Սփիւռքի Հետազօտութեան Ծրագիրը հրապարակած է մամլոյ հաղորդագրութիւն մը յայտնելով, որ Պուէնոս Այրէսի և Մոնթրէալի մէջ կազմուած են խորհրդակցական երկու յանձնաժողովներ ծրագրի իրականացման համար: Նշեալ քաղաքները մաս կը կազմեն ընդհանուր չորս քաղաքներու ուր ծրագիրը պիտի գործադրուի այս տարուայ Օգոստոսէն Հոկտեմբեր եռամսեայ ժամանակաշրջանին:
Ծրագրի տնօրէն Հրաչ Չիլինկիրեան, որ Յունիս և Յուլիս ամիսներուն այցելեց զոյգ քաղաքները, այս առիթով վստահեցուց որ կապ ստեղծուած է մասնագէտներու և հետազօտողներու, ինչպէս նաև համայնքային կազմակերպութիւններու հետ ապահովելու համար ամենալայն թիւով մասնակցութիւն հարցախոյզին:
Արժանթինի մէջ խոհրդակցական խումբի ղեկավար նշանակուած է Խաչիկ Տէր Ղուկասեան և աւագ խորհրդական՝ Նելիտա Պուլղուրճեան: Խումբին մաս կը կազմեն՝ Խուան Փապլօ Արթինեան, Ֆլորենսիա Տեմիրճեան, Ալեքս Հաճեան, Լուսիանա Մինասեան, Լէօ Մումճեան, Մարթին Մոնթենեկրօ Ապազեան, Խուան Գարլոս Թախթաճեան, Նիքոլաս Սապունճեան և Խուան Մանուէլ Փերալթա Սաֆարեան: Ալեքսիս Փափազեան և Լուսիլա Թոսունեան պատասխանատուներն են հետազօտութեան երկու բաժիններու՝ հանրային ընդհանուր հարցախոյզի և անհատական հարցազրոյցներու շարքի վարչական և գործնական աշխատանքներուն իրականացման:
«Ուրախ ենք որ Գալուստ Կիւլպէտնկեանի ֆինանսաւորումով անցեալ տարի ընթացք առած այս Ծրագիրը իր գործադրման այս երկրորդ հանգրուանին նկատի առած է մեր համայնքը: Մեզի համար այս ե՛ւ կարևոր մարտահրաւէր է, ե՛ւ Սփիւռքի զարգացման ընթացքին հետ քայլ պահել, բայց խորհրդակցական խումբին անդամներու մասնագիտութիւնը և, մասնաւորաբար, համայնքային հաստատութիւններու յանձնառութիւնը կարևոր գրաւականներ են Ծրագիրը յաջողութեամբ առաջ տանելու,» ըսաւ խումբի ղեկավար Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ԱՐՄԵՆԻԱյին:
Արդէն պատրաստուած է Ծրագրի գործադրութեան նախագիծ մը որ խորհրդակցական խումբի յաջորդ հանդիպման պիտի քննարկուի և վաւերացուի: Նկատի առնուած է նաև խումբի լրացումը նոր անդամներով: Ծրագիրը առաջ պիտի տարուի ամբողջ Արժանթինի տարածքին, ներառեալ՝ Գորտոպա, Ռոսարիօ, Լա Փլաթա ուր կան կազմակերպուած հայ համայնքներ, բայց նաև հեռաւոր այլ նահանգներ ինչպէս Ռիօ Նեկրօ, Նէուքէն, Մենտոսա և Թիերրա Տէլ Ֆուէկօ ուր նաև կայ աւելի ստուար թիւով հայկական ներկայութիւն: Խաչիկ Տէր Ղուկասեան կարևորեց նաև համայնքային հաստատութիւններու խմբաւորումը՝ IARA և անոր ծիրին մէջ հաստատութիւններու համագործակցութեան կազմակերպումը, որ համընդհանուր շահագրգռութիւն ներկայացնող ծրագիրներու յաջողութեան մեծ երաշխիք է:
orer.eu