Երէկ «Առաջին լրատուական»-ի զրուցակիցը եղած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:
Պատասխանելով «Առաջին լրատուական»-ի հարցումին, թէ ինչպէս է ընդհանուր վիճակը եւ յատկապէս հայութեան վիճակը տեղի ունեցած պայթումէն ետք, երեսփոխան Բագրատունի ըսած է.
«Դժբախտաբար, տեղի ունեցած աղէտը իր տարողութեամբ Լիբանանի պատերազմի օրերուն համարժէք աղէտ է, որ համազօր է Ռիխթըրի սանդղակով 4,5 պալ ուժգնութեան երկրաշարժի: Ցաւօք, պէտք է ըսեմ, որ Պէյրութի արուարձանները, ուր մեծ թիւով հայ բնակիչներ ունինք, ահռելի կերպով վնասուած են: Այս պահու դրութեամբ ունինք 250 վիրաւոր, 11 նահատակ: Մեր բոլոր կրթական, եկեղեցական, բարեսիրական, կուսակցական, մարզական, մշակութային միութիւններու կառոյցները մեծ վնասներ կրած են: Հայերուն բնակարանները ահռելի կերպով քանդուած են, այն աստիճան, որ տնազուրկ հայեր կան, որոնց պարտաւոր ենք ապահովել կեցութեամբ: Մեծ վնասներ ունինք Պուրճ Համուտի շրջանի եւ Պէյրութի թաղամասերուն մէջ` նիւթական իմաստով: Լիբանանի հայութիւնը մեծ դժուարութիւններու մէջ է այսօր:
Հայաստանի դեսպանութիւնը մեծ վնասներ ստացած է` թէեւ պայթումի վայրէն բաւական հեռու է: Ներկայիս կրնամ ըսել, որ դեռ շոքի մէջ ենք տեղի ունեցածէն, որովհետեւ բնակարան չկայ, որ չէ վնասուած, ընտանիք չկայ, որ վնասներ չէ կրած: Հիմա կը քննարկենք մեր կարելիութիւնները, թէ ինչպէ՛ս պէտք է կարենանք յաղթահարել այս կացութիւնը: Պէտք է ճշդենք մարդոց կարիքները, շուտով պիտի սկսինք վնասներու գնահատումը: Բնականաբար, այս բոլորին մէջ Լիբանանի հայութիւնը մինակ պիտի չմնայ: Որպէսզի Լիբանանի հայութիւնը դարձեալ ոտքի կանգնի, համահայկական զօրակցութեան կարիքը կայ: Կ՛ակնկալենք, կը խնդրենք, կը պահանջենք, որ ասիկա համայն հայութեան համար ճակատագրական խնդիր դառնայ: Այնտեղ, ուր հայու սիրտ կը բաբախէ, անիկա պէտք է այս պահուն բաբախէ Լիբանանի հայութեան համար:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ ակնկալիքներ ունին Հայաստանի իշխանութիւններէն, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Նախ ըսեմ, որ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան պրն. Աթաբէկեանի հետ ես տեւական կապի մէջ եմ եւ տեղեակ եմ, որ իր միջոցով հանրապետութեան նախագահութեան հետ կապ հաստատուած է: Այն պետական օժանդակութիւնը, որ պէտք է գայ Հայաստանի Հանրապետութենէն, պէտք է անցնի Լիբանանի պետութեան ճամբով: Ինչ կը վերաբերի լիբանանահայերուն` Հայաստան տեղափոխուելուն, ապա, նախ ըսեմ, որ այստեղ խուճապային իրավիճակ չկայ: Հասկնալի է, որ ամէնէն սխալը այն կ՛ըլլայ, եթէ նման որոշումներ տրուին խուճապային տրամադրութիւններու ազդեցության տակ: Այս պահուն մենք չենք քննարկած Հայաստան տեղափոխուելու այն կարելիութիւնները: Վստահաբար, անհատ մարդիկ կրնան ըլլալ, որ կ՛ուզեն տեղափոխուիլ Հայաստան, բայց այս պահուն հիմնականը լիբանանահայութիւնը այստեղ ամուր պահելն է, իսկ Հայաստան տեղափոխման մասին կարելի է խօսիլ աւելի հանդարտ ժամանակներու ընթացքին: Այսինքն` մենք չենք ուզեր կրկնուին այն դժուարութիւնները, որոնք այլ համայնքներու պարագային եղան: Եթէ անհատները այդ կարելիութիւնը ունին, կրնան երթալ Հայաստան, եւ եթէ Հայաստանի մէջ հայրենադարձներու վերաբերող օժանդակութիւններ կան, կարելի է անոնց տալ: Այսօր ես կ՛ենթադրեմ, որ Հայաստանն ալ ի վիճակի չէ նման ծրագիրներու մասին խօսելու: Կրնան այդպիսի նպատակներ, կարգախօսներ ըլլալ, սակայն այսօր մեր առջեւ հիմնականին մէջ դրուած է լիբանանահայութիւնը Լիբանանի մէջ ամուր պահելու խնդիրը», ըսաւ Բագրատունի` աւելցնելով, որ Հայաստանի համար հարստութիւն է նաեւ կենսունակ լիբանանահայութիւն ունենալը»:
Իսկ թէ հայ համայնքը որքա՛ն տուժած է, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Ներկայ փուլին շատ դժուար է յստակ ըսել, թէ որքա՛ն տուժած է, որովհետեւ դեռ պէտք է ձեւաւորուին յանձնախումբեր, որոնք այդ գնահատականներով պիտի զբաղին: Սարսափելի վիճակ է այսօր: Ես, որ պատերազմի օրեր ապրած եմ, պէտք է ըսեմ, որ նախորդ օրուան պատահածը անկրկնելի է, նման բան Լիբանանի մէջ երբեք տեղի չէ ունեցած: Նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ Լիբանանի նախկին վարչապետի ահաբեկումը տեղի ունեցաւ, վնասները այսպէս չէին: Աներեւակայելի կացութիւն է, դժոխային վիճակ է, բայց ես կը հաւատամ, որ պիտի յաղթահարենք համահայկական ուժերով»:
Լիբանանի խորհրդարանի հայ պատգամավորը պատասխանել է նաեւ Շանթ հեռուստաընկերության հարցերին։
Յակոբ Բագրատունի. «Պէյրութի Մէջ
Տեղի Ունեցած Մեծ Պայթումը Լիբանանցիներուն Կը Յիշեցնէ
Լիբանանեան Պատերազմի Օրերը»
Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած մեծ պայթումը լիբանանցիներուն կը յիշեցնէ լիբանանեան պատերազմի օրերը: «Շանթ»-ի հետ զրոյցին ըսած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին: Ան անդրադարձած է վնասներուն եւ իրավիճակին:
«4,5 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժին համազօր պայթումը ահաւոր է` տարածուած նաեւ Պէյրութի արուարձաններու շրջաններուն մէջ: Պայթումին պատճառով մեր համայնքը եւս ծանր վնասներ ունեցաւ, քանդումները ահաւոր են, մեր ազգային եկեղեցական, մշակութային միութենական կեդրոնները վնասուած են, հայ քաղաքացիներու բնակարանները մեծ վնասներ կրած են, մեծ թիւով բնակարաններ, նուազագոյնը 100 վիրաւոր եւ եօթը մահացած, վիճակը ահաւոր է, այս չարիքը եկաւ` աւելնալու վերջին մէկ տարուան հերթական չարիքներուն վրայ, սակայն մեր որոշումն է, որ այս աւերին ալ պիտի տոկանք, պիտի տոկանք համահայկական ուժգնութեամբ, բռունցքով, Հայաստանէն Արցախ, սփիւռք ու հոն, ուր հայու սիրտը կը բաբախէ», ըսած է ան:
Ազդակ օրաթերթ
Լիբանան