Դասընթացը տեղի կունենա 2021թ օգոստոսին
Պսակաժահրի համաճարակը աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ պատճառ եղած է հանրային գործունէութիւններն ու երթեւեկը ուժգնօրէն սահմանափակող միջոցառումներու։
Իտալիա եւս այս ուղղութեամբ խիստ կարգադրութիւններու դիմած է ժահրի ճարակը կասեցնելու եւ վերադառնալու համար կեանքի բնականոն ընթացքին։ Բայց ոչ ոք կրնայ ստոյգ կերպով կռահել՝ թէ երբ այս վերադարձը պիտի կարենայ իրականանալ։
Այս պատճառով մեր Պո-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութիւնն ալ յարմար նկատեց 2020-ի Օգոստոսին համար նախատեսուած՝ Հայ Լեզուի եւ Մշակոյթի խտացեալ Դասընթացքը, որ անընդմիջաբար տեղի ուեցած է 1986-ի Օգոստոսէն սկսեալ եւ այս տարի պիտի բոլորէր իր 35-րդ կատարումը, յետաձգուի 2021 Օգոստոսին։
Յառաջիկայ դասընթացքի մասին պատշաճ ժամանակին պիտի տրուին անհրաժեշտ տեղեկութիւնները, 2020-ի Նոյեմբերէն սկսեալ։
Վստահ ենք որ հասկացողութեամբ պիտի դիմաւորէք մեր այս որոշումը։ Մինչ այդ կը մաղթենք բոլորիդ քաջառողջութիւն եւ, Աստուծոյ հաճութեամբ, արագ ազատում ներկայ աղէտէն։
orer.eu
As you know, Covid-19 pandemic has forced all Countries in the world to adopt strict measures to contain the virus outbreak, such as the block of international travels.
Italy has applied stringent rules since March for this aim and is now trying to go back to normality, but no one can say when it will be possible to do so.
For this reason, our Association Padus-Araxes has decided that the most responsible course of action is to cancel the 35th edition of the Armenian language course of August 2020, and to begin working for its 2021 edition.
Necessary information will be communicated in due time, starting from November 2020. We are sure you understand our choice and we hope to see you next year. In the meantime, we wish you and your families good health.
ԴԻՒԱՆ / SECRETARIAT
Վենետիկ / Venezia / Venice