Պրիւքսէլ, 26 Օգոստոս 2019 - Օգոստոս 2018-ին դէպի Արցախ տակարած իր առաջին այցելութենէն ետք, Եւրոխորհրդարանի գերմանացի անդամ Մարդին Սոննըպորնը անգամ մը եւս Արցախ կը գտնուի, այս անգամ առաջնորդելով 25 անդամէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ կը ներառէ շարք մը գերմանացի դասախօսներ, լրագրողներ եւ կուսակցական անդամներ: Պատուիրակութեան կ'ուղեկցին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեանը, գրասենեակի գործադիր տնօրէնուհի՝ Հեղինե Էվինյանը եւ ծրագիրներու պատասխանատու՝ Աշխեն Ֆիքովան:
Երկուշաբթի 26 օգոստոսին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլյանը ընդունեց պատուիրակութեան անդամները: Հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նաեւ Արցախի խորհրդարանի «Եւրոպայի հետ բարեկամութեան խումբի» անդամներուն հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին կողմերը ընդգծեցին նման այցելութիւններու կարեւորութիւնը` որպէս Ազրպէյճանի կողմէն Արցախի ժողովուրդի դէմ պարտադրուած ընկերային մեկուսացման դէմ պայքարի միջոց: Մասնակիցները շեշտեցին բանակցային գործընթացին՝ Արցախեան իշխանութիւններու վճռական անհրաժեշտութիւն ունեցող ապագայ մասնակցութիւնը՝ հակամարտութեան խաղաղ եւ կայուն կարգաւորման հասնելու նպատակով:
Պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Արցախի մէջ գործող HALO Trust ականազերծման միջազգային կազմակերպութիւնը: Այնուհետեւ պատուիրակութեան մաս կազմող երկու անդամներ հանդէս եկան հանրային դասախօսութեամբ մը ուր հիւրերն ու Ստեփանակերտի քաղաքացիները հնարաւորութիւն ունեցան միտքեր փոխանակելու:
Մեկնաբանելով այցելութիւնը, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան նշեց. «Անցեալ տարուայ մեր նախաձեռնած Մարդին Սոննըպորնի առաջին այցելութեան ընթացքին, ան խոստացաւ շատ աւելի մեծ խումբով վերադառնալ Արցախ, որպեսզի անմիջական կապ հաստատէ տեղւոյն բնակչութեան հետ, եւ ահա այստեղ կը գտնուինք 25 գերմանացի մատաւորականներու հետ: Մենք չափազանց ուրախ ենք մասնակցելու Սոննըպորնի ձեռնարկած այս այցելութեան, որ պիտի օգնէ զգալիօրէն ամրապնդել երկու ժողովուրդներու միջեւ արդէն գոյութիւն ունեցող կապերը եւ ստեղծել նոր կամուրջներ»:
Կարապետեան շարունակեց ըսելով. «Այս այցելութիւնը նաեւ կը հանդիսանայ իբր յստակ ուղերձ աշխարհին, որ Ազրպէյճանի վառած հակահայ քաղաքականութիւնը՝ Արցախի մեկուսացման փորձերը եւ Արցախ այցելողներուն դէմ սպառնալիքները ձախողած քաղաքականութիւն է: Այժմ ժամանակն է, որ միջազգային քաղաքական գործիչներ եւ հատկապես ԵՄ պաշտօնական ներկայացուցիչները հետեւին Սոննըպորնի օրինակին եւ այցելէն Արցախ, հանդիպին եւ լսեն ժողովուրդին եւ մասնակցին անոնց հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին»:
Յառաջիկայ օրերուն պատուիրակութեան անդամները կը հանդիպին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար՝ Մասիս Մայիլյանի հետ եւ կ՛այցելէն Արցախի օդակայան:
Շաբաթ 24 Օգոստոսին, Արցախ ժամանելէ առաջ, գերմանական պատուիրակութիւնը Ծիծեռնակաբերդի մէջ հարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Սոննըպորնի առաջնորդած պատուիրակութիւնը պիտի հանդիպի նաեւ Հայաստանի Հարնապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյանին հետ:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակ