Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- ՄԱԿի մարդկային իրաւանց հարցերու յանձնակատարին, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահներուն յղուած նամակներով, Քալիֆորնիոյ օրէնսդրական հայկական համախմբումի անդամները կոչ ըրին անոնց, որ նպաստեն Ատրպէյճանի կողմէ ապօրէն կերպով պահուող բոլոր հայ գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը՝ շեշտելով, որ խորապէս մտահոգ են անոնց վիճակով։

Նամակին տակ ստորագրած են Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակուտականներ Պապ Արքուլեթա, Անտրէաս Պորկաս, Պրայըն Տալ, Էնթընի Փորթանթինօ եւ Սքաթ Ուիլք, ինչպէս նաեւ նահանգային խորհրդարանականներ Լօրա Ֆրիտմըն, Լուզ Ռիվազ եւ Ատրին Նազարեան։

Նամակը կարելի է կարդալ  կայքէջին վրայ։ Այս մասին հաղորդում է Ասպարեզը։ 

 

orer.eu