ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեան պիտի մասնակցի խորհրդարանական ընտրութիւններուն` իբրեւ կուսակցութիւններու դաշինքի ղեկավար: Ըստ «ԹԱՍՍ»ի՝ Քոչարեան այս մասին յայտնեց ռուսական առաջին ալիքի եթերէն, Վլատիմիր Փոզնըրին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
«Ես ղեկավարել եմ երկիրը 10 տարի, բայց անկուսակցական եմ: Կը մասնակցեմ ընտրութիւններին` որպէս կուսակցութիւնների դաշինքի ղեկավար», նշեց Քոչարեան՝ աւելցնելով, որ ամենայն հաւանականութեամբ, դաշինքին մէջ պիտի ըլլան երկու կուսակցութիւններ:
Սակայն Քոչարեան չնշեց, թէ ո՛ր կուսակցութիւնները դաշինք պիտի կազմեն՝ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար: