Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր մարմինը 2014-2016 ին, գլխաւորութեամբ Տիար Ժան Թիթիզեանի ունեցաւ բեղուն գործունէութիւն ի տես Սուրիահայութեան նիւթաբարոյական օժանդակութեան. այս առթիւ ՍԱՐՖը կազմակերպեց տեղեկատուական հանրահաւաքներ Սուրիայէն ժամանած անհատներու եւ հոգեւոր առաջնորդներու ներկայացումներով , դասախօսութիւններ, հեռուստացոյցի միջոցաւ հարցազրոյցներ, հեռաձայնային անմիջական կապեր Սուրիոյ շտապի հետ, դրամահաւաքի ընթրիք երեկոներ, մենաթատրոն Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանի, համերգի երեկոներ: Հայաստանի մէջ բնակող սուրիահայութեան բնակարանային վարձքերու հատկացումներ եղան, գործակցաբար Անի եւ Նարօտ հիմնարկի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ ՄԱԿի եւ Oxfamի հետ. վերջապէս Հայաստանի մէջ գործող զանազան բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ հանդիպում եւ որոշ գործակցութիւն ի խնդիր Հայրենիքի մէջ ապաստանած սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն : Վերջապէս ընթացիկ տարուան ՍԱՐՖի գլխաւոր դրամահաւաք Թելեթօնի մը գնահատելի յաջողութիւնը առաւել եւս խրախուսեց գաղութս եւ վերջապէս հասանելի օժանդակութիւնը սուրիահայ մեր հայրենակիցներու անմիջական կարիքներուն :