«ՓԹԻԹ մանկապատանեկան կայք»-ը մեկնարկած է Հոկտեմբեր 2015-ին,Պէյրութի մէջ2010 -էն ի վեր լոյս տեսնող նոյնանուն պարբերաթերթը հասանելի դարձնելու համար հայկական Սփիւռքին: 2016-ին կայքին յաջորդեց ՓԹԻԹ յաւելուածը, որ ցարդ ունի շուրջ 33,000 ներբեռնում։
Կայքի թարմացումները պարբերաբար շարունակուեցան մինչեւ 2020, եւ այն ցարդ ունեցած է շուրջ 53,000 այցելու։ Վերջին ամիսներուն, Համաճարակին պարտադրած մեկուսացումին պատճառով, կայքին այցելուները եռապատկուեցան (Մարտ – Մայիս ամիսներուն՝ աւելի քան 10,000 այցելու), որովհետեւ զանազան երկիրներու հայկական վարժարաններ սկսան օգտագործել ՓԹԻԹ-ի կայքը, մանաւանդ՝ անոր լեզուական փոխներգործուն խաղերու հարուստ ընտրանին, իբրեւ առցանց ուսուցումի օժանդակ միջոց, աշակերտներուն արեմտահայերէնով հաճելի եւ շահեկան գիտելիքներ փոխանցելու համար։
ՓԹԻԹ մանկապատանեկան կայքը լեզուական խաղերու կողքին ունի նաեւ թուաբանական, տրամաբանութեան եւ ժամանցային խաղեր, ինչպէս նաեւ յօդուածներ, առակներ, պատմութիւններ, ժպիտներ եւ հանելուկներ, որոնք կը հետաքրքրեն զանազան տարիքի եւ հայերէնի իմացութեան տարբեր մակարդակներ ունեցող երեխաներուն:
Ի տես այս իրականութեան, որոշեցինք արագացնել թարմացումները.այսուհետեւ ամսական դրութեամբ նոր նիւթեր պիտի տեղադրուին կայքին վրայ։
Նշենք որ ՓԹԻԹ-ի կայքը`www.e-ptit.com գոյութիւն ունի եւ անոր պարբերաբար թարմացումները կը կատարուին շնորհիւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի նիւթական նեցուկին:
orer.eu
ՓԹԻԹ-Ւ ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԷՆ ՆՄՈՒՇՆԵՐ