Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times
 

 
 
"Լեզու", ըսելով կը հասկնանք , անհատներու ,հոգեկան , զգացական , մտային ու  ներաշխարհի արտադրութիւնները  բերանացի եւ կամ գրաւոր նշաններու ու ձայներու  դրութեան   այն  ամբողջականութիւնը , որ, մարդիկ  իրենց միջեւ   հաղորդակցութեան եւ նաեւ իրենց միջեւ  կապ հաստատելու համար   կը գործածեն:  Լեզուն, մարդկային  հաւաքականութիւններուն գոյատեւման համար , անզիջելի ու  հիմնական  անհրաժեշտութիւն մըն  է կրնանք  ըսել:
"Մայրենի Լեզու" ըսելով  կը հասկնանք , պատմական  որոշ ժողովուրդի եւ կամ  որոշ հաւաքականութեան մը  եւ կամ  որոշ ազգի մը պատկանող   անհատներուն  իրենց միջեւ  գործածաց, ինքնայատուկ  լեզուն  : Մայրենի լեզուն, ձեւով մը  ազգային նկարագիր մը ունի  կրնանք  ըսել , մայրենի լեզուի   այս նկարագիրը  անհատներուն  պատկանելիութիւնը  ու ինքնութիւնը կը մատնանշէ, հոս կարեւոր   է անհատներուն , "Մայրենի Լլեզու" գաղաբարի  իմաստին   ըմբռնումը, ինքնութեան  ու պատկանելութեան   գիտակցութիւնը  ու  հասկացողութիւնը.:
301 թուականին երբ,Հայ ժողովուրդը, Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրնօք ընդունեց , իր սեփական գիրը չ'ունէր ,Յունարէն եւ կամ Ասորիներէն կը գրէր ու կը կարդար ,այս պատճառաւ ալ,  Սուրբ Գիրքը շատ մեծ դժուարութիւններով  կը կարդար ու  կը հասկնար , հետեւաբար  հայ կեանքի մէջ, Քրիստոնէութիւնը լաւ ըմբրնելու եւ ամրապնդելու գործընթացքի մեծ դժուարութիւններ կար : Միւս կողմէ ալ  ,ժողովուրդը կրօնական  ու քաղաքական  մեծ վտանգներու  ու սպարնալիքներու հետ դէմ  առ դէմ էր, գրեթէ  երկիրը  բաժնուած էր. Երկրի  արեւմտեան մասը նախ Հռոմէական, աւելի վերջ Բիւզանդական , իսկ երկրի արեւելեան մեծ հատուածը Սասանեան Պարսկատանի պետութիւններու  միջեւ բաժանուած էր: Զրադաշտականութեան դաւանող Սասանեաններու  թագաւորութիւնը հայերը հէթանոսութեան դարձի բերելու  նպատակ ունէր. Հայ Ժողովուրդը կորսունցուցած էր  իր պետութեան անակախութիւնը  ու զրկուած էր իր մայրենի լեզուով իր կրօնքը հասկնալու հնարաւորութիւններէն ու սեփական միջոցներէն.
Հայ ժողովուրդի մէջ Քրիստոնէութեան արմատաւորումն ու տարածումն մի միայն կրօնական հարց մը չէր, այլ նաեւ գոյատեւման ու քաղաքական հարց մըն էր որ, նպատակ ունէր ,ժողովուրդի "Ձուլման" ու քայքայման վտանգին դէմ ըլլալ:
Ահա այս մտահոգիչ պայմաններու ազդեցուներէ ներշնչուած Մեծն Մեսրոպ կը յանգի այն եզրակացութեան որ, հարցին միայն լուծումն է ,Քրիստոնէութիւնը Հայ աշխարհի մէջ  ամրապբդել ու տարածել,որուն համար պայման էր,Սուրբ Գիրքը "Հայացնել": Միայն այս ձեւն էր որ, հայ ազգին "Միաբանութիւն"ը կարելի պիտի ըլլար կազմել , հետեւաբար ազգին գոյատեւումը ապահովել:
Մեսրոպ Մաշտոց այս նպատակին իրագործման համար նախ "Հայկական Սեփական Գիրերու Գիւտը" ապա Սուրբ Գիրքի Հայերէնի Թարգմանութեան համար գործի լծուեցաւ եւ  տքնաջան աշխատանքէ մւ վերջ  405 թուականին յաջողութիւնով իր նապատակին հասաւ:
 


 
Մեր մայրենի լեզուն Հայերէնի պատմաշրջաները, գլխաւորորաբար, կրնանք հետեւեալ ձեւով դասաւորել: Ա-Գրաբար-Դասական լեզու-մինջեւ 9-10րդ. դարեշրջան։
Բ- Միջին Հայերէն-Կլիկիոյ Հայերէն-մինջեւ 13-14րդ.դար։ Գ-Աշխարաբար Հայերէն,որը15-16րդ.դարուն սկսաւ արեւմտհայերէն եւ արեւելհայերէնի ճիւղերու բաժնուիլ։
Մ.Մաշտոցի ստեղծած հայկական այբուբենի հիմնական սկզբունքները հետեւեալներն են։
1-Մէկ տառի համար մէկ հնչիւն,մէկ հնչիւնին համար ալ մէկ տառ,բացարութիւն է,՛՛ու՛՛ տարը, որ բաղկացած է երկու գիրերւ միացումէն ու այբուբենի մէջ չի մտներ.
2-Աջընթաց հորիզոնական գրութիւն ,որուն առաւելութիւնը ակներեւ է.
3-Տարորոշիչ նշաներու բացկայութիւն:Մ.Մաշտոց խուսափեցաւ գիրերու տակ կամ վրան,կամ քովը դրուած զանազան նշաններու Հայերէն այբուբենի մէջ գործածել.
4-Հայերէն այբուբենը կը ներկայացնէ ՛՛Միասնական հնչիւնական համակարգ՛՛,այսինքն ՛՛Հնչունային գիր՛՛ է, հնչիւններու զանազան արտասանութեան տարբերութիւններ չ՝ունի։
5-Վեց նմանաձայն տառեր ունի,՛՛Բ-Փ՛՛,՛՛Գ-Ք՛՛,՛՛Դ-Թ՛՛, ՛՛Ռ-Ր՛՛,
՛՛Ջ-Չ՛՛,՛՛Վ-Ւ՛՛,ասոնց առընթեր կեցած են, Ո,Յ,Ե,Է,Ի գիրերը, որոնց հանաց ձայները բառասկիզբին տարբեր,իսկ բառամիջին ուրիշ ձայն կը հանեն.
Հայ գիրերը թիւով նախ 36,ապա 1500 տարի վերջ ,աւելցած է հնչիւները արտայայտելու համար յաւելեալ "Օ","Ֆ" գիրերը,որոնք միջին դարուն Կլիկիոյ հայ իշխանութեան շրջանին մտաց են հայկական այբուբենին մէջ։
Իսկ Սովետական շրջանին Խորհուրդային Հայաստանի մէջ,1922-1934 թուականերու միջեւ արեւելահայերէնը եւ այբուբերանը ենթարկուած է մեծ փոփողութիւններու, ինջպէսին՛,՛՛Է՛՛եւ՛՛Ո՛՛տառերու հարցը,այս շրջանը կարելի է ՛՛Հայերէնը Սովետականացնելու Շրջան՛՛անուանել.
405 թուականին Մեսրոպ Մաշտոց կը ստեղծէ հայոց գիրերը՝ սկիզբ դնելով հայերէնի գրային ժամանակակից փուլին, որ իր կարգին կը բաժնուի քանի մը ենթափուլերու։
 
Գրաբար-Հին Հայերէն
Գրային հայերէնի առաջին փուլը հին հայերէնն է կամ, ինչպէս ընդունուած է կոչուիլ,<< Գրաբարը>>։ Գրաբարը հայերէնի հին շրջանի գրական մշակուած տարբերակի անուանումն է։ Այս մէկը կ՝ օգտագործուէր գրիչներու մատեաններուն մէջ, եկեղեցական ծիսակատարութիւններու ժամանակ եւ առօրեայ կեանքի մէջ, սակայն ժամանակի ընթացքին խօսակցական լեզուն այնքան կը հեռանայ գրական լեզուէն, որ հասարակութիւնը  լաւ չէր հասկնար զայն։ Այնուամենայնիւ գրաբարը լայնօրէն կը գործածուէր մինչ 11-րդ դար։ Առաջին նախադասութիւնը, որ գրուած է գրաբարով, գրուած է Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէն եւ այն է՝
Aquote1.png ՃԱՆԱՉԵԼ ԶԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶԽՐԱՏ, ԻՄԱՆԱԼ ԶԲԱՆՍ ՀԱՆՃԱՐՈՅ Aquote2.png
 Կը նշանակէ ճանաչիր իմաստութիւնը եւ խրատը, իմացիր հանճարի խօօսքերը։

Միջին հայերէն

Միջին հայերէնը կամ Կիլիկեան հայերէնը գործածուած է 11-րդ դարէն մինչեւ 16-րդ դարը։  Սակայն կատարուած  բարեփոփոխութիւնները բաւարար չէին, որ ան դառնար հանրութեանը մատչելի լեզու։
Այս շրջանին ստեղծագործածներէն  են Ֆրիկը, Նահապետ Քուչակը, Գրիգոր Նարեկացին եւ այլք։

Աշխարհաբար-Նոր Հայերէն

Աշխարհաբարը կամ նոր հայերէնը գործածուած է 17-րդ դարէն եւ վերջնականապէս ձեւաւորուած է 19-րդ դարուն։ Այսօր  Հայ աշխարհի մէջ աշխարհաբարը կը համարուի հայ ժողովուրդի հաղորդակցման հիմնական միջոցը։ Աշխարհաբարի հիմնադիրը հայոց մեծ բանաստեղծ եւ լուսաւորիչ Խաչատուր Աբովեանն է։

Արդի աշխարհաբար  հայերէնը՝ , հանրութեանն կը ներկայանանայ երկու ճիւղով՝ Արեւմտահայերէն եւ Արեւելահայերէն։
Արեւմտահայերէն:
Կը գործածուի սփիւռքահայերու, բացառութեամբ՝ Ռուսաբնակ, Իրանաբնակ եւ Ջաւախքի, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանական ԽՍՀ-էն (Նախիջեւան,  Պաքու, Սումկայիթ) բռնագաղթուած հայութեան կողմէն։ Այս ճիւղը առաջացած է Կոստանդնուպոլսոյ եւ Տրապիզոնի բարբառներու միախառնումէն։
Արեւելահայերէն:
Կը գործածուի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններու, ինչպէս նաեւ վերոյիշեալ երեք երկրներուն մէջ ապրող հայերու կողմէն որպէս գրական լեզու։ Այս ճիւղը առաջացած է Վանի, Խոյի եւ մեծապէս Այրարատեան բարբառի միախառնումէն։ Այսօր Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին տիրապետող գրական լեզուն արեւելահայերէնն է։
2Փետրուար 1999 թուականին, UNESCO ի, "Միջազգային Մայրենի Լեզուի Օր"ի  առթիւ,"Աշխարհի Վրայ  Վտանգի Տակ  Եղող  Լեզուներ" վերնագիրի տակ  հրապարակաց  քարտէսին  մէջ  Արեւմտահայերէնը  կը դասաւորուի "Լուրջ Վտանգի Տակ Եղող Լեզուներ" ու կարգին, ի մասնաւորին կը շեշտուի թէ',  արեւմտահայերէնը Թուրքիոյ  ու Լիբանանի  մէջ,  անվիճելի օրէն "Կորսուելու Լուրջ Վտանգի Տակ" է:
Նորութիւն մը չէ որ ,սփիւռքի մէջ ապրող հայերու խօսած  արեւմտահայերէնը արդէն իսկ երկար  տարիներէ ի վեր իր  նահանջը կ'ապրի, սակայն, <<Միջազգային  Մայրենի Լեզուի Օր >> ի  առիթով հոս նպաստաւոր  կը  նկատենք , նահանջի  ծնունդ  տուող   գլխաւոր ազդակներուն  անգամ մը եւս,  հակիրճ  աչք մը  նետել:
 Սփիւռոահայութեան  մէջ ,  կայ սերուդ մը , որոնք, ոչ միայն  ազգային կատարեալ  զգացումներով հայերէն կը խօսին,ալ  նաեւ իրենց միջավայրի մէջ ալ  կը կարդան  ու կը գրեն  կատարեալ  հայերէն, սակայն , կարճ  ժամանակ  ետք , կամայ ու ակամայ   կ'ազդուին  տեղական լեզուէն եւ կ'սկսին   տեղական    օտար բառեր գործածել իրենց խօսակցութեան մէջ ու հետզհետէ  կը դադրին հայերէն թերթ  կարդալ, հայերէն նամակ  գրել, հայերէն խօսիլ:
 Նոր սերունդի հայերը  արդէն իսկ, շատ հեռու է, հայերէն կարդալէ ու գրելէ  եւ նաեւ  խօսելէ:
