ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց Սուրիոյ խորհրդարանին՝ հայոց դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան բանաձեւին որդեգրումը եւ շնորհաւորեց սուրիահայութիւնը այս կարեւոր իրագործումին առթիւ:
«Յատուկ շնորհակալութիւն Սուրիոյ իշխանութեան եւ մանաւանդ ասպնջական ժողովուրդին, որ ապաստան շնորհեց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մնացորդացին:
«Սուրիոյ կողմէ այս ճանաչումը եւ դատապարտումը կրկնակի կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ սոսկ իրողութեան հաստատումէն անդին կ՛անցնի, կը վկայէ Սուրիոյ ժողովուրդին ականատես ըլլալու հանգամանքը՝ Թուրքիոյ կողմէ իր իսկ հողերուն վրայ գործադրուած մեծ ոճիրին եւ կոչ կ՛ուղղէ՝ պայքարելու ժխտումի քաղաքականութեան դէմ:
«Շնորհակալութիւն մանաւանդ «Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողով»ին եւ անոր նախագահ դոկտ. Նորա Արիսեանին, որոնք նախաձեռնեցին այս բանաձեւին գործընթացին օրէնսդիր պալատին մէջ:
«Այս մեծ յաղթանակին համար դարձեալ կը շնորհաւորենք սուրիահայութիւնը, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւորները եւ Հայ Դատի բոլոր նուիրեալները», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: