Անտարակոյս Պէյրութի նաւահանգիստը ցնցած հսկայական պայթումին ազդեցութիւնը պիտի ըլլայ երկարատեւ, իսկ այդ պայթումին հետեւանքները արդէն իսկ սկսան երեւան գալ երէկ առաւօտեան, երբ մարդիկ արթնցան նկատելու պայթումին երկրաշարժային տարողութիւնը:
Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ շարունակուեցան անյայտ կորսուածները փնտռելու, ինչպէս նաեւ պայթումին դրդապատճառները բացայայտելու աշխատանքները:
Փրկարար աշխատանքներու շրջագիծին մէջ երէկ կարելի եղաւ աւերակներուն տակէն փրկել Քաղաքացիական պաշտպանութեան կամաւոր մը եւ երեխայ մը, ինչպէս նաեւ կէս գիշերին ծովէն կարելի եղաւ դուրս բերել այլ քաղաքացի մը, որ ողջ էր:
Եռօրեայ սուգի մթնոլորտին մէջ լիբանանցին շարունակեց հաւաքել պայթումին գործած աւերները` քանդուած դռներ, պատուհաններ, փլած պատեր եւ մայթերը «զարդարած» ցուցափեղկերու փշրանքներ:
Ամէնուրեք յուսախաբութիւն, գունատ դէմքեր, վախ ամբարած աչքեր ու տխուր հայեացքներ:
«Փառք Աստուծոյ», «Անցած ըլլայ», «Կարեւորը ողջ էք», «Բարի ապաքինում» արտայայտութիւնները եղած են այս օրերու բարեւելու հիմնական չորս նոր ձեւերն ու մեթոտները:
Պէյրութի հսկայայկան պայթումին իբրեւ հետեւանք, լիբանանահայութիւնը եւս ունեցաւ իր մարդկային ծանր կորուստները. ցարդ արձանագրուած են 11 զոհեր եւ 250 վիրաւորներ:
Լիբանանահայ նահատակներն են. Տելիա Կէտիկեան-Յակոբեան, Ճեսիքա Պեզճեան, Շանթ Յակոբեան, Նազար Նաճարեան, Անահիտ Պէրպէրեան, Ժաք Պարամաքեան, Ալիս Պալեան-Տէկիրմենճեան, Լիզա Գաւուքճեան-Կէօզիւպէօյիւքեան, Կայա Ֆուտուլեան եւ Վարուժ Թոսունեան:
Մինչ մայրաքաղաքն ու արուարձանները կը փորձեն հասկնալ պատահածը, իրենց վէրքերը ամոքել, անյայտ կորսուածները գտնել եւ նահատակները հողին յանձնել, այսօր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կը հասնի Լիբանան, ուր իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ լիբանանցի պատասխանատուներուն:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ այցելեց Քարանթինայի կառավարական հիւանդանոց, ուր ծանօթացաւ վնասներուն եւ ընդհանուր գնահատումի իր կեցուածքը եղաւ, որ հիւանդանոցը պէտք է ամբողջովին նոր կառուցուի:
Միւս կողմէ, Հասան յայտնեց, որ նաւահանգիստի պայթումը պատճառած է 135 զոհ, աւելի քան հինգ հազար վիրաւոր, ինչպէս նաեւ կան 80 անյայտ կորսուածներ:
Հասան շեշտեց, որ Լիբանան հասնող բոլոր օժանդակութիւնները պիտի տրամադրուին պետական եւ կառավարական հիւանդանոցներուն:
Ան աւելցուց, որ նախարարութիւնը պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է իրեն պատկանող դեղորայքի եւ բժշկական սարքաւորումներու պահեստը բանակին պահեստանոցներուն մէջ ամբարելու` նկատի ունենալով, որ առողջապահութեան նախարարութեան պահեստանոցները հսկայ վնասներ կրած են պայթումին պատճառով:
Հասան ընդգծեց, որ կան 6 դաշտային հիւանդանոցներ, որոնցմէ երկուքը պիտի զետեղուին Հատասի համալսարանական համալիրին մէջ, մէկը` Քարանթինայի քանդուած հիւանդանոցին կողքին, մէկը` Պիելի մէջ, իսկ մնացեալ երկուքը ըստ կարիքի պիտի օգտագործուին:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան, ընկերակցութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր ստուգեց արձանագրուած հսկայական քանդումը, ինչպէս նաեւ մանրամասնօրէն հետեւեցաւ գործադրուած փրկարար աշխատանքներուն:
Նշենք, որ նախագահ Աուն ցաւակցական հեռագիրներ եւ զօրակցական կեցուածքներ ստացաւ Մարոքի Մոհամետ Զ. թագաւորէն, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն, Չինաստանի նախագահ Շի Ճինպինկէն:
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր եւ հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար երէկ այցելեցին դէպքին վայրը, ինչպէս նաեւ զինուորական հիւանդանոց, ուր անոնք շուտափոյթ ապաքինում մաղթեցին վիրաւորներուն:
Աքր եւ Նաժժար այցելեցին նաեւ բանակին Քարանթինայի զօրանոցը:
Աքր ընդգծեց, որ անյայտ կորսուածները որոնելու աշխատանքը պէտք է շարունակել` դրուատելով գետնի վրայ տարուող փրկարար աշխատանքը:
Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ հաստատեց, որ պայթումին տարողութիւնը այնքան մեծ է, որ տակաւին կարելի չէ եղած գտնել Քաղաքացիական պաշտպանութեան անդամներն ու անոնց ինքնաշարժները:
Ապպուտ հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին հսկայական պայթումը պատճառած է 15 միլիառ տոլարի վնաս:
Ապպուտ ընդգծեց, որ Լիբանան բաւարարաչափ ցորեն ամբարած է յատուկ շտեմարաններու մէջ` աւելցնելով, որ ալիւրի եւ հացի տագնապ չի սպառնար երկրին:
Մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Պատրի Տահեր յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստը ցնցած հսկայական պայթումը ցնցած է ամբողջ Լիբանանը` աւելցնելով, որ Պէյրութի նաւահանգիստին տնօրինումը եւ յանձանձումը լրիւ անջատ է մաքսատունէն:
Տահեր հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը նոյեմբեր 2013-ին գրաւած էր արգիլուած այդ նիւթը եւ զայն 9 ամիս իր մօտ պահելէ ետք յանձնարարած էր զայն պարպել Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ:
Պէյրութի նաւահանգիստի յանձանձումի ընդհանուր տնօրէն Հասան Քրայթեմ հաստատեց, որ պայթումին օրը նաւահանգիստի թիւ 12 պահեստանոցի դռներէն մէկուն վրայ գտնուող ճեղք մը նորոգած են` ընդառաջելով Պետական անվտանգութեան պահանջին:
Քրայթեմ ընդգծեց, որ այդ աշխատանքը աւարտած է կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
Անդրադառնալով թիւ 12 պահեստանոցին մէջ վտանգաւոր նիւթեր մթերելու իրականութեան` Քրայթեմ յայտնեց, որ այդ մէկը կատարած է դատական հրամանագիրով մը եւ առանց իմանալու, թէ այդ նիւթերուն վտանգը ի՛նչ աստիճանի է:
Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ խորհուրդը լիբանանցիներուն կը խոստանայ անխոնջ աշխատիլ` ճշդելու համար պատասխանատուութիւնները, ինչպէս նաեւ խստօրէն պատժելու յանցագործները:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորան, Նեժիպ Միքաթին եւ Թամմամ Սալամը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումն ու անոր պատճառած աղէտը:
Նախկին վարչապետները հաստատեցին, որ ոչ ոք հովանաւորութիւն կը վայելէ, իսկ ան, որուն պատասխանատուութիւնը կը փաստուի թիւ 12 պահեստանոցի պայթումին գծով, պէտք է հաշուետուութեան ենթարկուի:
Առաւօտեան Հարիրի այցելեց Պէյրութի վնասուած շրջանները, ապա ուղղուեցաւ «Մոհամետ Ամին» մզկիթ եւ այցելեց իր հօր դամբարանը, ինչպէս նաեւ մզկիթին մօտ գտնուող եկեղեցին` ծանօթանալով արձանագրուած վտանգներուն:
Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ Հարիրի յայտնեց, որ ինք պատրաստ է պատասխանատուութիւն ստանձնելու` աւելցնելով, որ այս թղթածրարին պատասխանատուներն ու անոնց մեղսակիցները պէտք է պատժուին:
«Այս կառավարութիւնն ու ներկայ իշխանութիւնները պատասխանատու են երէկուան հսկայական պայթումին», ըսաւ Հարիրի:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այցելեց համայնքին Պէյրութի առաջնորդարանը, ուր հաստատեց, որ բարի կամեցողութեան շնորհիւ Լիբանան պիտի կարենայ յաղթել աւերին եւ աղէտէն դուրս գալ:
Նոյն այցելութեան ընթացքին, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերի` Ֆրանչիսկոս պապին անունով զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանին եւ կոչ ուղղեց Վատիկանի բոլոր միութիւններուն եւ միաբանութիւններուն` Քարիթասի եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն ճամբով օժանդակելու Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:
Միւս կողմէ, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան վճիռին յայտարարութիւնը 7 օգոստոսէն 18 օգոստոսի յետաձգած է:
Ներքին լիբանանեան քաղաքական կեանքին առումով Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ ներկայացուց իր հրաժարականը` պահանջելով միջազգային հետաքննութեան յանձնախումբ մը կազմել` քողազերծելու համար Պէյրութի նաւահանգիստին դրդապատճառները:
Ան պահանջեց նաեւ Նախագահներու դատավարութեան գերագոյն խորհուրդի աշխատանքը աշխուժացնել: