ:
1975-ի Նորագոյն Ազգային Ազատագրական Պայքարի 45-ամեակին առթիւ, կը շնորհաւորենք հերոսական պայքարներ յաղթահարած հայ ժողովուրդը: Թող մեր էութեան խորքը եւ բազուկին վրայ կրենք այդ պայքարը շարունակելու վճռական ուխտը՝ միասնաբար գլուխ խոնարհելով պայքարի ճամբուն վրայ իրենց կեանքը զոհաբերած բոլոր նուիրեալներու յիշատակին առջեւ:
Վերջնական յաղթանակը մե՛րը պիտի ըլլայ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ
20 Յունուար 2020