Երեւանի ՛՛Կոնգրես՛՛ հիւրանոցի ժողովասրահին մէջ, 8 Սեպտեմբեր 2016 թ.-ին տեղի ունեցաւ ՛՛Այլակրօն հայերն աշխարհի՛՛ թեմայով խորհրդաժողով, զոր կազմակերպած էին Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) Հայրենակցական, համայնքային, հայրենասիրական եւ Հաւատքի հարցերու մշտական յանձնաժողովները: Խորհրդաժողովի մասնակիցները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արտերկրի մտաւորականներ, գրողներ, հայագէտներ, պատմաբաններ, լեզուաբաններ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ ընդունեցին հետեւեալ համատեղ յայտարարութիւնը.