Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

toranyan papazian france

CCAF-ի համանախագահները՝ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան Հայաստան-Ազէրպայճան սահմանի մտահոգիչ վերջին զարգացումներուն մասին Քէ տ՚Օրսէի (Արտաքին գործոց նախարարութեան նստավայրը) Հայաստանի հարցերու պատասխանատուին հետ զրոյց մը ունեցած են, որու մասին Յուլիս 24 թուակիր հետեւեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակուած է.Այս մասին հաղորդում է Փարիզի »Նոր Յառաջ»ը։ 

«CCAF-ի համանախագահները Յուլիս 23-ին, 40 վայրկեան տեւած "անկեղծ եւ ուղղակի" զրոյց մը ունեցան Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանի գրասենեակի խորհրդական, Հայաստանի հարցերու պատասխանատու տիկ. Մարկօ Պերժոն-Տարսի հետ։ Վերջինս յիշեցուց ֆրանսական դիւանագիտութեան գիծը ճշդող այն սկզբունքները, որոնք պայմանաւորուած են Ֆրանսայի՝ Մինսքի խումբի համանախահութեան հանգամանքին պարտադրած անաչառութեամբ։

CCAF-ի համանախագահները՝ Մուրատ Փափազեան և Արա Թորանեան իրենց կարգին, որպէս բանբերը ֆրանսահայ համայնքին՝ խօսեցան անոր մտահոգութիւններուն մասին՝ Յուլիս 12-ին Հայաստանի հիւսիսարեւելեան սահմանին վրայ ազէրպայճանական ռազմական յարձակումին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ: Համանախագահները պնդեցին, որ այս հարցին շուրջ Պաքուի ստայօդ յայտարարութեանց դիմաց՝ անհրաժեշտ է ստեղծել հրադադարի պահպանումը ապահովող գործիքակազմեր: Անոնք յատկապէս ընդգծեցին, որ Ալիևի վարչակարգը դէմ է նման միջոցներու, մինչ ռազմական առումով՝ այդ միջոցները կրնան երաշխաւորել տարածաշրջանի կայունութիւնը: Բարձրացուեցաւ նաև Անգարայի՝ Պաքուին ցուցաբերած բացայայտ աջակցութեան և ատոր սպառնալից հետեւանքներուն հարցը: Եւ վերջապէս, համանախագահները յիշեցուցին ծագումով հայ Ֆրանսացիներու՝ 1915-ի Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղածներու ժառանգներուն համար Հայաստանի ապահովութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի դատին անսահման կարեւորութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի Արցախին անհրաժեշտ զօրակցութեան՝ Փափազեան եւ Թորանեան յայտնեցին CCAF-ի վերջին ընթրիքին՝ Ֆրանսայի ղեկավարին արտայայտած յանձնառութեան նկատմամբ իրենց ակնկալութիւնները: Արդարեւ, յառաջացած էր այլընտրանքային լուծում առաջարկելու հարցը Ֆրանսայի քաղաքապետարաններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջև բարեկամութեան ուխտերուն, որոնք կը բախին քաղաքական և իրաւական խոչընդոտներու: Ըստ զրուցակիցին՝ այդ մէկը նիւթ մըն է, որ կը գտնուի Ներքին գործոց նախարարութեան տնօրինումին ներքեւ, որ ի դէպ պիտի աշխատի Արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ:

CCAF-ի համանախագահները, այնուամենայնիւ կ՚ողջունեն Քէ տ՚Օրսէի հետ այս երկխօսութեան սկիզբը նիւթի մը շուրջ, որ ծայր աստիճան կը մտահոգէ ծագումով հայ 500.000 Ֆրանսացիները և երկրին այն բոլոր քաղաքացիները, որոնք զօրակից են անոնց Դատին։

CCAF-ի համանախագահներ՝

Մուրատ Փափազեան

Արա Թորանեան

2020 Յուլիս 24»։