Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

 

Յուլիս 12-13 օրերուն Ատրպէյճան խախտեց զինադադարի համաձայնութիւնը Հայաստանի հետ եւ նախայարձակ ըլլալով Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ գործադրեց սանձարձակ զինուորական գործողութիւններ. հայրենի բանակայիններ անմիջապէս հակադարձեցին թշնամի ոյժերուն պատճառելով մարդկային եւ ռազմամթերքի վնասներ:

Միւս կողմէ, Թուրքիա կը հրահրէ սահմանային դրացի զոյգ երկիրներու միջեւ տեղի ունեցող հակամարտութիւնները տարածաշրջանի ապահովութեան խախթման եւ անկայունութեան սպառնալով:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդը մօտէն հետեւելով այս վտանգաւոր զարգացումներուն՝ կը դատապարտէ այս նախայարձակումը եւ թրքական միջամտութիւնը եւ կը զօրակցի Մայր Աթոռին, աւանդական կուսակցութեանց եւ կազմակերպութեանց, բարձր պահելու հայ զինուորին բարոյականն ու մարտունակութեան ոգին:

Այս պահը ժամանակն է միասնականութեան եւ ազգովին համախմբուելու մեր հայրենի պետութեան շուրջ:

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

 

 

Պոստոն, Յուլիս 14, 2020