Կիպրոսի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունեց Արցախի դէմ Ազրպեյճանական յարձակումը դատապարտող բանաձեւ։
Խորհրդարանը դատապարտած է նաեւ թուրքիոյ ամբողջական աջակցութիւնը Ազրպեյճանի սանձազերծած ոտնձգութեան՝ վարձկան ահաբեկիչներու մասնակցութեամբ, ինչպես նաև քաղաքացիական բնակավայրերու ռմբակոծումը, կոչ ընելով անյապաղ դադարեցնել կրակը ու խաղաղ բանակցութիւնններ վարել: