Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Շաբաթ, 9 Նոյեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթ-դրամահաւաքը, որուն ընթացքին Հայ Դատի աշխատանքներուն համար հանգանակուեցաւ 2,4 միլիոն տոլար։ Հաւաքին ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներու, Հայ Դատի գրասենեակներու պատասխանատուներ, նուիրատուներ եւ հիւրեր:

Նախագահ Բակօ Սահակեան իր ելոյթին ընթացքին ողջունեց ներկաները, փոխանցեց Արցախի ժողովուրդին ջերմ բարեմաղթանքները, կարեւոր նկատեց այսպիսի ձեռնարկներու կազմակերպումը եւ նշեց, որ ասիկա հարթակ մըն է՝ քննարկելու համազգային եւ միջազգային զարգացումները եւ ծանօթանալու տարբեր կարծիքներու: Ան անդրադարձաւ Արցախի պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան շարք մը հիմնարար գաղափարներու: «Աշխարհի մէջ տեղի կ՛ունենան բաւական աշխոյժ եւ լուրջ աշխարհաքաղաքական տեղաշարժներ ու փոփոխութիւններ: Անոնց շարքին՝ այդ փոփոխութիւններուն կարեւոր մէկ հոսանքը կ՛ընթանայ մեր եւ յարակից շրջաններուն մէջ: Այս կը պահանջէ աւելի մեծ զգօնութիւն, փոխադարձ գործակցութեան համակարգման աստիճանի բարձրացում, տարբեր երկիրներու հետ տարուող աշխատանքներու, մարտավարութեան եւ ռազմավարութեան մէջ յստակացումներու եւ փոփոխութիւններու իրականացում», ընդգծեց ան։

Նախագահ Սահակեան շեշտեց, որ մեր բոլոր յաղթանակներուն եւ ձեռքբերումներուն կեդրոնը կը հանդիսանայ ժողովուրդը՝ իր միասնականութեամբ, անկոտրում հաւատքով, հաւաքական կամքով, լաւատեսութեամբ եւ քրտնաջան աշխատանքով՝ աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է այս ուղղութեամբ ամէն ինչ ընել՝ հետեւողականօրէն ամրապնդելու համար Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը, զարգացնել ու խորացնել մնայուն գործնական կապերը Արցախի եւ անոր բարեկամներուն միջեւ: Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ միշտ Արցախին սատարելնուն եւ մեր համազգային հարցերու լուծման գործին մէջ աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալնուն համար:

Արամ Ա. կաթողիկոս ուղղեց իր հայրապետական պատգամը. ան անդրադարձաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն կարեւորութեան, հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարին եւ ներկայիս դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու պայքարը շարունակելու անհրաժեշտութեան:

Ան ըսաւ, որ Հայ Դատը միայն Սփիւռքի կամ միայն Հայաստանի ու Արցախի դատը չէ, անիկա ամբողջ հայ ժողովուրդին դատն է:

«Մեզի համար Հայաստանի հզօրացումը պայքար է: Արցախի անկախութեան պահպանումը պայքար է: Մենք պահանջատէր ժողովուրդ ենք եւ մեզի համար առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ Հայաստանի անկախութեան ամրապնդումը», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս՝ շեշտելով յատկապէս, որ մեզի համար, հայ ժողովուրդին համար Հայ Դատը ամէնօրեայ պայքար է:

«Այսօր Հայ Դատի մարմինները ի սփիւռս աշխարհի բարձրագոյն աստիճանի նուիրուածութեամբ, նախանձախնդրութեամբ, հետեւողականութեամբ եւ մանաւանդ կամքով եւ հաւատքով կը հետապնդեն մեր ժողովուրդի իրաւունքները։. Մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման մէջ անկասկած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունեցաւ, ունի եւ պիտի ունենայ իր առանցքային տեղը եւ դերը», ըսաւ կաթողիկոսը:

Իր կարգին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան նուիրահաւաքին: Ան դիտել տուաւ, որ ձեռնարկը երախտագիտութեան զգացումի արտայայտութեան զուգահեռ՝ նաեւ առիթ է հաշուետուութեան, ներկայացնելու Հայ Դատի Եւրոպայի, Հայաստանի կեդրոնական գրասենեակի, Միջին Արեւելքի գրասենեակի աշխատանքներուն ծիրը՝ աւելցնելով, որ Ուաշինկթընի Կեդրոնական գրասենեակին կողքին շրջանային մակարդակով Հայ Դատի գրասենեակներ կը գործեն ամէնուրեք:

«1991-էն սկսեալ, երբ հպարտութեամբ ողջունեցինք Հայաստանի վերանկախացումը, Արցախի գոյամարտի արդիւնքը հանդիսացող Արցախի Հանրապետութեան ստեղծումը, հարստացաւ նաեւ մեր Հայ Դատի օրակարգը: Եթէ դասականօրէն կը զբաղէինք Հայոց Ցեղասպանութեամբ, այսօր Ցեղասպանութիւնը երկրորդ մակարդակի վրայ է, որովհետեւ առաջին մակարդակի վրայ եղած է՝ մեր բոլոր Հայ Դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերուն համար, Հայաստանի Հանրապետութեան զօրակցութեան խնդիրը, անոր միջազգային վարկի, հեղինակութեան բարձրացումը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման խնդիրը՝ կա՛մ ինքնորոշման իրաւունքի շեշտաւորումով կա՛մ, ուր որ կարելի է, Արցախի միջազգային ճանաչման հարցին արծարծումով: Երկրորդ կարգի վրայ կու գայ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, որ արդէն բաւական ճամբայ կտրած է։ Ասոր կողքին, մենք բացած ենք հատուցումներու օրինական երեսներու քննարկման հարցը մեր հիմնած Հայ իրաւանց խորհուրդին կողմէ, որ կ՛ուսումնասիրէ անհատական եւ հաւաքական հատուցումներու հարցը: Երրորդը՝ հայապատկան հողերու վրայ հայութեան իրաւունքներու վերադարձի, հայակերտումի հարցն է, իսկ չորրորդը՝ ընդհանրապէս ժողովուրդին եւ յատկապէս երիտասարդութեան քաղաքականացումն է եւ անոնց առիթներ ու հնարաւորութիւններ տալու կարելիութիւնը, ոչ թէ իբրեւ խօսք եւ օդային ծրագիրներ, այլ շատ յստակ ծրագիրներ, որոնց մասին տակաւին առիթ պիտի ըլլայ խօսելու, որոնց ընդմէջէն մենք կը փորձենք բանալ դռներ միջազգային մայրաքաղաքներու մէջ, որպէսզի կարենանք մեր այդ երիտասարդները զետեղել քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական, մտաւորական համալսարանական շրջանակներու մէջ, եւ այդպիսով երբեմն հպարտանանք՝ ըսելով, որ բերդը ներսէն գրաւած ենք», յայտնեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ան տեղեկացուց, որ երիտասարդութեան վերաբերող այս ծրագիրին մէջ արդէն կարելի եղած է ներգրաւել շուրջ 200 երիտասարդներ Ուաշինկթընէն եւ եւրոպական զանազան մայրաքաղաքներէ:

Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ-ի պարտականութիւնն է ծառայել իր ժողովուրդին՝ դիտել տալով, որ լաւապէս գիտենք ինչ կը նշանակէ նուիրում, կամաւոր աշխատանք, զոհողութիւն, եւ եթէ հարկ ըլլայ՝ կեանքի գնով պայքարի մասնակցութիւն:«Բայց 21-րդ դարուն կ՛անդրադառնանք նաեւ, որ միայն կամաւոր աշխատանքը բաւարար չէ, մենք պէտք է ունենանք արհեստավարժ կեդրոններ: Ուրախ ենք ըսելու, որ վերջին 15 տարիներուն ընթացքին մենք կրցած ենք ստեղծել նման կառոյցներ», յայտնեց Տէր Խաչատուրեան՝ աւելցնելով, որ անոնք բաւարար ու ամբողջական կրնան չըլլալ, սակայն անկասկած կը շարունակեն տարին 365 օր, շաբաթը 7 օր եւ օրական 24 ժամ միշտ հիմնական պատնէշներու վրայ ըլլալ: «Հայ Դատի մեր զինուորագրեալները՝ մէկ մասը արհեստավարժ, ջախջախիչ մասը՝ կամաւոր բանակ, իսկապէս անոնք երկրորդ բանակը կը հանդիսանան Հայաստանի ու Արցախի բանակներուն կողքին, անոնք մեր քաղաքական դաշտի բանակն են, որ Արցախի եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն կողքին կը պայքարին առաջադրուած չորս հիմնական ոլորտներուն մէջ», շեշտեց Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

Իր խօսքը եզրափակելով՝ ան ըսաւ, որ այդ արհեստավարժութեան յաջողութեան եւ պայքարի յարատեւման համար ՀՅԴ-ն կը դիմէ ժողովուրդին, որ միշտ կ՛անսայ դիմումին եւ նեցուկ կը կանգնի Դաշնակցութեան:

ԱՒԵԼԻ ՈՒՇ, ՀՅԴ ԲԻՒՐՕՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

« 8 . Նոյեմբերի 2019-ին Բրիւսէլում կայացած ՀՅԴ մարմինների ներկայացուցիչների համակուսակցական հերթական խորհրդաժողովը, քննելով կուսակցութեան ընթացիկ գործունէութիւնը՝ արձանագրեց Դաշնակցութեան քաղաքական օրակարգերից բխող առաջնահերթութիւններն ու անելիքները:

ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցը ներկայացնող խորհրդակցական ժողովի ժամանակ քննարկուեցին Հայաստանի ներկայ իրավիճակը եւ վերջին ամիսների մեր հայրենի կազմակերպութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր կուսակցութեան յառաջիկայ մարտավարութիւնը եւ առնուելիք քայլերը Հայաստանի մէջ: Անդրադարձ կատարուեց նաեւ կուսակցութեան ներսում պառակտումներ ստեղծելու ՀՀ իշխանութեան որոշ ներկայացուցիչների եւ շրջանակների անյաջող փորձերին:

Նշուեց, որ պետականութիւնը Դաշնակցութեան համար բարձրագոյն արժէք է եւ, դրանով պայմանաւորուած կուսակցութեան եւ ուղեկից միութիւնների գործունէութեան հետ կապուած զանազան շահարկումները, հին ու նոր, Սփիւռքի եւ Հայաստանի դաշնակցականներ պեղելու, տարբերակումներ մտցնելու մղումը կուսակցութեան միասնականութիւնը թիրախաւորելու ապարդիւն փորձ է:

Արձանագրուեց նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը սկզբունքային մօտեցումներից բխող գաղափարական, քաղաքակիրթ պայքարի կողմնակից է եւ համոզուած է, որ թշնամանքը, ատելութիւնը, անձնական վիրաւորանքը չպէտք է տեղ ունենան այդ պայքարում:

Ժողովը անդրադարձաւ Արցախի հիմնահարցին եւ 2020-ի գարնան տեղի ունենալիք նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններին: Գնահատուեց Արցախի Բարեկամների յաջող համաժողովի գումարումը եւ Արցախի բարեկամների ցանցի ստեղծումը:

Ժողովին ներկայացուեց Լիբանանի վերջին անցուցադարձերի մասին զեկոյց եւ քննարկուեց Միջին Արեւելքի, յատկապէս Լիբանանի, Սիրիայի եւ Իրաքի հայութեան կացութիւնը եւ մեր համաշխարհային կառոյցի առնելիք քայլերն այդ ուղղութեամբ:

Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ խրախճանք-հանդիպում Բելիգայի կոմիտէութեան ընկերների եւ ուղեկից միութիւնների վարչութիւնների մասնակցութեամբ, որն անցաւ ջերմ մթնոլորտում»:

https://www.yerepouni-news.com/2019/