ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՄԷՆ ՏԱՐԻ ՊԻՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԻ 27 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ
2 Փետրուարին Ս. Աթոռի (Վատիկան) Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու մատակարարման ժողովը յայտարարեց Ֆրանչիսկոս Պապի հրամանը։ Ըստ նոր հրամանին, վերջին տարիներուն “ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետի” տիտղոսի արժանացած երեք սուրբեր՝ Գրիգոր Նարեկացի, Յովհաննէս Ավիլացիի եւ Իլդեգարդ Բինկենցիի կ՚արձանագրուին Լատինական Եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին մէջ։ Որոշուած է որ յետ այսու ամէն տարի 27 Փետրուարին Կաթոլիկ Եկեղեցին կը յիշատակէ Գրիգոր Նարեկացին։
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակուեցաւ «Վարդապետ Եկեղեցւոյ» 12 Ապրիլ, 2015 թուականին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու յիշատակին նուիրուած Հռոմի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին:
orer.eu