Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times
 
 
Գերմանիոյ խորհրդարանը՝ Պունտեսթակը Քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութեան երեսփոխանուհի Քարին Շթրենցը զրկած է անձեռնմխելիութենէն: Ան կը մեղադրուի Ազէրպայճանին շահերը պաշտպանելու համար՝ այդ երկրէն 22 հազար եւրօ կաշառք ստացած ըլլալու յանցանքով: Անցեալին նման մեղադրանք յարուցուած էր նաեւ Գերմանիոյ Քրիստոնեայ-ընկերվարական կուսակցութեան նախկին երեսփոխան Էտուարտ Լինթներինոր 2008-էն 2016 Ազէրպայճանէն ստացած էր 4 միլիոն եւրօ:
Քարին Շթրենցի նկատմամբ կասկածները ի յայտ եկած էին 2017-ին Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն (ԵԽԽՎներս ծագած կաշառակերութեան ծանօթ գայթակղութեան ընթացքին: Անոր անունը յատկապէս յիշատակուած էր Եւրոպայի մէջ Պաքուի ի նպաստ լոպիինկի համար տրուած կաշառքներու մասին՝ անկախ փորձագէտներու 2018 Ապրիլին հրապարակած զեկոյցին մէջ:
Այդ փաստաթղթին մէջ կը նշուէրոր կաշառակերութեան գայթակղութեան հիմնական մասնակից Էտուարտ Լինթներ իրեն պատկանող եւ Պաքուի գանձատրած ու Ազէրպայճանի ի նպաստ լոպիինկ կատարող Line M-Trade խորհրդատուական կազմակերպութիւնը աշխատանքի առած է Քարին Շթրենցը:
Հակառակ այս երեւոյթին՝ Շթրենց 2015-ին մաս կազմած է Ազէրպայճանի ընտրութիւնները դիտարկող դիտորդական առաքելութեան: Ի յայտ եկած կասկածներու պատճառով՝ 2018-ի սկիզբը Շթրենց չէր ընդգրկուած ԵԽԽՎ-ի Գերմանիոյ պատուիրակութեան կազմին մէջ: Ենթական պնդած էրթէ ինք չէր գիտերոր Լինթների ընկերութեան գանձատրումը կու գայ Ազէրպայճանէն: Ան ինքզինք մեղաւոր համարած էր միայն անոր համարոր Պունտեսթակին ժամանակին չէր տեղեկացուցած իր ստացած «լրացուցիչ վարձատրութեան» մասին:
Եղծանման դէմ պայքարի «Թրանսփարենսի ինթերնեշընըլ» կեդրոնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մըուր կը նշուիթէ Ֆրանքֆուրթի դատախազութիւնը դատական հետապնդումի ձեռնարկած է Շթրենցի եւ Լինթների դէմ:
«Թրանսփարենսի ինթերնեշընըլ»-ի գերմանական ներկայացուցչութիւնը՝ «Թրանսփարենսի Տոյչլանտ», կը հաղորդէթէ Ֆրանքֆուրթի դատախազը Շթրենցը կը մեղադրէ «ազէրպայճանամէտ  դիրքորոշման» փոխարէն առնուազն 22 հազար եւրօ կաշառք ստացած ըլլալու յանցանքով։ Իսկ Լինթներ կը մեղադրուի բրիտանական կեղծ ընկերութիւններու միջոցով՝ 2008-էն 2016 Ազէրպայճանէն շուրջ 4 միլիոն եւրօ ստացած ըլլալու յանցանքով։ Անայնուհետեւ այդ գումարէն «նուէր»-ներ կ՚ընէր ԵԽԽՎ-ի այլ անդամներուորոնք իրենց ստացածին դիմաց դրական կարծիքներ կը յայտնէին ազէրպայճանական կառավարութեան մասին եւ վճռականօրէն դէմ կ՚արտայայտուէին քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման։ 
Նոր Յառաջ 
Փարիզ