Սփիւռքի   հայախօս  ընտանիքներու նորածին  մանուկները  աչքերնին կը բանան , տեղական հեռուստատեսիլի , ոչհայերէն/ տեղական լեզուով պատրաստուած  մանկական ժապաւէններու  ցուցադրութեան, իսկ, ականչնին կը լսէ տեղական  ոչհայերէն  բառեր : Եթէ  այն ընտանիքին մէջ , հայերէն խօսիլը  պարտադիր չէ եղած , այդ ընտանիքի մէջ ապրող մանուկը հաւանաբար, նախ պիտի սորվի  ոչ  թէ իր  մայրենի լեզուն, այլ  տեղական ոչհայերէն լեզուն.
Անյարմար պայմաները  ու դժուարութիւնը կը խիստանայ, երբ որ , մանուկը նախ  մանկապարտէզի ապա  յետոյ  դպրոցի  տարիքին կը հասնի. Սփիւռոահայութեան տարածքին, ամէն  հայ բնավայրի մէջ  հայկական մանկապարտէզի ու դպրոցի չգոյութեան  պատճառաւ մանուկը պիտի սորվի  նախ ոչ թէ իր մայերին այլ   տեղական լեզուն:
Հոս անհերքելի է, Հայ ծնողքին մայերենի լեզուի հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութիւնը   ու գիտակցութիւնը, մայրենի լեզուի նշանակութեան  ըմբռնումը :Անտարակոյս  կարեւոր է նաեւ ,իրենց  շուրջ հայ կրթարան մը ունենալը:
Սփիւռքահայութեան մէջ ուրիշ մէկ սերունդ մը ,կը ներկայացնեն  մռայլ  դէմք մը, որոնք, առանց հայերէն  կարենալ  կարդալ  ու գրելու, օտարախառն հայերէն լեզուով  խօսողներ են , իրենց կարգին   չգիտցած հայերէնով ,ինչ՞, պիտի կարենան տալ  իրենց զաւակներուն, հետեւաբար,  հոս  ալ  դարձեալ  յայտի կ'ըլլայ   "Հայ կրթարանի կամ դպրոցի եւ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ"  գոյութեան կարեւորութիւնը:
 Մայրենի  լեզուին   հիմնական  սնունդն է , "Հայ Հոգի" ի գոյութիւնը ու "Մայրենի Լեզուի Նշանակութեան  Գիտակցութիւնը ու Ըմբռնումը", առանց հայ հոգիի ու  գիտակցութեան  մայրենի  լեզուն  նախ կը տկարանայ  ու ապա  կ'անհետանայ , կան անշուշտ, Վիլյամ Սարոեանի ,  Փիթէր Պալաքեանի ,  Գիրք Գիրգորեանի եւ ուրիշներու նման, ընդունելի   բացարութիւններ , որոնք  թէեւ  հայերէն չէն գիտեր , սակայն  հոգիով ու  սիրտով    գիտակից հայեր են եւ ստանձնելով   որոշ առաքելութիւններ եւ <<Մայրենի Լեզու>>ի կենսական կարեւորութիւն  ընդգծելով ու  շեշտելով,  կը ծառայեն  հայ ժողովուրդի  գոյատեւման համար.
Անշուշտ ,կան  արեւմտահայերինի  նահանջի  կանխարգելիչ ու կասեցուցիչ միջոցառումներ, որոնք , կարելի է ,Ֆինասական, Վարչական, Կրթական  եւ Անձնական հիմնական  գլուխներու  մէջ  դասաւորել;
 Ա-Ֆինանսական Միջոցառում:
 -Ազգային եւ կամ Համայքային  Հաստատութիւններու եւ ընտանիքներու մասնակցութեամբ հաստատել "Մայրենի Լեզուի Վերակենդանացման ու Զարգացման Ֆօնտ" մը
-Բ-Վարչական Միջոցառումներ:
 Համայնքային բոլոր կրթական հաստատութիւններու  մասնագէտ  ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ  կազմել,  "Մայրենի Լեզուի Հետազօտիչ ու Խորհուրդակցական  Հասարակ Մարմին" մը , որը պիտի ստանձնէ , մայրենի լեզուի դասաւանդութեան  ու սերտողութտեան  համար գաղութի եւ կամ համայնքին նպաստաբեր ու արդիւնաբեր ամէնահարմար  հասարակաց  դրութիւնը  առաջարկելու   կամ  ճշդելու  պարտականութիւնը.
 Յատկապէս զարկ տալ Արեւմտահայերինի դասատուներու նախապատրաստական ու վերապատրաստական աշխատանքներու :
Գ-Կրթական Միջոցառումներ:
   ա- Մայրենի լեզուի դասերու դասանիւթերը, դասագիրքերը, դասաւանտութեան միջոցները մասնագէտներու  կողմէ  վերաքննութեան  ենթարկել ու ի տեղին արդիականացնել  ու ժամանակակից  հնարաւորութիւնները  օգտագործել.
   բ- Հայերէն Օրաթերթերը , վարժարաններու մէջ,  որպէս, օժանդակ   դասանիւթ գործածել.
   գ- Մանուկներու , ու երախաներու  համար  մասնայատուկ  Հայերէնով  պակերազարդ  գիրքեր , ձայնաերիզներ , մանկական ժապաւէններ DVD, Video,պատրաստել:  Մանուկներու  միջեւ, մանկական  հայերէն  երգերու  մրցանակներ  ու այլ խաղեր կազմակերպել.
   դ-Արեւմտահայերինի Հրատարակութիւններու զարկ տալ:
   ե-  Բանախօսութիւններ  կազմակերպելով , հրատարակութիւններով , հայ մամուլի եւ եթէ կան  հայերէն  ձայնասփիւռի եւ կամ հայերէն հեռուստատեսիլի  միջոցով , ժողովուրդին  մայրենիի   հանդէպ   հետաքրքրութիւնը  քրքրող  քարոզչական  աշխատանքներու  զարկ  տալ:
   զ-  Սանոց Միութիւններն,կրթական եւ մշակոյթային  այլ  կազմակերպութիւններն ալ , արեւմտահայերինի նահանջի  կասեցման  եւ կամ կանխարգելման  աշխատանքներուն իրենց  հնարաւորութեան սահմաններու մէջ պաշտօն ու  պատասխանատութիւններ  ստանձնելով   համագործակիծ ըլլալ:
--  Արեւմտահայերէնի,հայ աշակերտներու համար աւելի հրապուրիչ եւ հետաքրքիր դարձնելու նպատակաւ "Հայերենի Մրցախաղեր"  կազմակերպել.
 Դ-Անձնական Միջոցառումներ:
    1- Յաճախակի  Հայերէն  թերթ ու կամ այժմեական  հայերէն   գիրքեր  կարդալ , չհասկցուած  բառերու իմաստը ,  բառարանէն  սորվիլ.
 2-Համարձակեցէք,   առանց սխալ խօսելու վախ ու ներքին ճնշում ունենալով, ազատ ձեւով  հայերէն խօսիլ.
 3-Փորձենք , ձեր , ընկերային,ազգականային, ու այլ  մտերմային  մօտ շրջանակներու մէջ , միշտ օտար բառերէ մաքրուած Հայերէն խօսելու  միջավայր մը  ստեղծել.
 4-Փորձենք, յաճախ հայերէն   Ձայնասփիւռ, Հայկական եթերներ, հայկական երգեր,   իմանալ, Հայկական Հեռուստատեսիլ դիտել.
 5-Փորձենք մեր հայերէնի   բառամթերքը հարուստացնել.
 6-Փորձենք  ամէն օր , մի քանի  շատ պարզ, հայերէն  նախադասութիւններ  գրել , յաջորդ օր   նախորդ օրուանը կարդալ  ու  սխալները սրբագրել.
 
 Անշուշտ կարելի է, այս  ուղղութեամբ օրինակները  բազմացնել, սակայն ամէնակարեւորը, << Արեւմտահայերէնի կորսուելու լուրջ վտանգ>>ի դէմ, առանց յույսահատութեամբ, շուտ օրէն միասնաբար աշխատելու սկսիլն է, որը  բոլորիս պարտականութիւնն է.
Յաջողութեան համար պայման է ,Կամք, Համագործակցութիւն ու Հասարակաց   Ծրագիր, Համախմբուած ու Միասնական Աշխատանք.
 
 
    Տօքթ.Սարգիս Ատամ