Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- «Հայփոստ» ընկերութիւնը շրջանառութեան մէջ դրաւ դրոշմաթուղթ-գեղաթերթիկ՝ նուիրուած Հանրի Վերնոյի (Աշոտ Մալաքեան) ծննդեան 100ամեակին։

Անոր վրայ պատկերուած է ֆրանսահայ նշանաւոր բեմադրիչ, գրող, Ֆրանսայի գեղարուեստի ակադեմիոյ անդամ Հանրի Վերնոյի (Աշոտ Մալաքեան, 1920-2002) դիմապատկերը:

Գեղաթերթիկին վրայ ներկայացուած են հատուածներ Հանրի Վերնոյի գեղարուեստական ժապաւէններու պաստառներէն: Ձեւագծողն է Վահագն Մկրտչեան։

Աշխարհահռչակ դերասաններու մասնակցութեամբ Վերնոյ բեմադրած է առաւել քան 40 շարժապատկերներ («Արգիլուած Պտուղ» (1952), «Մաքսիմ» (1958), «Նախագահը» (1961) եւ այլն): Ժամանակակից շարժապատկերի արուեստի լաւագոյն օրինակներէն է Հանրի Վերնոյի «Մայրիկ» ինքնակենսագրական ժապաւէնը, որ պատրաստուած է 1991ին, եւ որ կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած եւ Ֆրանսա գաղթած իռ ընտանիքին պատմութիւնը: