Օգոստոս 3, 2019-ին, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի հրաւէրով, Ալպերթայէն, Գանատայի բնիկ ազգաբնակչութենէ ընտանիք մը այցելեց Թեմիս Առաջնորդարանը:
Սրբազան Հօր միանալով՝ Լաւալի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Կոմիտաս քահանայ Միրզախանեանը, Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Դաւիթ քահանայ Մարգարեանն ու Առաջնորդարանի դիւանապետ Տիար Լեւոն Իսախանեանը, ջերմ ընդունեցին հիւրերուն ու անոնց ներկայացուցին Թեմի պատմութիւնն ու ընթացիկ գործունէութիւնը:
Ներկայացմանը յաջորդեց աւանդական նախաճաշի մը հիւրասիրութիւնը:
Հիւրերը իրենց ընտանիքի պատմութեան մասին յայտնեցին ու պատմեցին թէ ինչպէս դար մը առաջ, Հայոց Ցեղասպանութենէն, Զորթեան ընտանիքի միակ վերապրողը հասաւ Հիւսիսային Ամերիկա եւ թէ ինչպէս Զորթեաններու արիւնը միաձուլուեցաւ լեռները ապրող Քրի բնիկ ժողովուրդի հետ:
Զորթեան ընտանիքի անդամներուն մէկ մասը Գալիֆորնիա կ'ապրին, իսկ միւս մասը Ալպերթայի ժայռոտ լեռներու Քրի ազգաբնակիչութենէն մաս կը կազմեն, կը պահպանեն ժառանգութիւնը եւ կը պատուին ոչնչացումը յաղթահարաց այս ժողովուրդներուն գոյատեւութիւնը եւ մշակոյթը:
Զորթեան ընտանիքը իրենց հերթին Սրբազան Հօր Ալպերթա հրաւիրեցին: