Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times
 
Պճեղ մը անոյշ սիրտ
Անուշիկ Երանուհիս…
 
17 Յունիս 2021 կորսնցուցինք մեր գաղութի ծանօթ, գործունեայ ազգայիններէն , Գերմանահայոց Կեդրոնական Խոհուրդի պատուոյ անդամուհի,Երանուհի Հարթման Գալայճեանը:
 
Երանը ծնած էր Երուսաղէմ,20.04.1938ին ,ճանչծոած ընտանիքներու մէջ, խաչատուրեան
(Օհան Տուրեան, Նարէկ Տուրեան, փրոֆ. Հայկ խաչատուրեան) եւ Գալայճեան( հրապարակագիր, խմբագիր Արա Գալայճեանի զարմուհին էր)։
Հարը՝ Պօղոս Գալայճեանը ,Մարաշցի էր, Մարաշի մէջ ոսպի, բրինձի եւ պլղուրի գործարան ունէր, եւ նմանօրինակ գործարան մը հիմնած էր Երուսաղէմի մէջ:
Մայրը՝ Շողակաթ Սահակեան Երուսաղեմցի ճանչցուած՝ճարտարապետի ընտանիքէ կուգար։
1947 ընտանիոք կանցնին Ամման, յետոյ Պեյրութ:
Երանուհին կը հաճախէ Դարուհի- Յակոբեան վարժարանը, ուր աշակերտուհի կըլլայ մօրս՝Սօսի Պետիկեանին: իրենք 8 տարուայ տարիքի տարբերութիւն ունէին, մայրս նոր համալսարան աւարտած էր ու նետուած ուսուցչական ասպարէզ։
Ոչ միայն ուսուցչուհի-աշակերտուհի, այլ ընկերուհիի յարաբերութիւն կը մշակեն։
Նաեւ Երանուհին գործունեայ կեանք կունենայ ՀԲԸՄի Զարեհ- Նուպար ակումբէն ներս:
Պեյրւթի մէջ հը հանդիպի Կիւնթըր Հարթմանին, ընտանիք կը կազմեն։Միասին կը փոխադրուին Գերմանիայ, Պոնն,կունենան երկուորեակ զաւակներ էլքը եւ Հայկ: Կը փոխադրուին Կէօթինկըն։
 
1993էն ի վեր կապրէր Պերլին։
1986 ին ես , 28 տարեկանիս ընտրուեցայ Գերմանահայոց կեդրոնական կազմակերպութեան Dachverbandի վարչութեան անդամ: Նկատի ունենալով որ վարչութեան ամենաերիտասարդ անդամն էի, ինծի յանձնուեցաւ երիտասարդութիւնը կազմակերպելու պարտականութիւնը:
Ընդհանուր ժողովի ընթացքին հանդիպեցայ Երանուհիին, մի քանի երկուարկեանէն մտերմացանք, երբ լսեց թէ Վարուժանին եւ Սօսիին տղան եմ, զօրաւոր մը փաթթուեցաւ եւ պաչիկնեեեեր փակցուց:
Հիմքը դրինք երկար եւ սերտ համագործակցութեան:
Հիմնեցինք երիտասարդական եւ կրթական յանձնախումբեր։
Երանուհի եղաւ կրթականի ատենապետուհին։ Միասնաբար կազմակերպեցինք երիտասարդական հաւաքոյթներ որուն կը մասնակցէին 300 չափ երիտասարդ- երիտասարդուհիներ:
Հիմնեցինք Մեսրոպ Մաշտոց մանկա- պատանեկան ամառնային ճամբարը:Կազմակերպեցինք հայերէնի ուսուցչական սեմինարներ, սկսանք աշխատիլ դասագիրքերու վրայ։Բաւական բեղուն գործունէութիւն ունեցանք։ Քրոջ-եղբօր պէս էինք։ Տարբեր նկարագիր ու մօտեցումներ ունէինք։ Ինք պահպանողական- խաղաղասէր, ես“յեղափոխական“:
Ազգասէր, հայրենասէր, նուիրուսծ, աշխատասէր, շատախօս(ամենակարճ հեռախօսային զրոյցը կը տեւեր առնուազն երկու ժամը, մէկ նիւթը կը բանար տասը նիւթ)։հիւրասէր,ջերմ ու տաքուկ կին մը։ Շահնուրի խօսքով՝ պճեղ մը անոյշ սիրտ:
1993ին հաստատուեցաւ Պերլին եւ ստանձնեգ հայ համայնքի Հայերէնի դասընթացքները:
Անսահման սէր ու գուրգուրանք կը գուցաբերէր հայ մատղաշ նոր սերունդի հանդէպ։ Իր ամբողջ ոյժը դրաւ հայերէն լեզուի, մշակոյթի, պատմութեան գիտելիքներ փոխանցելու նոր սերունդին, հազարաւոր հայորդիներու: Իր գլխաւոր ժառանգութիւնը սակայն եղաւ իր աղջիկը, փրոֆ. Էլքը Հարթմանը, որ շուտով վարիչը պիտի ըլլայ Պերլինի համալսարանի թրքագիտութեան ամպիոնի։ Ասոր իմաստը հասկնալու համար պէտք է նկատի առնել որ Գերմանիոյ նման կարեւոր երկրի մը մէջ կապրին աւելի գան 3 միլիոն թրքական ծագումով անձեր եւ հազարաւոր ուսանողներ։
Վերջին տարիներուն առողջական պատճառներով քաշուած էր ամէն ինչէ:
Նկատի ունենալով որ Երանուհիի կեանքի գլխաւոր մտասեւեռումը եղաւ Հայ մատղաշ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը, իր հարազատները եւ ընկերները նախաձեռնեցին իր անունով կրթական հիմնադրամի մը ստեղծումը:
 
 
Թաղումը պիտի կատարուի Պերլինի մէջ, 22 Յուլիսին, ժամը 12.30ին, հասցէ
Fürstenbrunnerweg 37-67
 
 
Իր յիշատակը յարգողներէն պիտի խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի իրենց նուիրատութիւնները փոխանցել 
 
 Elke Hartmann
IBAN: DE31 1005 0000 1220 2215 69
BIC: BELADEBEXXX
USAGE: Donation Yeran
Address of bank: Landesbank
Berlin AG Alexanderplatz 2 D-10178 Berlin
 
 
Սիրտէս ու հոգիէս կտոր մը բռցուցիր , հետդ տարիր։
Քեզ միշտ սիրող եւ յարգող՝
եղբայրդ եւ ընկերդ ՝
Րաֆֆի Պետիկեան
Տինսլաքըն
17 .07.2021