Լիբանանի նախագահը “Արզ” շքանշանով պատուեց Նոպելեան մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեանը։ Այս մասին հայտնում է մրցանակակրի քույրը՝ Հուրի Փաթափուրթյանը։
Օրեր առաջ Բեյրութի «Ազդակ»ը հայտնել էր, որ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն «Լիբանանեան արժանեաց ոսկեայ շքանշան» ընծայեց բժշկութեան ոլորտին մէջ 2021ի Նոպէլեան մրցանակին արժանացած ամերիկաբնակ լիբանանահայ դոկտ. Արտեմ Փաթափութեանին:
«Այս իրադարձութիւնը հպարտութիւն է իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար, ինչպէս նաեւ գնահատանք է ձեր գիտական երկարատեւ հետազօտութիւններուն, որոնք արդիւնաւորուեցան այս նուաճումով: Իրագործում մը, որ նաեւ Լիբանանի համար նուաճում է, յատկապէս երկրին դիմագրաւած ներկայ դժուար պայմաններուն լոյսին տակ», ըսաւ նախագահ Աուն:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւս շնորհաւորեց Արտեմ Փաթափութեանը եւ հաստատեց, որ լիբանանահայ գիտնականին ստացած այս մրցանակը հպարտութիւն է իրեն համար: