Մալխաս Ամոյեան
ԵՐԵՒԱՆ.- Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ իր աւարտին հասաւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար մարզիկներու ախոյեանութիւնը:
72 քլկ. դասակարգին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Մալխաս Ամոյեան, որ աւարտականին մրցեցաւ ուքրանացի Անտրէյ Քուլիքի դէմ, տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով եւ արձանագրելով 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը՝ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Նշենք, որ նախքան աւարտականին հասնիլը, Ամոյեան արձանագրեց այլ տպաւորիչ յաղթանակ մը ատրպէյճանցի Խասայ Հասանլիի դէմ, 7-0 արդիւնքով:
Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ նաեւ Հրաչեայ Պօղոսեան, որ 63 քլկ. դասակարգի աւարտականին 4-1 արդիւնքով յաղթեց շուէտացի Նիքլաս Օհլենին:
Հրաչյա Պողոսյան
Թէեւ Դաւիթ Օւասապեան (130 քլկ.) հասաւ աւարտականին, սակայն 5-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իր ռուս մրցակիցէն` Միհայիլ Լափթեւէն, բաւարարուեցաւ արծաթ մետալով:
Արծաթէ մետալներ շահեցան նաեւ Ռազմիկ Պապիկեան (61 քլկ.) եւ Հրայր Ալիխանեան (74 քլկ.)։
Արման Աւագեան, Սամուէլ Գրիգորեան, Տիգրան Մինասեան եւ Արման Անդրէասեան հանդիսացան պրոնզէ մետալակիրներ:
Աղբյուր՝ Մալխաս Ամոյեան Եւ Հրաչեայ Պօղոսեան` Եւրոպայի Ախոյեաններ | Asbarez - Armenian
orer.eu