ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹՅԱՆ ԳԵՐԱԳՈՒՅՆ ԽՈՐՀՐԴԻ ԿՈՉԸ
Մեր հայրենիքը կը դիմագրաւէ տագնապի մէջ ուրիշ տագնապ մը: Արդարեւ, համաճարակը հասած է գրեթէ անվերահսկելի հանգրուան մը՝ բաւական աւերիչ հեռանկարներով առողջապահական ու տնտեսական բնագաւառներէ ներս: Այդ տագնապին զուգահեռ յառաջացած է նաեւ քաղաքական տագնապը աւելի ճակատագրական դարձնելով ներհայաստանեան գոյավիճակը:
Այսպիսի զոյգ պարագաներու դիմաց միակ խոհեմ ընտրութիւնը պիտի ըլլար համախմբուիլ պետութեան շուրջ եւ համազգային ոյժերով յաղթահարել տագնապները: Արդէն հնչած են ողջախոհութեան կոչեր, որոնց միանալով կ'ուզենք լսելի դարձնել մեր ձայնը՝ անյետաձգելի անհրաժեշտութեան վերածելով մեր հայրենաբնակ ժողովուրդի միասնականութիւնը: Այս պահուն չի կրնար գոյութիւն ունենալ ոեւէ հարց որ աւելի կարեւոր նկատուի տագնապները դիմագրաւելու անհրաժեշտութենէն: Թոյլատրելի չեն ոեւէ խօսք, շարժում եւ արարք որոնք կրնան սատարել երկրին անկայունացման: Ժամանակն է վերյիշելու մեր ազգային պատմութեան դառն դասերը. 14րդ դարուն մեր Կիլիկեան թագաւորութիւնը վերջ գտաւ ներքին վէճերէ ու պառակտումներէ յառաջացած տկարութեամբ որմէ օգտուեցան Մեմլուքները: Առաջին հանրապետութեան անկումը եւս իրականացաւ որքան արտաքին քաղաքական զարգացումներու հետեւանքով, նոյնքան նաեւ ազգային միասնականութեան խախտումին հետեւանքով: Մենք պատմութեան առջեւ ծանր պատասխանատուութիւնն ունինք չկրկնելու միեւնոյն սխալները:
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը յաղթանակեց մեր հայրենիքին մէջ ընկերային արդարութեան, բարօրութեան եւ շինարարութեան նոր խոստումներով: Մանաւանդ այս տագնապալի օրերուն պէտք է թոյլ տալ որ նոր իշխանութիւնը կենսագործէ իր առաջադրութիւնները:
Միւս կողմէ յաղթանակած իշխանութենէն կ'ակնկալուի գործել պետական մտածողութեամբ. ամէն արարքի, խօսքի եւ վճիռի կշիռը պահպանելու համար հայրենի իշխանաւորներէն կ'ակնկալուի յիշել թէ իրենք կը գտնուին յաղթող կառոյցի մը վեհանձնութեան պատուանդանին վրայ: Պետութիւնը կը պատկանի հայրենիքի բոլոր հատուածներուն, ներառեալ ընդդիմադիր տարրերուն. եւ որպէսզի երաշխաւորէ պետութիւնը համայն ազգին հաւատարմութիւնը՝ անհրաժեշտ կը դառնայ աննախապաշար վերաբերումը բոլոր քաղաքացիներուն նկատմամբ, մանաւանդ զգուշանալով հիներու եւ նորերու հակադրութիւններէն:
Մեր հայրենասիրական բոլոր ճառերուն մէջ արդարօրէն կ'ոգեկոչուի միասնութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի: Այսօր հասած է պահը ճառերու պարունակէն դուրս բերելու այդ միասնականութեան շօշափելի գաղափարը՝ եւ կազմելու համախոհութեան մարմին մը միացնելով մեր ազգին եռամաս հատուածները եւ առաջադրելու անմիջական ու գործնական ճանապարհային ուղի մը՝ լուծելու ահագնացող տագնապը եւ մեր հայրենիքը հեռու պահելու անտեղի, վտանգաւոր ու կործանիչ ալեկոծումներէ:
Անյետաձգելի պահանջ մըն է համազգային համախոհութիւնը:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Վարդգէս Գուրուեան Դոկտ. Հրաչ Գույումճեան
Ատենադպիր Ատենապետ
Պոստոն, Յունիս 15, 2020