Պսակաժահրի համաճարակը առկախած է առ հասարակ ծրագիրներու մշակումը։ Այսու հանդերձ յուսալով որ դէպի լաւ կարենանք ընթանալ, կը հրապարակենք այս հաղորդագրութիւնը, վստահացնելով թէ ամէն փոփոխութիւն այստեղ գրուածին նկատմամբ ժամանակին իսկոյն պիտի տեղեկացուի հանրութեան։ Վենետիկի Պո-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութեան, Վենետիկի “STUDIUM MARCIANUM” Հաստատութեան հետ գործակցաբար, կազմակերպած Հայ Լեզուի եւ Մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 2-17:
Քննութիւնները` Օգոստոս 17-ին: Ժամանում` Օգոստոս 1-ին, մեկնում` Օգոստոս 18-ին: Դիմումի պայմանաժամ՝ Յունիս 15։ Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ` բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ’ունենան Երկուշաբթիէ Շաբաթ, օրը հինգ պահ` առաւօտեան: Դասընթացքի տեւողութիւնը ուսուցողական 65 ժամով կը սահմանուի: Դասերու ներկայութիւնը ՊԱՐՏԱԴԻՐ է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18: Դասերը տեղի պիտի ունենան STUDIUM MARCIANUMի գլխաւոր շէնքին մէջ՝ https://www.seminariovenezia.it/cms/galleria/il-seminario/։
Դիմումները պետք է կատարուին ԱՆՁԱՄԲ եւ ԳՐԱՒՈՐ, նշելով միշտ ՀԵՌԱԽՕՍԻ թիւ մը եւ ԵԼԳՐԱՅԻՆ (E-Mail) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ՝ մասնագիտական դասախօսութիւններ (ծրագիրը յայտարարելի գարնան), Վենետկեան այցեր, Վերափոխման Ս․ Պատարագին եւ Խաղողօրհնէքին մասնակցութիւն Ս․ Ղազարու Մայրավանքին մէջ։ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒՆ, կէսօրէ վերջերը, ՁՐԻԱԲԱՐ ՊԻՏԻ ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ՝ ԴՈՒԴՈՒԿԻ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ դասեր: Արձանագրութեան սակն է` 850 € կամ համապատասխանը՝ տարարժոյթով ըստ օրուան սակին: Այս գումարին 600 Եւրոյի բաժինը պետք է վճարուի կանխաւ` մինչեւ Մարտ 15: Այս կանխավճարը պէտք է կատարուի դասընթացքի ընդունուելէն սկսեալ 15 օրուան ընթացքին, դրամատնային փոխանցումով կամ միջազգային ընդունելի փոխագրով (cheque)։
15 Մարտէն վերջ, իբրեւ կանխավճար, պէտք է ղրկուի 850 Եւրոյ մինչեւ ՅՈՒՆԻՍի 30ը, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամն է: Արձանագրութեան մնացեալ մասը ՊԷՏՔ Է ՎՃԱՐՈՒԻ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՄՈՒՏՔԻ ՕՐԸ հնչուն գումարով կամ միջազգային ընդունելի փոխագրով (cheque): ՎԱՐԿԱԹՂԹԱՅԻՆ վճար (Credit card) չ’ընդունուիր: 10% զեղչ մը կը կատարուի անոնց` որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մեկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից): ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՍԱԿԸ Ո՛Չ ՄԷԿ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ ԵՒ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՎՃԱՐՈՒՄԸ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՉԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԻՐ, բացի բժշկական վկայութեամբ հաստատուած հիւանդութեան կամ պսակաժահրի (covid-19) արգելքին բերմամբ: Դրամատնային փոխանցումին (bank transfer) համար, գրանցումէն վերջ՝ քարտուղարութիւնը պիտի ղրկէ Ընկերակցութեան դրամատնային հաշուի հարկաւոր տեղեկութիւնները (հաշուի թիւ, IBAN եւլն.): Նոյնպէս պիտի ուղարկուի փոստային հասցէն՝ փոխագրերու ուղարկումին համար։ Դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին: Կ’ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն` Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած` խոհանոցային յարմարութիւններով:
Օգոստոս 1-17 ներառեալ՝ ամբողջ շրջանին համար, բնակութեան սակ՝ 650 € անձ գլուխ երկու հոգինոց փոքր յարկաբաժնի մէջ, 900 € առանձին սենեակի մէջ։ Թէ՛ առանձին եւ թէ զոյգ սենեակները լոգարանային եւ զովասարքչային (air-conditioning) յարմարութիւններ ունին: Նշուած գումարին մէջ կը մտնէ նաեւ Վենետիկի զբօսաշրջիկներէն պահանջուած բնակութեան տուրքը, ըստ Վենետիկի քաղաքապետարանի օրէքին։ Բնակութեան վճարին համար, տուեալ ժամանակաշրջանի ընթացքին, կարելի չէ օրական հաշուարկում կատարել: Անոնք որ կը խորհին նշեալ թուականներէն աւելի առաջ գալ կամ մէկ-երկու օրուան ընդունելի յապաղումով մը ժամանել, եւ կամ աւելի ուշ մեկնիլ՝ ՊԷՏՔ Է ԻՐԵՆՔ ՀՈԳԱՆ իրենց բնակութեան յարմարութիւնն ու ծախսերը այդ օրերուն համար: Իւրաքանչիւր ճաշ կամ ընթրիք, զոր ամէն որ պէտք Է ԱՆՁԱՄԲ հոգայ, կրնայ արժել 10-15 Եւրոյ։
Ջերմօրէն կը յանձնարարուի փախադրամիջոցներու համար CARTA UNICA զեղչաքարտի գնումը։ Յաւելեալ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ համար ելգիր մը (E-Mail) ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝ Այս էլ-փոստի հասցեն ծածկագրված է թափոնափոստի բոթերից։ Այն տեսնելու համար անհրաժեշտ է միացնել JavaScript։, c/c Այս էլ-փոստի հասցեն ծածկագրված է թափոնափոստի բոթերից։ Այն տեսնելու համար անհրաժեշտ է միացնել JavaScript։ հասցէին, կամ հեռաձայնել, նաեւ WhatsApp-ով, բջիջայինի հետեւեալ թիւին՝ +39.379.1330687, Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ առաւօտները՝ ժամը 10:30-13:00 (ԻՏԱԼԻՈՅ ԺԱՄՈՎ): Եթէ կարելի չըլլայ անմիջապէս կապ հաստատել, կարճ հաղորդում մը ղրկել տրուած թիւին։ Հեռաձայնելէ առաջ լաւ ստուգել երկիրներու միջեւ ժամերու տարբերութիւնը: Կազմակերպութիւնը պատասխանատուութիւն չի ստանձներ տպագրական վրիպակներու նկատմամբ։ Պսակաժահրի համաճարակը առկախած է առ հասարակ ծրագիրներու մշակումը։
Այսու հանդերձ յուսալով որ դէպի լաւ կարենանք ընթանալ, կը հրապարակենք այս հաղորդագրութիւնը, վստահացնելով թէ ամէն փոփոխութիւն այստեղ գրուածին նկատմամբ ժամանակին իսկոյն պիտի տեղեկացուի հանրութեան։ Վենետիկի Պո-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութեան, Վենետիկի “STUDIUM MARCIANUM” Հաստատութեան հետ գործակցաբար, կազմակերպած Հայ Լեզուի եւ Մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 2-17: Քննութիւնները` Օգոստոս 17-ին: Ժամանում` Օգոստոս 1-ին, մեկնում` Օգոստոս 18-ին: Դիմումի պայմանաժամ՝ Յունիս 15։ Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ` բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ’ունենան Երկուշաբթիէ Շաբաթ, օրը հինգ պահ` առաւօտեան: Դասընթացքի տեւողութիւնը ուսուցողական 65 ժամով կը սահմանուի:
Դասերու ներկայութիւնը ՊԱՐՏԱԴԻՐ է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18: Դասերը տեղի պիտի ունենան STUDIUM MARCIANUMի գլխաւոր շէնքին մէջ՝ https://www.seminariovenezia.it/cms/galleria/il-seminario/։ Դիմումները պետք է կատարուին ԱՆՁԱՄԲ եւ ԳՐԱՒՈՐ, նշելով միշտ ՀԵՌԱԽՕՍԻ թիւ մը եւ ԵԼԳՐԱՅԻՆ (E-Mail) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ՝ մասնագիտական դասախօսութիւններ (ծրագիրը յայտարարելի գարնան), Վենետկեան այցեր, Վերափոխման Ս․ Պատարագին եւ Խաղողօրհնէքին մասնակցութիւն Ս․ Ղազարու Մայրավանքին մէջ։ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒՆ, կէսօրէ վերջերը, ՁՐԻԱԲԱՐ ՊԻՏԻ ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ՝ ԴՈՒԴՈՒԿԻ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ դասեր: Արձանագրութեան սակն է` 850 € կամ համապատասխանը՝ տարարժոյթով ըստ օրուան սակին: Այս գումարին 600 Եւրոյի բաժինը պետք է վճարուի կանխաւ` մինչեւ Մարտ 15: Այս կանխավճարը պէտք է կատարուի դասընթացքի ընդունուելէն սկսեալ 15 օրուան ընթացքին, դրամատնային փոխանցումով կամ միջազգային ընդունելի փոխագրով (cheque)։
15 Մարտէն վերջ, իբրեւ կանխավճար, պէտք է ղրկուի 850 Եւրոյ մինչեւ ՅՈՒՆԻՍի 30ը, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամն է: Արձանագրութեան մնացեալ մասը ՊԷՏՔ Է ՎՃԱՐՈՒԻ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ՄՈՒՏՔԻ ՕՐԸ հնչուն գումարով կամ միջազգային ընդունելի փոխագրով (cheque): ՎԱՐԿԱԹՂԹԱՅԻՆ վճար (Credit card) չ’ընդունուիր: 10% զեղչ մը կը կատարուի անոնց` որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մեկուն (ծնողք, քոյր, եղբայր, կողակից): ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՍԱԿԸ Ո՛Չ ՄԷԿ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ ԵՒ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՎՃԱՐՈՒՄԸ ՈՐԵՒԷ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՉԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԻՐ, բացի բժշկական վկայութեամբ հաստատուած հիւանդութեան կամ պսակաժահրի (covid-19) արգելքին բերմամբ: Դրամատնային փոխանցումին (bank transfer) համար, գրանցումէն վերջ՝ քարտուղարութիւնը պիտի ղրկէ Ընկերակցութեան դրամատնային հաշուի հարկաւոր տեղեկութիւնները (հաշուի թիւ, IBAN եւլն.): Նոյնպէս պիտի ուղարկուի փոստային հասցէն՝ փոխագրերու ուղարկումին համար։
Դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին: Կ’ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն` Վենետիկի պատմական կեդրոնին մէջ, օժտուած` խոհանոցային յարմարութիւններով: Օգոստոս 1-17 ներառեալ՝ ամբողջ շրջանին համար, բնակութեան սակ՝ 650 € անձ գլուխ երկու հոգինոց փոքր յարկաբաժնի մէջ, 900 € առանձին սենեակի մէջ։ Թէ՛ առանձին եւ թէ զոյգ սենեակները լոգարանային եւ զովասարքչային (air-conditioning) յարմարութիւններ ունին: Նշուած գումարին մէջ կը մտնէ նաեւ Վենետիկի զբօսաշրջիկներէն պահանջուած բնակութեան տուրքը, ըստ Վենետիկի քաղաքապետարանի օրէքին։ Բնակութեան վճարին համար, տուեալ ժամանակաշրջանի ընթացքին, կարելի չէ օրական հաշուարկում կատարել:
Անոնք որ կը խորհին նշեալ թուականներէն աւելի առաջ գալ կամ մէկ-երկու օրուան ընդունելի յապաղումով մը ժամանել, եւ կամ աւելի ուշ մեկնիլ՝ ՊԷՏՔ Է ԻՐԵՆՔ ՀՈԳԱՆ իրենց բնակութեան յարմարութիւնն ու ծախսերը այդ օրերուն համար: Իւրաքանչիւր ճաշ կամ ընթրիք, զոր ամէն որ պէտք Է ԱՆՁԱՄԲ հոգայ, կրնայ արժել 10-15 Եւրոյ։
Ջերմօրէն կը յանձնարարուի փախադրամիջոցներու համար CARTA UNICA զեղչաքարտի գնումը։ Յաւելեալ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ համար ելգիր մը (E-Mail) ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝ Այս էլ-փոստի հասցեն ծածկագրված է թափոնափոստի բոթերից։ Այն տեսնելու համար անհրաժեշտ է միացնել JavaScript։, c/c Այս էլ-փոստի հասցեն ծածկագրված է թափոնափոստի բոթերից։ Այն տեսնելու համար անհրաժեշտ է միացնել JavaScript։ հասցէին, կամ հեռաձայնել, նաեւ WhatsApp-ով, բջիջայինի հետեւեալ թիւին՝ +39.379.1330687, Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ առաւօտները՝ ժամը 10:30-13:00 (ԻՏԱԼԻՈՅ ԺԱՄՈՎ):
Եթէ կարելի չըլլայ անմիջապէս կապ հաստատել, կարճ հաղորդում մը ղրկել տրուած թիւին։ Հեռաձայնելէ առաջ լաւ ստուգել երկիրներու միջեւ ժամերու տարբերութիւնը: Կազմակերպութիւնը պատասխանատուութիւն չի ստանձներ տպագրական վրիպակներու նկատմամբ։