ՔԱՆՊԵՐԱ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Աւստրալիոյ խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տունը միաձայնութեամբ թեր արտայայտուեցաւ այն բանաձեւին, որմով կոչ կ՛ուղղուի կառավարութեան՝ ճանչնալու օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-1923ին հայերու, ասորիներու ու յոյներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Հայկ Քայսերեան ըսաւ, որ միաձայն այս դիրքորոշումը կը բացառէ թրքական միջամտութիւնը Աւստրալիոյ արտաքին քաղաքականութեան եւ կը յորդորէ «մեր վարչապետը եւ անոր ղեկավարած կառավարութիւնը՝ կանգնիլ ընտրուած ներկայացուցիչներուն կողքին եւ ցեղասպանութիւնը կոչել ցեղասպանութիւն»:
Երեսփոխան Թրենթ Զիմըրմանի ներկայացուցած բանաձեւը կը յորդորէ Աւստրալիոյ կառավարութիւնը՝ հաւատարիմ մնալ 1948ի՝ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ դատապարտման վերաբերող ուխտին եւ ճանչնալ «օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-1923 թուականներուն հայերու, յոյներու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը»:
Երեսփոխան Թ. Զիմըրմանին միացան երեսփոխաններ Ճոն Ալեքսանտր, Ճիւլիան Լիզըր, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր անդամներ, երեսփոխաններ Ճոշ Պըրնզ, Սթիւ Ճիորճանաս եւ Ճոէլ Ֆիցկիպոն: