2015, Հոկտեմբեր 22-ին Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Գույումճեան սրահի մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկահայ անուանի մատենագէտ-լեզուաբան, գրող-հրապարակագիր, ազգ.-հաս. գործիչ Յովսէփ Նալպանտեանի մշակութային, գրական գործունէութեան 35 ամեակը, նաեւ ՚Հայ գիրքը Ամերիկայի մէջՙ, ՚Կեանքի շարունակուող շաւիղներՙ եւ ՚Հայ մշակոյթի նուիրեալըՙ գիրքերու փառահեղ շնորհանդէսները: