27 Փետրուար 2021ին, իր աւելի քան մէկդարեայ պատմութեան ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Երկամեայ Ընդհանուր ժողովը, խախտելով աւանդութիւնը, աշխատանքները կազմակերպեց ամբողջովին առցանց դրութեամբ։ Նկատի ունենալով շարունակուող համավարակը, որ արդէն թեւակոխած է իր երկրորդ տարին եւ տակաւին կը շարունակէ թէժ օճախներու ձեւով պահպանուիլ ամբողջ աշխարհի տարածքին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովը յօժարեցաւ օգտուիլ առցանց դրութեան ճարտարարուեստներու ընձեռած կարելիութիւններէն՝ հեռավար ձեւով միաւորելու աշխարհատարած իր անդամակցութիւնը։
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանին ընձեռած կարելիութեանց շնորհիւ, 32 երկիրներէ հարիւրաւոր մասնակիցներ կրցան միանալ Zoom-ի միջոցով՝ անգլերէնէ հայերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն համաժամանակեայ թարգմանութեամբ։
«Անցեալ տարի պսակաձեւ ժահրի բռնկումէն ի վեր Հ.Բ.Ը. Միութիւնը առցանց դրութեամբ կրցաւ ճկունութիւն եւ հնարամտութիւն ցոյց տալ։ Այդ ատենէն ի վեր մեզի համար պարզ դարձաւ, որ ոչ միայն կրնանք շարունակել մեր առաքելութիւնը, այլ նաեւ աւելի քան երբեք ընդարձակել մեր հասու ըլլալը գաղութներու աւելի մեծ զանգուածներուն, որոնց կը ծառայենք», ըսաւ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ եւ Ատենադպիր Սարգիս Ճէպէճան, որ կը վարէր Ընդհանուր ժողովը։
Ողջոյնի խօսքերէ ետք, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը տուաւ իր Օրհնութեան Խօսքը՝ Ընդհանուր Ժողովին մաղթելով յաջող եւ արդիւնաւոր ընթացք, ինչպէս նաեւ շեշտեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կարեւոր դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Ինչպէս միշտ, պաշտօնական օրակարգը կ՛ընդգրկէր 2018-2019 տարեշրջանի ընդհանուր նիւթական տեղեկագրութիւնը, զոր ներկայացուց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի Գանձապահ Նազարէթ Ֆըսթըքճեան եւ նոյն տարեշրջանի բարոյական տեղեկագիրը Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ եւ Փոխ-ատենադպիր Արտա Յարութիւնեան։ Կրթութեան ասպարէզին մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կատարած աշխատանքը, մանաւանդ Հայկական Համացանցային Համալսարանի հսկայական ներդրումը հայ կրթութեան մէջ, հիմնադրումէն ի վեր անցնող տասը տարիներու ընթացքին, ներկայացուց Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Լենա Սարգիսեան։ Կարճ հարց ու պատասխանին յաջորդեց քննարկում հարցերու շուրջ, զորս նախքան Ժողովը ներկայացուած էին անդամներու կողմէ։
Գովասանքի խօսքեր ըսուեցան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի երեք խումբերու հասցէին, որոնց մասին Միութեանս նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեան հպարտութեամբ խօսեցաւ՝ վեր առնելով ժամանակի եւ փորձառութեան անոնց աներեւակայելի զոհողութիւնը 2020ի ճակատագրական պահերուն։ Այդ խումբերու մէջ էին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովը եւ անոր Ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանը եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի լիբանանեան ամբողջ կառոյցը, որոնք անգամ մը եւս գնահատեցին իրենց քաղաքացիական ներգրաւուածութիւնը լիբանանեան կեանքէն ներս, անցեալ տարուան Օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք։ Նախագահ Սեդրակեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի աշխարհատարած մասնաճիւղերու սկաուտներուն, իրենց քրտնաջան աշխատանքին եւ ցոյց տուած համայնքային ծառայասիրական ոգիին համար, աներեւակայելիօրէն դժնդակ ժամանակներուն, երկրէն ներս թէ աշխարհի տարածքին։ «Մենք երջանիկ ենք, որ անոնք կը կրեն Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կրծքանշանը եւ մեզ այդքան լաւ ձեւով կը ներկայացնեն», նկատեց Սեդրակեան, որ ինք նոյնպէս անցեալին սկաուտական շարժման առաջնորդ եւ ղեկավար եղած է։ Վերջապէս, յատուկ յիշատակուեցան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Երիտասարդ Արհեստավարժներու խումբերը, որոնք համաճարակի բռնկումին ընթացքին դրսեւորեցին առաջնորդութիւն ստանձնելու իրենց կարողութիւնը, նախայարձակ կերպով գտնելով հաղորդակցութեան մէջ մնալու միջոցներ, ինչպէս նաեւ ապահովելով աշխատաժողովներ կարեւոր հարցերու շուրջ ժամանակին միտքերու փոխանակութիւն կատարելու։
Իր պաշտօնական երկամեայ ուղերձին մէջ նախագահ Սեդրակեան անկեղծօրէն ընդունեց, որ Հ.Բ.Ը. Միութեան տպաւորիչ յաջողութիւնները եւ նուաճումները 2018-2019 տարեշրջանին դժբախտաբար շուտով ստուերի տակ պիտի մնային 2020ին տեղի ունեցած տագնապներու պատճառով։ Ան ընդունեց, որ այս աղէտները անհրաժեշտ դարձուցին առաջնահերթութիւններու լուրջ փոփոխութիւններ դէպի հրատապ մարդասիրական օգնութիւն, ասպարէզ մը, որուն մէջ Հ.Բ.Ը. Միութիւնը շատոնց փայլած է իր տպաւորիչ եւ վստահելի հեղինակութեամբ։
Նախագահ Պերճ Սեդրակեան առիթը օգտագործեց մասնակիցներուն յիշեցնելու հայ ժողովուրդի պատմութեան բազմաթիւ շրջադարձային հանգրուանները, ուր Հ.Բ.Ը.Մ.-ը կենսական դերակատարութիւն ունեցած է հայկական պետականութեան կերտումին մէջ՝ սկսելով Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հեռատես Հիմնադիր Նախագահ Պօղոս Նուպարի կարեւոր գործունէութենէն՝ 20-րդ դարու նախաշեմին Համիտեան Թուրքիոյ աղքատացած եւ ճնշուած հայկական համայնքներու կրթութեան, ինչպէս նաեւ դէպի նորաստեղծ Խորհրդային Հայաստան հայութեան ներգաղթի կազմակերպման միջոցով: Ան վկայակոչեց իր նախորդներուն կողմէ առնուած կարեւորագոյն որոշումները, ինչպէս օրինակ՝ Ալեք Մանուկեանի կոչը սատարելու Սուրբ Էջմիածնին որպէս Հայ Եկեղեցւոյ կեդրոն եւ Լուիզ Սիմոնի ճիգերը ուղղուած Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի հիմնադրութեան 1991ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան նուաճումէն կարճ ժամանակ յետոյ։
Տեղեակ ըլլալով ներկաներու անմիջական մտահոգութիւններուն, նախագահ Սեդրակեան ընդհանուր գիծերով ներկայացրեց, թէ ինչ կը նախատեսէ Հ.Բ.Ը. Միութիւնը Հայաստանի հետագայ յառաջընթացին ուղղութեամբ։ «Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ղեկավարութիւնը, մեկնելով մեր ազգին առջեւ ծառացած վտանգներու մասին լուրջ մտահոգութիւններէն, միաւորուելու կոչ ըրած է համայն հայ ժողովուրդին, որպէսզի բոլորը իրենց փորձառութիւնը, ներգրաւուածութիւնը եւ անկոտրում կամքը ներդնեն կառուցելու ապագան անցեալ տարուայ իրադարձութիւններէն յետոյ», ըսաւ ան։
Նախագահ Սեդրակեան իր խօսքը եզրափակեց գալիք տարիներու լաւատեսական, բայց նաեւ զուսպ տեսլականով մը։ «Մենք վստահ ենք, որ Հ.Բ.Ը.Մ.-ը կրնայ համահայկական առումով կարեւոր դեր խաղալ մեր ազգին առանցքը ամրապնդելու առաքելութեան մէջ՝ իր հայրենիքով եւ Սփիւռքով։ Ատոր համար ձեզմէ կը պահանջուի իւրաքանչիւրիդ եւ բոլորին մասնակցութիւնը, քանի որ միայն միասնաբար կրնանք հասնիլ ազգային բարգաւաճման եւ կայունութեան, որուն խորապէս կը ցանկանք տեսնել»։
*Նախագահ Սեդրակեանի ամբողջական ելոյթը, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ժողովի կողմէ ընդունուած որոշումները կրնաք տեսնել այս հաղորդակցութեան կից www.agbu.org կայքէջի վրայ։
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները բարերար ազդեցութիւն կը բերեն տարեկան 500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս, Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը:
Յաւելեալ Տեղեկութեանց համար - Կապ
AGBU Press Office
55 East 59th Street
New York, NY 10022-1112
Phone: 212.319.6383
Email: Այս էլ-փոստի հասցեն ծածկագրված է թափոնափոստի բոթերից։ Այն տեսնելու համար անհրաժեշտ է միացնել JavaScript։