ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, 8 Նոյեմբերին, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքին կազմակերպած հանրահաւաքը, որմով ընդդիմութիւնը սկիզբ կը դնէ համազգային դիմադրութեան: Հրապարակը բազմամարդ էր. հանրահաւաքին ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան:
Նախքան հանրահաւաքի մեկնարկը, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին 44օրեայ պատերազմին յանուն հայրենիքին զոհուած հերոսներուն յիշատակը:
Հաւաքը կազմակերպուեցաւ մէկ տարի առաջ ստորագրուած երակողմ յայտարարութեան օրը։
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ այդ հաւաքով հիմք կը դնեն համազգային դիմադրութեան. հայ ժողովուրդը պէտք է ձեւաւորէ համազգային դիմադրութիւն, որ պիտի ունենայ երկու ճակատ՝ արտաքին եւ ներքին:
Հանրահաւաքին խօսք առին նաեւ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան: