ՊԱՔՈՒ, «Ազերնիուզ»․- ՄԱԿի անդամ երկիրներուն յղուած նամակով մը, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրաւ կասեցնելու Հայաստանին աջակցելու նպատակով հայկական Սփիւռքի տարածքին տեղի ունեցող դրամահաւաքի ձեռնարկները, պնդելով, որ Հայաստան բարեգործական կազմակերպութիւնները կը չարաշահէ՝ Ատրպէյճանի գերիշխանութեան վնաս հասցնելու իր ծրագիրներուն համար։
Նամակին մէջ կը պնդուի, թէ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք, Հայաստանի կառավարութիւնը բազմաթիւ երկիրներու մէջ գործող Սփիւռքի կազմակերպութիւններու միջոցով կազմակերպած է «դրամահաւաքի ապօրինի արշաւներ` մարդասիրական օգնութեան անուան տակ» եւ միջազգային ելեւմտական համակարգեր օգտագործած է՝ նուիրատուութիւններ հաւաքելու նպատակով:
«Այդ արշաւներուն ընթացքին հաւաքուած գումարները օգտագործուած են Ատրպէյճանի ինքնիշխան տարածքներուն մէջ քաղաքացիներու դէմ ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնելու նպատակով», կը պնդէ նախարարութիւնը:
Պաքու կը շեշտէ, թէ Հայաստանի պետական ներկայացուցիչներու յայտարարութիւններուն եւ հայաստանեան հասարակական աղբիւրներու տուեալներուն հիման վրայ, միայն 44օրեայ պատերազմին ընթացքին 73 երկիրներու մէջ Սփիւռքի կազմակերպութիւնները հաւաքած են աւելի քան 170 միլիոն տոլար, որուն 110 միլիոնը փոխանցուած է Հայաստանի պետութեան՝ «ռազմական ծախսերը հոգալու համար»:
Այդ կապակցութեամբ, Պաքու կոչ կ՛ընէ ՄԱԿի անդամ բոլոր երկիրներուն, որ իրենց միջազգային պարտաւորութիւնները յարգելով՝ ձեռնարկեն լուրջ հակազդեցութեան միջոցներու` իրենց տարածքներուն մէջ արձանագրուած եւ «վերոյիշեալ անօրինական գործողութիւններով զբաղուող կառոյցներուն դէմ»։
Պաքու Սփիւռքի մէջ այս արշաւներուն գլխաւոր պատասխանատուները կը նկատէ՝ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը, ՀՅԴի Միացեալ Նահանգներու կազմակերպութիւնը եւ «անոր լոպիական թեւը հանդիսացող» Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, պնդելով, որ այս վերջինին նպատակն է Արցախի տագնապին երկարաձգումը, «թունաւոր» որակելով Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով Հայ Դատին տարած գործունէութիւնը եւ պնդելով, որ անիկա «ի մի կը բերէ հայ ազգայնամոլները»։
Պաքուի նաեւ «ծայրայեղական եւ ծաւալապաշտական» կ՛որակէ ՀՅԴն։
https://asbarez.am