ՊՈՍԹԸՆ․- Վաւերագրական ֆիլմեր արտադրող եւ բեմադրիչ Անոյշ Էլբակեան, հինգերորդ անգամ ըլլալով արժանացաւ տեղական «Էմմի» մրցանակին: Այս մասին հաղորդում է Էրեբունի լրատվական ցանցը։
Ան ստացած է Նիւ Ինկլընտ շրջանի երկու «Էմմի» մրցանակներ «Ամէն Ինչ Կը Փոխուի. Քէյփ Քատի Մէջ Կլիմայի Փոփոխութիւնը» («Everything Is Changing: Climate Change On Cape Cod») վաւերագրական ֆիլմին համար: «Շատ յուզուած եմ, որ երէկ երեկոյեան «Էմմի» երկու մրցանակով շահեցանք Քէյփ Քատի մէջ կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ վաւերագրական ֆիլմին համար», կը գրէ Էլբակեան:
Անոյշ Էլբակեան ամերիկեան «Boston Globe» թերթի լրագրող է եւ ժապաւէններ արտադրող: Ան մասնակցած է «Boston Globe» մարաթոնին վրայ ահաբեկչական յարձակումին լուսաբանման վերաբերեալ նիւթին պատրաստութեան եւ իր խումբին հետ արժանացած է «Փիւլիցըր» մրցանակին:
2016-ին ան արժանացած է տեղական «Էմմի» մրցանակին «Օր Մը Լէոյի Կեանքէն» («A Day in Life of Leo») ֆիլմին համար: Էլբակեան արժանացած է նաեւ համացանցային լրագրութեան մրցանակներու։
Ան դերասան եւ բեմադրիչ Արթուր Էլբակեանի դուստրն է։
orer.eu