Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը հաղորդում է. ,, 27 Օգոստոսին մահացաւ իրանահայ յայտնի ազգային-հասարակական գործիչ, բարերար եւ գործարար Լեւոն Ահարոնեան,,։
Մեծ եղած է անոր դերակատարութիւնը իրանահայ համայնքի ազգային-հասարակական կեանքի կազմակերպման, եւ հարցերու լուծման գործին մէջ, յետ յեղափոխութեան փոթորկոտ տարիներուն։
Այն տարիներուն, երբ կ՛ընթանար Իրան-Իրաք պատերազմը, ան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է իրանահայութեան կողմէ ռազմաճակատին ցուցաբերուող օգնութեան կազմակերպման գործին մէջ։
Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, ան առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է Իրան-Հայաստան առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու ձեւաւորման, ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ ու անոր անմիջական ջանքերով կառուցուած է Իրանը Հայաստանին կապող ժամանակաւոր կամուրջը։
1993ին, իր գործընկերներուն հետ հիմնադրած է Իրան-Հայաստան առեւտուրի պալատը, որուն ղեկավարն էր երկար տարիներ։
Նաեւ, անոր ջանքերով կառուցուած է Թեհրանի Զէյթուն թաղամասի հայոց Ա. Ա. Ահարոնեան Ազգային մանկապարտէզը։
Ան բարերարութիւն կատարած է նաեւ Հայաստանի մէջ։ Մասնաւորապէս, անոր ներդրումներուն շնորհիւ ամբողջովին վերանորոգուած է Երեւանի թիւ 136 դպրոցը, որ մեծապէս վնասուած էր հրդեհի մը պատճառով, իսկ անոր հիմնադրած «Հայ դպրոց» հիմնադրամը նշանակալի աշխատանք կատարած է Հայաստանի զանազան շրջաններու դպրոցներու վերանորոգման եւ կահաւորման գործին մէջ։
Ըլլալով բնութեան սիրահար՝ Լեւոն Ահարոնեան հոգացած է նաեւ Երեւանի Բնապահպանութեան թանգարանի հիմնանորոգման ծախսերը եւ անոր նուիրած է իր անձնական հաւաքածոն։
Լեւոն Ահարոնեան եղած է նաեւ «Յոյս» հասարակական-մշակութային հանդէսին, որ լոյս տեսաշ է է 12 տարիներ, հիմնադիրը եւ արտօնատէրը։
orer.eu