Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

ՕՐԵՐ-ի խնդրանքով ֆրանսահայ  ազգային եւ հասարակական գործիչ Վարուժան Ճինբաշյանը պատմում է  իր « Գաղթական Երկրէ - Երկիր» գրքի մասին։

 

 

            « Գաղթական Երկրէ - Երկիր» գիրքս կը ներկայացնէ շրջանի մը գաղթական կեանքը, երբ հայութեան մնացորդը ցեղասպանութեան հետեւանքով ցրուած էր զանազան երկիրներ։

Գրութիւններուս հաւաքածոն կ՚ընդգրկէ.

Ա.- Առօրեան Ֆրանսահայ Կեանքէն։

Բ.- Դրուագներ Ֆրանսական Աշխարհէն։

Գ.- Լրագրական Երգիծանք միջազգային մամուլէն։

Դ.- Կենսագրական Յուշեր Լիբանահայ Կեանքէն։

            Ես ինքս՝ ծնած եմ Լիբանան 1938-ին, գաղթական պայմաններու մէջ։ Հայրս կառապան էր։ Ծնողքս ոչ միայն ապրուստի հոգը ունէր, այլեւ արաբերէն խօսելու վարժութիւնը չունէր։ Համագիւղացի ֆնտճագցիները, երբ իրար հանդիպէին՝ գիւղի թրքախառն բարբառը կը խօսէին։ Իսկ մենք թրքերէն կը խօսէինք տան մէջ։

            Ես հայերէնը սորվեցայ դպրոցը՝ սրբոց Քառասնից ազգ. վարժարանը, Նոր-Մարաշ։ Մեր հայերէնի ուսուցիչն էր Զարէհ Զարգուն, հեղինակը «Հովուն Մատներու վրայ» գրքին։ Ոչ մէկ գաղափար ունէինք իր գրական վաստակի մասին։ Բայց ծանօթ էինք իր բեմական պերճախօսութեան։ Բարձրաձայն կը յայտարարէր, թէ «Ստրկութեան շղթաները պիտի փշրուէին եւ եռագոյնը նորէն պիտի ծածանէր Արարատի վերեւ»։

            Դեռ կը յիշեմ պատանեկան օրերու խանդավառութիւնս, երբ Մայիս 28-ի եւ Փետրուար 18-ի տարեդարձներուն բեմերու վրայ խօսք կ՚առնէին Զօր. Դրօ Կանայեան, Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթեւ այլ պատկառելի ղեկավարներ, որոնց բանախօսութիւնը կ՚ընդհատուէր ջերմ ծափահարութիւններով…

             Ազգային այս մթնոլորտին մէջ փոքր տարիքէն հետեւած եմ Հ.Յ.Դ. Ռոստոմ Պատանեկան Միութեան ժողովներուն՝ որպէս քարտուղար։ Յետագային նաեւ Վարիչ՝ նոյն պատանեկան միութեան։ Դաշնակցութեան շարքերը անցնելէն յետոյ՝ վարած եմ «Սարդարապատ» եւ Նիկոլ-Դուման կոմիտէներու քարտուղարի պաշտօնը։ Մասնակցած եմ ներկայացուցչական պատկառելի ժողովներուն՝ սատարելով բանաձեւի եւ այլ յանձնախումբերու աշխատանքներու։

            Նոր Մարաշի ազգ. նախակրթարանը աւարտելէ ետք՝ հայրս զիս արձանագրեց Հ.Բ.Ը.Մ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանը, որուն տնօրէնն էր Արա Թօփճեան։ Պատմութեան մեր ուսուցիչը՝ Գերսամ Ահարոնեան՝ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրապետը։

            Յովակիմեան-Մանուկեան ուսանողութեան 3րդ տարին վռնտուեցայ վարժարանէն՝ դասադուլի մը հետեւանքով։ Դպրոցական կէս տարեշրջանին փողոց մնացի։ Բայց «Սարդարապատ» կոմիտէի բարեխօսութեամբ ընդունուեցայ Նշան Փալանճեան ճեմարան, որուն տնօրէնի պաշտօնը կը վարէր Հայաստանի Ա. հանրապետութեան վերջին վարչապետ՝ սիմոն վրացեան։ Իրեն բացատրեցի թէ ինչո՞ւ վռնտուած էի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն։

            Ճեմարանի ուսանողական տարիներուս ստանձնած եմ «Ջահակիր» ուսանողական պարբերաթերթին խմբագրական աշխատանքները՝ Մ. Իշխանի քաջալերանքով։ Միեւնոյն ժամանակ հետեւած եմ Հայր Մսըրլեանի գիշերային հայագիտական դասընթացքներուն՝ St. Joseph համալսարան որպէս ազատ ունկնդիր։ Իր կարգադրութեամբ ղրկուած եմ Յիսուսեաններու գիշերօթիկ գոլէճը, ֆրանսայի հիւսիս-արեւելքը՝ REIMS քաղաքի մօտերը։ Ծննդավայրիս կարօտով՝ դպրոցական տարեվերջին Լիբանան վերադարձած եմ։ Վերադարձի ճամբուս վրայ Փարիզ այցելած եմ « Յառաջ»ի խմբագրատունը՝ Շաւարշ Միասքեանը տեսնելու։ Իրեն յայտնած եմ թէ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէինք իր խմբագրականներուն դաշնակցութեան ակումբներու մէջ։ Այնուհետեւ Մարսէյլէն նաւ ելլելով Լիբանան վերադարձած եմ։ ( 1956-ին)

            Ծնողքիս բեռ չըլլալու միտումով ՝ որպէս ֆրանսերէն լեզուի դասատու՝ 18 տարեկանիս պաշտօնավարած եմ  Նուպարեան ազգ. վարժարանը։ Յիշեալ նախակրթարանի տնօրէնն էր հնչակեան մտաւորական՝ Միհրան Սէֆէրեան։ Հայերէնի դասատուն՝ Պօղոս Սնապեան, գրչակից Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» ամսագրին։ Երկու տարի ետք՝ «Սարդարապատ» կոմիտէն զիս փոխանցած է Նոր- Մարաշի Սրբ. Քառասնից վարժարանը, ուր 20 տարի մնացած եմ ուսուցչական ասպարէզին մէջ։

            Հանրային կեանքին մէջ նախասիրած եմ մշակութային գործունէութիւնը։ Պուրճ-Համուտի համազգայինի վարչութեան ատենապետ  առիթը ունեցած եմ տեսնուելու մտաւորական շրջանակներու հետ։ Համազգայինի նախաձեռնութեամբ երգչուհի Արփինէ Փեհլեվանեանի հետ կազմակերպած ենք հայկական օփերայի 100 ամեակի հանդիսութիւնը Տէր- Մելքոնեան ընդարձակ սրահին մէջ։  Նոյն առիթով հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանի դեսպանը՝ որպէս պատւոյ հիւր։ Սրահէն ելքին՝ Հայաստանի դեսպանի յայտարարեց, որ « սքանչելի ձեռնարկ մըն էր հայկական օփերային նուիրուած։ Նման երգահանդէս մը չէր տեսնուած արաբական որեւէ երկրի մէջ…։

            Նոյնպէս Համազգայինի նախաձեռնութեամբ դասախօսութեան հրաւիրած եմ ծանօթ մտաւորականներ եւ արուեստագետներ, որուն համար քաջալերական գիր ստացած ենք վերի մարմինէն։

            Կնոջս ծանր հիւանդութիւնը պատճառ դարձաւ Ֆրանսա գաղթելու՝ զինք բուժելու համար։ վալանսի ընկերային ծառայութեան քարտուղարուհին հարկ եղած միջոցները ձեռք առաւ տիկինիս անմիջապէս հիւանդանոց ղրկելու։ Նախ՝ երեք ամիս վալանսի հանրային հիւանդանոցը։ Ապա, յաջորդող երեք ամիսներուն՝ Լիօնի                 հիւանդանոցը։ Փոխադրական ծախսերն ու բժշկական դարմանումները պետական հոգատարութեամբ։ Վիրաբուժական գործողութեամբ տիկինս փրկուեցաւ, բայց հաշմանդամ մնաց։

            Մինչ այդ՝ ուսուցչական թեկնածութիւնս ներկայացուցած էի ֆրանսահայ ամէնօրեայ վարժարաններու Փարիզ, Լիօն եւ Մարսէյ։ Ոչ միայն մերժուեցաւ, այլեւ  թելադրուեցաւ Լիբանան վերադառնալ… Տիկինս մնայուն բժշկական հսկողութեան տակ ըլլալով՝ չէի կրնար զինք լքել իր ճակատագրին։ հարկադրուեցայ որպէս բանուոր փայտ սղոցել ատաղձի գործարանի մէջ։ Նախահայրերս արդէն փայտահատ եղած էին։ Իսկ ես կառապանի զաւակ՝ վարժ էի չարքաշութեան։ Պատահմամբ՝ գործատան հաշուապահ- քարտուղարը երկար արձակուրդ առաւ առողջական պատճառներով։ Տնօրէնը նկատի առած պաքալորէայի մակարդակս՝ զիս փոխանցեց գրասենեակ։

            Ինծի վստահուած աշխատանքը արդարացնելու համար հետեւեցայ վալանիս Briffaut-ի ուսումնական կեդրոնի գիշերային դասընթացքներուն եւ վկայուեցայ  D.E.C.S հաշուապահական վկայականով։

            Ֆրանսայի տնտեսական տագնապի օրերուն ատաղձի գործարանը սննկութեան սէմին՝ ուրիշ քաղաք փոխադրուեցաւ։

Ես նախընտրեցի մնալ Վալանս, ուր կը գործէին 30-է աւելի հայկական միութիւններ։ Ինքնավաստակ հաշուապահի փորձառութեանս՝ երկու տեղ շուտով գործ գտայ, բայց երկուքն ալ շուտով սննկացան։ Այլեւս գործ չփնտռեցի երրորդ սննկութեան մը վախով։ 50 տարեկանին գոհացայ կանխահաս ծերութեան թոշակով, ինչ որ առիթ տուաւ ինծի երգիծական յօդուածներ ղրկելու Լոս ԱՆճելոս հրատարակուող «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին։ Յիշեալ թերթի տնօրէն - խմբագիրն էր Գրիգոր Շինեան՝ Անթիլիասի դպրեվանքի սաներէն։ Իր լայնախոհութեան շնորհիւ յաջողած էր «Նոր Կեանք»ին շուրջ համախմբել գրողներ եւ հրապարակագիրներ զանազան երկիրներէ։

            «Գաղթական Երկրէ-Երկիր» գրքիս հրատարակութիւնը կը պարտիմ մեծ տղուս՝ Նազօ Ճինպաշեանին, որ կը վարէ վալանսի հայ մշակոյթի տան նախագահի պաշտօնը։ Հակառակ բազմազբաղ ըլլալուն՝ ժամանակ գտաւ համադրելու գրքիս հետ առնչուող աշխատանքները։ Իսկ երկրորդ տղաս՝ Զարէհ Ճինպաշեան, նոյնպէս բազմազբաղ՝ նիւթապէս օժանդակեց տպագրական ծախսերուն։

            Շնորհակալութեան խօսք ունիմ Վալանսի Մշակոյթի տան վարչութեան անդամ- անդամուհիներուն, որոնց ազնիւ գործակցութեամբ կարելի եղաւ հրատարակել երգիծախառն գրութիւններու հաւաքածու՝

                             Գաղթական Երկրէ - Երկիր անուան ներքեւ։

 

orer.eu