Նորություններ
Typography
  • Smaller Small Medium Big Bigger
  • Default Helvetica Segoe Georgia Times

Axelle/Bauer-Griffin/Getty Images

«WCIT 2019»-ի կազմակերպիչները Սեպտեմբեր 10-ին յայտարարեցին, որ գործատէր, հաղորդավար, բնորդ (modèle), արտադրող Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ որպէս հիմնական զեկուցող եւ նիստավար պիտի մասնակցի «WCIT 2019» տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու (ՏԱ) 23-րդ համաշխարհային համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, Հոկտեմբեր 6-էն 9:
Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ հանդէս պիտի գայ «Գաղափարներու շուկայ» փորձագիտական լիագումար նիստին, ուր պիտի քննարկուի, թէ ապակեդրոնացուած արհեստագիտութիւնները որքանով նպաստած են ժամանցի, մետիայի եւ լրագրութեան աշխարհներու ժողովրդայնացման եւ թէ որքանով յեղափոխած են արուեստի, տեղեկատւութեան տարածման մեր մեթոտները` նոր աստղեր պատրաստելու ճանապարհին: «Գաղափարներու շուկայ» նիստի քննարկումները պիտի պարզեն, թէ ինչ կը նշանակեն այս զարգացումները անձնական կեանքի գաղտնապահութեան, ընկերային յարաբերութիւններու, հիմնարկներու նկատմամբ վստահութեան եւ նոր գործի օրինակներու համար:
«Գաղափարներու շուկայ» փորձագիտական նիստի ընթացքին անհատական ելոյթէն յետոյ Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ դէմ առ դէմ հարցազրոյց պիտի ունենայ, այնուհետեւ պիտի միանայ փորձագէտ նշանաւոր գործիչներու խումբին, որոնց շարքին պիտի ըլլան հայկական ծանօթ «PicsArt» ընկերութեան համահիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Յովհաննէս Աւոյեան` շարունակելու հետագայ քննարկումները:
«WCIT 2019»-ի կազմակերպչական յանձնախումբի նախագահ, Առաջատար արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան նախագահ, Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան ծառայութիւններու մեծագոյն մատակարար «Եուքոմ» ընկերութեան համահիմնադիր Ալեքսանտր Եսայեան Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթի այցի վերաբերեալ յայտնած է. “Մենք` WCIT 2019-ի կազմակերպիչներս, օրակարգը կազմելու ատեն որոշեցինք համարձակ, ոչ-սովորական մօտեցում ցուցաբերել: Մենք երբեմն լրջօրէն կ՚ընդունինք նոյնիսկ հակասական գաղափարներ այն բոլոր մարդոցմէ, որոնք էական ըսելիք ունին ՏԱ արդիւնաբերութեան եւ ոչ միայն անոր մասին:
Աւելի քան 240 միլիոն հետեւորդներով` Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ ընկերային ցանցերու մէջ ամենամեծ լսարանը ունեցողներէն է: Ան մեր ժամանակաշրջանի ամենաազդեցիկ ձայներէն մէկն է աշխարհի վրայ: Մենք համոզուած ենք, որ Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթը, որպէս արտասովոր յաջողակ գործարար, որպէս այս ոլորտի առաջամարտիկ, որպէս կին եւ մայր, կարեւոր ու հետաքրքրական ըսելիք պիտի ունենայ ընկերային մետիայի մէջ ձեռներէցութեան աշխարհի մասին, որու ստեղծման եւ ձեւաւորման նպաստած է արդէն երկու տասնամեակ: Մեր կարծիքով, առանց անոր մասնակցութեան հնարաւոր չէ լուրջ զրոյց ծաւալել այս թեմային շուրջ: Մենք կ՚ակնկալենք Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթը ողջունել իր պապերու երկրին մէջ եւ «WCIT 2019»-ի գաղափարներու մեծ բեմին վրայ”։
Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ իր հարթակը աշխուժօրէն կ՚օգտագործէր քրէական արդարադատութեան բարեփոխումներու համար, իսկ Մայիսին յայտարարեց, որ սկսած է իրաւաբանութիւն ուսանելու Գալիֆորնիոյ մէջ: Այս Սեպտեմբերին ան պիտի ներկայացնէ իր սպասուած «SKIMS» հագուստի նորաձեւութեան հաւաքածոն, ի լրումն «KKW BEAUTY» եւ «KKW Fregrance» հաւաքածոներու, որոնք հրապարակ դրուած են 2017-ին:
«WCIT» ՏԱ համաշխարհային համաժողովը Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային դաշինքի (ՏՏԾՀԴ) ամենանշանաւոր համաժողովն է: Դաշինքը 83 երկիրներու տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու (ՏՀԱ) միութիւններէ բաղկացած ընկերակցութիւն է, որ կը ներկայացնէ ոլորտի 90 տոկոսը: Այս տարի «WCIT» ՏԱ համաշխարհային համաժողովի թեման է` «Ապակեդրոնացման ուժը. ակնկալիք եւ վտանգ»: Համաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուի, թէ ինչպէս տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւնները թէ՛ դրական, թէ՛ բացասական առումներով կը վերափոխեն մեր կեանքը, ինչ ազդեցութիւն կ՚ունենան շահոյթի եւ բարեկեցութեան, ապահովութեան եւ անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդասիրութեան վրայ:
Երեւանեան համաժողովին կը սպասուի աւելի քան 2000 մասնակից` 70 երկրէ: WCIT 2019-ի բանախօսներու եւ օրակարգի մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ www.wcit2019.org: ■

Նոր Յառաջ

Փարիզ