Վերջին երկու տասնամեակներուն հայաստանամերձ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումներն ու վերիվարումները եկան ապացուցելու, որ 20-րդ դարու սկիզբին ըստ գաղութարարական եւ մեծապետական շահերու արհեստական սահմաններ գծելու, երկիրներ ձեւաւորելու իրողութիւնը այլեւս ենթակայ է վերատեսութեան։ Սահմաններու նկատմամբ կատարուած նշուած կամայականութեան հետեւանքով Հայաստանը կորսնցուց իր բնակչութեան ու տարածքներուն մեծ մասը` դատապարտուելով աշխարհագրականօրէն կղզիացած ներկայ իրավիճակին։
Այսօր, կեղծ սահմանագծումներէն 100 տարի ետք, տարածաշրջանի ազգերուն եւ ազգային խմբաւորումներուն դրսեւորած դժգոհութիւնները, բողոքներն ու պատերազմական գործողութիւնները, իրենց բոլոր ելեւէջներով, անկախ բողոքող ազգերուն դէմ գործադրուող դաժանութիւններէն, տեղահանութիւններէն կամ անոնց նկատմամբ զանգուածային արիւնալի հաշուեյարդարներէն, ուշ թէ շուտ պիտի յանգին շարք մը երկիրներու կազմաքանդման ու նորերու ստեղծման։
Բնականաբար, իր սահմաններուն մօտ կատարուող իրադարձութիւններէն անկախ, կամայ թէ ակամայ, չեն կրնար չազդուիլ ու անոնցմէ անմասն մնալ նաեւ Հայաստանն ու Հայաստանի եւ տարածաշրջանի հայկական գաղութներուն անվտանգութիւնը:
Նշուած առճակատումներու, մանաւանդ քիւրտ-թրքական հետզհետէ խորացող եւ ռազմավարական տեսակէտէն ի վնաս թուրքերուն աճող ու անբուժելի վէրքի վերածուած առճակատման շնորհիւ, Թուրքիան տեսանելի ապագային հիմնովին պիտի կազմաքանդուի եւ պիտի տապալին անոր՝ դէպի արեւելք միտուած ծաւալապաշտական անթաքոյց ձգտումները։ Նման անխուսափելի զարգացման հետեւանքով ամբողջովին պիտի մեկուսանայ Ատրպէյճան կոչուող պետութիւնը, առաջին հերթին՝ հայկական Նախիջեւանը, Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ բանալով ապամեկուսացման՝ դէպի Սեւ ծով հասնելու հնարաւորութիւն, ինչով մեծապէս պայմանաւորուած է հայկական պետականութեան ինքնիշխան գոյութեան յարատեւումն ու բնական զարգացումը։
Հայաստանն այսօր կ'ընթանայ զարգացման, ժողովրդավարութեան, ինքնիշխանութեան կայացման եւ արմատական փոփոխութիւններու դժուար ուղիով, որ հնարաւորութիւն կ'ընձեռնէ նաեւ մշակել իր ինքնուրոյն արտաքին քաղաքականութեան վարդապետութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնն ու պետական շահը կը պահանջեն, որ մենք ազգովին չդառնանք մեր կամքէն անկախ ընթացող տարածաշրջանային զարգացումներուն սոսկ ականատեսը ու չբաւարարուինք ուշացած ձեւական յայտարարութիւններով, այլ ընդհակառակը, պարտաւոր ենք առաջադրել եւ ունենալ մշակուած ողջախոհ ու իրատեսական (յայտարարուած կամ չյայտարարուած) ծրագիր՝ Հայաստան եւ Սփյուռք իրարու զօրակցող ու զիրար ամբողջացնող մասերով։
21-րդ դարուն, երբ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն եւ միջազգային կառոյցներուն զարմացական հայեացքներուն առջեւ, անոնց դատապարտող կցկտուր յայտարարութիւններն արհամարհելով, Թուրքիոյ ու անոր զինած հրոսակախումբերուն միջոցով անզէն քաղաքացիներ կը գնդակահարուին, երբ օդէն ու ցամաքէն քաղաքներու եւ աւաններու խաղաղ բնակչութիւնը կը ռմբակոծուի, երբ պետական շահի անուան տակ միջազգային կամ մեծապետական ոյժերը, անդրքուլիսային համաձայնութիւններով, տարածաշրջանի անզէն ժողովուրդը կը լքեն ու անպաշտպան կը ձգեն, հայութիւնը ոչ միայն կը յիշէ իր դէմ իրագործուած բարբարոսային ցեղասպանութիւնը, այլեւ կը շեշտադրէ, որ ընդհանրապէս, բայց մանաւանդ ազատագրուած Արցախի ու Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մեր ֆիզիքական գոյութիւնն ու անվտանգութիւնը կարելի է եւ պէ՛տք է ապահովել միայն սեփական բանակին ապաւինելով։
Թրքական բարբարոսութիւնն ապրած ու արիւնաքամ դարձած հայութիւնը չի՛ կրնար ապաւինիլ միջազգային կամ տարածաշրջանային այսպէս կոչուած խաղաղապահ ոյժերու եւ ընդհանրապէս երրորդ կողմերու խնամակալութեան։
Նշուած իրողութիւններու լոյսին տակ,
- կոչ կ'ուղղենք հայրենի ժողովուրդին, ինքնուրոյն եւ պետական շահը գերակայ նկատող քաղաքական բոլոր ոյժերուն՝ ամրագրել 2018 թուականի համաժողովրդային շարժման արդիւնքները, շարունակել մնալ յանձնառու ու պահանջատէր՝ կառուցելով հզօր ու զարգացող երկիր։
- Հ. Հ.ի ու Արցախի քաղաքական ոյժերուն կը յորդորենք զերծ մնալ Արցախն ու ազգային այլ հիմնախնդիրները քաղաքական շահարկումներու դաշտ մտցնելէ, Արցախը, ինչպէս միշտ, դարձնել միաւորող եւ ոչ թէ պառակտող գործօն։
- Սփիւռքի տարագիր հայութեան կոչ կ'ուղղենք զերծ մնալ աշխարհաքաղաքացիութեան եւ տեղացի դառնալու ընկալումներէն, հայ ընտանիքին մէջ արմատաւորել Հայրենիքին զօրակցելու ու Հայրենիք վերադառնալու գաղափարները եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով անվերապահօրէն սատարել Հայաստանի Հանրապետութեան։
- Մերժել Սփիւռքի քաղաքական այն տարրերն ու ոյժերը, որոնք հայկական պետականութեան սատարելը կը կապեն նախապայմաններու, քաղաքական նախասիրութիւններու եւ մրցակցութիւններու հետ:
- Համաժողովրդային շարժման եւ արդար ընտրութեանց շնորհիւ ձեւաւորուած Հ. Հ.ի իշխանութիւններուն կոչ կ'ընենք երկրին ներսը փտածության դէմ պայքարելուն զուգահեռ չզօրակցիլ Սփիւռքի փտած շրջանակներուն, մօտեցում մը, որմէ միլիոնաւոր սփիւռքահայեր, եւ որպէս հետեւանք՝ Հ. Հ.-Սփիւռք յարաբերութիւնները տասնամեակնե՜ր տուժած են։
Ստեղծել Սփիւռքի հետ յարաբերելու առողջ մեքանիզմներ, հրաժարելով անցեալէն ժառանգ ստացած, սոսկ սեփական շահով առաջնորդուող հակապետական դիւանագիտական տարրերէն եւ վարկաբեկուած ու անարդիւնաւէտ կառոյցներէն։
- Թուրքիոյ դէմ մարտնչող հայ կամաւորներն ու անհատ նուիրեալները ողջունելով հանդերձ, կը յորդորենք ինքնուրոյն աշխատիլ, մանաւա՛նդ՝ չարտօնել օտար ոյժերու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշին շահարկումը։
Տարածաշրջանին մէջ մեծ մասամբ մեր կամքէն անկախ ընթացող լայնածաւալ զարգացումները հայութեան առջեւ կը ստեղծեն «պատմական առիթ»ներու հնարաւորութիւն: Միայն կազմակերպուած ու դէպքերու հաւանական զարգացումներուն նախապատրաստուած հայութիւնը կրնայ հազուադէպ կրկնուող պատմական առիթներն օգտագործելու հնարաւորութիւն ունենալ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ
17 Հոկտեմբեր 2019