Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 30.000 ամերիկեան տոլար կը տրամադրէ ընկերային ծառայութիւններ մատուցող լիբանանահայ երեք կազմակերպութիւններու՝ քաջալերելու երկրին ծանր տնտեսական պայմաններուն եւ Քովիտ 19-ին ստեղծած բժշկական տագնապը յաղթահարելու համար անոնց նախաձեռնած մարդասիրական աշխատանքները:
Իւրաքանչիւրը 10.000 ամերիկեան տոլարի օժանդակութիւն ստացող երեք կազմակերպութիւններն են.-
- Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ (ԼՕԽ)
- Հայ Կրթական Բարեսիրական Կազմակերպութիւն (ՀԿԲՄ)
- Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութիւն
Տրամադրուելիք նպաստները պիտի օգնեն այս կազմակերպութիւններուն շարունակել լիբանանահայ գաղութի կարիքաւորներուն սնունդի, դեղորայքի եւ բժշկական ծառայութիւններ մատուցելու իրենց նախաձեռնած աշխատանքները:
Այս նուիրատուութիւնը համահունչ է լիբանանահայ կրթական ոլորտէն ներս Հիմնարկութեան նախաձեռնած աշխատանքներուն: Հոսկէ մեկնելով, դեկտեմբեր 2019-ին եւ յունուար 2020-ին, Հիմնարկութիւնը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած էր Լիբանանի մէջ գործող 18 հայկական վարժարաններուն: Մարդասիրական այս օգնութիւնը կ'ամբողջացնէ Քովիտ-19-ին վերաբերող բժշկական սարքեր ապահովելու նպատակով Հայաստանին ղրկուած օժանդակութիւնը:
Հայկական Բաժանմունքին կողմէ կատարուած այս նուիրատուութիւնը մաս կը կազմէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Քովիտ-19-ին վերաբերող ընդարձակ ծրագիրներուն: Ան պսակաձեւ ժահրին ստեղծած տագնապը յաղթահարելու նպատակով Բաժանմունքին նախաձեռնած տարբեր ծրագիրներէն մէկն է: