ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկարատեւ հիւանդութեան դէմ պայքարելէ ետք, 1 Սեպտեմբերին, Սանթա Մոնիքայի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, 74 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց սփիւռքահայ հռչակաւոր երգիչ Ատիս Հարմանտեան:
Ատիս (Աւետիս) Հարմանտեան, որ կը նկատուէր հայ ժողովրդային երգերու ռահվիրան, ծնած է 14 Յունուար 1945ին, Պէյրութի մէջ. նախնական ուսումը ստացած է Ռուբինեան վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կաթողիկէ ճեմարանը:
Ատիսը 1960էն սկսեալ մեկնաբանած է առաւել քան 400 երգեր: Իր երգած »Ծաղիկներ, Ծաղիկներ«, »Նունէ«, »Գարուն Գարուն Է«, »Այլ Աչեր« եւ բազմաթիւ այլ երգեր արժանացած են սփիւռքահայութեան գնահատանքին:
Ատիսը արժանացած է զանազան մրցանակներու եւ 2015ին հեղինակած էր »Ատիս. Երգի Ճամբով« հատորը, որուն մէջ ան մանրամասնօրէն գրի առած է իր կեանքին պատմութիւնը՝ հաճելի դրուագներով ու անցուդարձերով, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ կատարուած համերգներու նկարագրականներով:
Յիշեցնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2005ին, »Ս. Մեսրոպ Մաշտոց« շքանշանով պատուած էր Ատիս Հարմանտեանը, հայ երգի տարածման եւ ժողովրդականացման մէջ անոր բերած ներդրումին համար:
Ատիս Հարմանտեան պարգեւատրուած է նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» շքանշանով։
2012ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւս Օրհնութեան ու գնահատանքի գիր մը շնորհեց Ատիսին, դրուատելով հայկական երգարուեստի մարզին մէջ երգիչին առաւել քան կէս դարու վաստակը:
Ատիսի մահուան տխուր առիթով, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը հետեւեալ հաղորգարութիւնը հրապարակեց. ««Որքա՜ն լաւ օրերս գնացին». այսպէս ան կ՛երգէր «Սայլորդ»ը, առանց իմանալու, թէ իր կեանքի լաւ ու վատ օրերը այսքան արագ պիտի հեռանային իրմէ: 1 Սեպտեմբերին իր աչքերը յաւիտեան փակեց Ատիս Հարմանտեան՝ սփիւռքահայ հանրածանօթ էսդրատային երգիչը, խոր կսկիծի մէջ ձգելով լիբանանահայ գաղութը: Սակայն հակառակ անոր, ան պիտի շարունակէ ապրիլ հայութեան հետ, որովհետեւ իր դիւթիչ ձայնով հմայած է հայ պատանին, իր երգով երիտասարդը կապած է հայ մշակոյթին, հոգեպարար երգերուն բառերով տարեցին յուշերը վառ պահած է ու այսպիսով դարձած անմահ:
Աւելի քան կէս դար, Ատիս Հարմանտեան սատար հանդիսացած է հայկական մշակոյթի պահպանման ու տարածման՝ այլասերումի եւ օտարամոլութեան այս դարաշրջանին:
Ատիսը երգեց մեր սիրտին խօսող երգեր: Հայ մշակոյթի անխոնջ այս մեկնաբանը ապրումներով պարուրեց ունկնդիրները, հետեւաբար անոր ձայնն ու երգերը վառ պիտի մնան սփիւռքահայութեան մշակութային կեանքին մէջ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, էսդրատային երգերու անզուգական մեկնաբան Ատիս Հարմանտեան: