Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

Հայրենադարձութեան օրէնք ստեղծելու մասին քննարկումները սկսան դեռեւս անցեալ տարի։ Իշխանութիւնը յայտարարեց, որ երկրի զարգացման համար կարեւոր է հայրենադարձութեան դերը։ 2020 թուականի յունուարին ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան երիցփոխան Սիսակ Գաբրիէլեան նախաձեռնեց «Մաքսային կարգաւորման մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նոր նախագիծը, որ դրուեցաւ շրջանառութեան մէջ։

Նպատակը մէկն էր․ աջակցիլ անցեալ տարիներուն տարբեր պատճառներով Հայաստանը լքած քաղաքացիներուն եւ անոնց հայրենիք վերադառնալու նոր հնարաւորութիւն տալ։ Այդ նպատակաւ դիւրացաւ ՀՀ մշտական բնակութեան համար Հայաստան վերադարձողներուն անձնական իրերը մաքսատուրքերէն եւ հարկերէն ազատելու գործընթացը։ Օրինագծով առաջարկուեցաւ, որ Հայաստան վերադարձող անձինք պիտի կարողանան իրենց անձնական իրերը հայրենիք բերել զրոյական մաքսային ու հարկային տուրքերով։

Արդէն նախկին օրէնքով նման արտօնութենէն կրնային օգտուիլ միայն անոնք, որոնք վերջին 5 տարիներու ընթացքին երկրէն դուրս ապրած են եւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն կամ գրանցում չունին։ ՀՀ մաքսային գործող օրէնքը որոշակի արտօնութիւն կը սահմանէր Հայաստանի մէջ մշտական բնակութիւն հաստատողներուն համար, սակայն օրէնքը որոշակի խնդիրներ կը յառաջացնէր հայրենադարձներուն համար։ Այն կը սահմանէր, որ եթէ 5 տարի բացակայած ես երկրէն, ապա վերադառնալու պարագային կրնաս անձնական գոյքդ առանց մաքսատուրքի ներածել, բայց պէտք է հաշուառուած չըլլաս Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս։

Երիցփոխան Սիսակ Գաբրիէլեան իր հեղինակած օրինագծով առաջարկեց մաքսային արտօնութիւն տալ այն քաղաքացիներուն, որոնք հայրենիք վերադառնալու պահուն վերջին 5 տարուան կէսը չեն գտնուած Հայաստանի մէջ: Արտօնութիւնը կը վերաբերի անձնական գոյքը եւ մէկ երթեւեկութեան միջոցն առանց մաքսատուրքի ՀՀ ներածելուն։

Պարգեւ Քեշիշեան յունուարին Հայաստան տեղափոխուեցաւ Չինաստանէն, սակայն անձնական իրերը մնացին այնտեղ: Նոր օրէնքով՝ ան կրցաւ իր անձնական իրերը Հայաստան տեղափոխել առանց մաքսավճարի:

«Գործընթացը շատ դիւրին է։ Անոնք, որոնք կը ցանկան մշտական բնակութիւն հաստատել Հայաստանի մէջ, կրնան օգտուիլ այս նոր արտօնութենէն», - ըսած է Պարգեւ Քեշիշեան։

Քաղաքացին Հայաստան ժամանելէ  եւ անձնական իրերը բերելէ ետք պէտք է դիմէ Ոստիկանութեան անձնագրային եւ այցագրերւ վարչութիւն։ Քաղաքացին կը ստանայ փաստաթուղթ, որով կը դառնայ Հայաստանի մէջ մշտական բնակութեամբ ժամանած ֆիզիքական անձ: Ամբողջ գործընթացը կը տեւէ միջին հաշուով 2-3 օր: Ոստիկանութեան վարչութենէն բացի կրնայ դիմել նաեւ Պետական եկամուտներու կոմիտէ (ՊԵԿ):

«ՊԵԿ-ը քաղաքացիին փոխարէն հարցում կ’ուղարկէ ոստիկանութեան «Ովիրի» բաժին։ Այնտեղէն համապատասխան փաստաթուղթը ստանալէ ետք քաղաքացին մաքսային մարմին պէտք է ներկայացնէ օտարերկրեայ պետութեան եւ Հայաստանի մէջ մշտական բնակութեան իրաւունքը հաւաստող փաստաթուղթերը», - ըսած է ՊԵԿ մաքսային հսկողութեան վարչութեան ոչ սակագնային կարգաւորման եւ մաքսային ընթացակարգերու համակարգման բաժնի պետ Վաղինակ Ջանինեան։

Մաքսային արտօնութիւնը կը վերաբերի միայն նախկինին օգտագործուած անձնական իրերուն: Նախագիծը մշակած երիցփոխան Սիսակ Գաբրիէլեան նկատել տուած է, որ օրէնքն ու կառավարութեան համապատասխան որոշումը 10 օր է, ինչ ուժի մէջ են։

«Միջին հաշուարկով հայրենադարձներուն տրուած արտօնութիւնը կազմած է 230 հազար տոլար: Հայրենադարձները բերած են անձնական գոյք, ոմանք նաեւ անձնական օգտագործման երթեւեկութեան միջոցներ։ Հայրենադարձին կը թոյլատրուի առանց մաքսավճարի ինքնաշարժ բերել Հայաստան, եթէ այդ ինքնաշարժն իրեն պատկանած է վերջին 6 ամսուայ ընթացքին», - ըսած է ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան երիցփոխան Սիսակ Գաբրիէլեան։

Մինչեւ հիմա արտօնութենէն օգտուելով Հայաստան տեղափոխուած է 30 ընտանիք՝  ԱՄՆ-էն, Գերմանիայէն, Չինաստանէն եւ Ֆրանսայէն: Օրէնքի հիմնական նպատակը հայրենադարձութեան հետ կապուած իրաւայարաբերութիւններու կարգաւորումն է: Կը խթանուի եւ կը խրախուսուի հայրենադարձութիւնը՝ նպաստելով հայապահպանութեան ու Հայաստանի ժողովրդագրական խնդիրներու լուծման։

Հիմա կը մշակուի Հայրենադարձութեան մասին առանձին օրէնք, որն ամբողջական եւ համապարփակ պատկերացում կու տայ, թէ ինչպէս պետութիւնը կը պատկերացնէ հայրենադարձութիւնը։ Մխիթար Հայրապետեանի նախաձեռնութեամբ եւ Վաղարշակ Յակոբեանի համահեղինակութեամբ կը մշակուի օրէնքի նախագիծ, որու շուրջ քննարկումներն սկսած են դեռեւս անցեալ տարուայ օգոստոսէն։

Հանդիպումներ տեղի ունեցած են ԵՊՀ Սփիւռքագիտութեան ամբիոնի վարիչ Արման Եղիազարեանի, Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի Հայրենադարձութեան բաժնի պետ Յովհաննէս Ալեքսանեանի եւ «Վերադարձ Հայաստան» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Վարդան Մարաշլեանի հետ։ Քննարկուած են նախատեսուող օրէնքի հիմնական հասկացութիւնները, օրէնսդրական կարգաւորման անհրաժեշտութիւն ունեցող ուղղութիւնները՝ ազդարարելով համատեղ աշխատանքի մեկնարկը:

Ձեւաւորուած է աշխատանքային խումբ, որու աշխատանքներու աւարտից ետք նախնական փաթեթը պիտի ներկայացուի կողմերուն, Հայաստանի եւ սփիւռքի մասնագիտական շրջանակներուն։

Կառավարութեան կողմէ սփիւռքի հետ քաղաքականութիւն մշակող մարմնի ղեկավարն է Զարեհ Սինանեանը: Աշխատանքային խումբի բոլոր նիստերուն կը հրաւիրեն բոլոր ցանկացող գերատեսչութիւններու անդամները:

Խումբին առջեւ խնդիր դրուած է հանդիպիլ հայաստանեան եւ սփիւռքեան գիտական եւ մասնագիտական շրջանակներուն հետ, հայրենադարձ ընտանիքներու հետ հասկնալու՝ ինչպիսին պէտք է ըլլայ նոր օրէնքը: Մխիթար Հայրապետեանը տեղեկացուցած է, որ ամենայն հաւանականութեամբ պետութեան համար չափազանց կարեւոր այդ նախագիծը այս տարեվերջին կ’ըլլայ ԱԺ օրակարգին վրայ։